Որոնել

2026.08.25 La Croce sul Monte Amiata

Ամիաթայի Խաչը վերստին կը փայլի. Լեւոն ԺԴ.-ի պատգամը

Սրբազան Պապը Խաչին լոյսին կը վստահի այժմէական պատգամ մը. Ամիաթայի գագաթին փայլող այդ լոյսը թող շողայ նաեւ զայն հիացումով դիտողներու սրտերուն մէջ՝ դառնալով խաղաղութեան, միութեան եւ յոյսի նշան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը հոգեպէս միացած է Մոնթէփուլչանօ-Քիուզի-Փիենցայի թեմական համայնքին՝ Ապպատիա Սան Սալվաթորէի տարածքին մէջ գտնուող Մոնթէ Ամիաթայի յուշարձան-խաչի վերակառուցման 80-ամեակին առթիւ։

22 մեթր բարձրութիւն ունեցող Խաչը հաստատուած էր 1910-ին՝ Լեւոն ԺԳ. Պապին փափաքով։ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին՝ 17 Յունիս 1944-ին, անիկա կործանեցաւ նահանջող գերմանական բանակին կողմէ։ Ապա վերակառուցուեցաւ տեղւոյն բնակիչներուն աջակցութեամբ եւ 24 Օգոստոս 1946-ին վերստին լուսաւորուեցաւ Պիոս ԺԲ. Պապին կողմէ՝ ձայնասփիւռի կապի միջոցաւ։

Կարդինալ Աուկոսթօ Փաոլօ Լոյուտիչէին ղրկուած եւ Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինի ստորագրած հեռագիրին մէջ, Լեւոն ԺԴ. ընդգծած է Խաչին արժէքը՝ իբրեւ փրկութեան եւ յոյսի խորհրդանիշ։

Յուշարձանը, ըստ Սրբազան Պապին, հրաւէր մըն է «դէպի վեր նայելու» եւ միասնաբար քալելու բարութեան, համերաշխութեան ու խաղաղութեան ճամբաներէն։

26 Օգոստոսի հանդիսութիւններուն ընթացքին, Խաչը արեւամուտին դարձեալ պիտի լուսաւորուի՝ վերապրեցնելով ութսուն տարի առաջ Պիոս ԺԲ.-ի կատարած քայլը։

Սրբազան Պապը Խաչին լոյսին կը վստահի այժմէական պատգամ մը. Ամիաթայի գագաթին փայլող այդ լոյսը թող շողայ նաեւ զայն հիացումով դիտողներու սրտերուն մէջ՝ դառնալով խաղաղութեան, միութեան եւ յոյսի նշան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

25/08/2026, 17:03