Որոնել

Օսդավայի մէջ երիտասարդական հաւաքը Օսդավայի մէջ երիտասարդական հաւաքը 

«Վկայեցէ՛ք Քրիստոսի սէրը ընտանիքին եւ ընկերութեան մէջ». Սրբազան Պապը չեխ երիտասարդներուն

Լեւոն ԺԴ. Պապի պատգամը՝ ստորագրուած Պետական Քարտուղարին կողմէ, Օգոստոս 11-էն 16-ը Չեխիոյ Հանրապետութեան Օսթրավա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Երիտասարդութեան Ովկիանոսային/Ազգային Հաւաքի մասնակիցներուն․ «Վստահութեամբ դիմեցէ՛ք ՅիսուսիՆ, որ յաղթեց աշխարհին»
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական բաժանմունք

«Ջերմեռանդութեամբ ընդունիլ Քրիստոսի կենդանի ներկայութիւնը եւ Իր խօսքին լոյսը՝ որպէսզի Իր սիրոյ վկաները դառնաք ընտանիքին, ընկերութեան եւ կեանքի, աշխատանքի ու ուսման տարբեր միջավայրերուն մէջ»։ Ասիկա այն հրաւէրն է, որ Պապը կ'ուղղէ Երիտասարդութեան Ազգային Հաւաքի մասնակիցներուն, որ սկիզբ առաւ երէկ՝ Օգոստոս 11-ին, Չեխիոյ Հանրապետութեան Օսթրավա քաղաքին մէջ եւ պիտի տեւէ մինչեւ Կիրակի՝ Օգոստոս 16: Հաւաքին կը մասնակցին 14-էն 26 տարեկան աւելի քան երեք հազար երիտասարդներ ու աղջիկներ:

Աղօթքներ եւ քաջալերանքներ

Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինի ստորագրած պատգամին մէջ, որ ուղղուած է Չեխիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի նախագահ՝ Գերապ. Եոզեֆ Նուզիքին, Պապը իր «սիրալիր ողջոյնը» կը յղէ բոլոր մասնակիցներուն եւ «զիրենք կը քաջալերէ վստահութեամբ դիմելու Տէր Յիսուսի, որ յաղթեց աշխարհին»։

«Փրկիչը, – կը կարդանք բնագիրին մէջ, – կը շարունակէ առաջնորդել իր բոլոր աշակերտներուն ճանապարհը՝ անոնց սրտերուն մէջ պարգեւելով յոյս, ուրախութիւն եւ խաղաղութիւն»։ Ասկէ կը բխի երիտասարդներուն ուղղուած հրաւէրը՝ ըլլալու Աստուծոյ սիրոյ վկաները կեանքի եւ ընկերութեան որեւէ ոլորտի մէջ: Բոլորին, Լեւոն Պապը կը հասւաստիացնէ  «աղօթքի մէջ հայրական հոգածութիւն» եւ կը յղէ իր առաքելական օրհնութիւնը՝ մաղթելով «ձեռնարկի յաջող ընթացք, որ առիթ մըն է Տիրոջմով նոր եւ ճշմարիտ բարեկամութիւններու ծնունդին»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

12/08/2026, 13:00