Որոնել

Լեւոն ԺԴ.  Պապե Ճենացանոյի «Բարի Խորհուրդի Մայր» սրբավայրին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապե Ճենացանոյի «Բարի Խորհուրդի Մայր» սրբավայրին մէջ  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Սեպտեմբեր 7-ին՝ Ճենացանոյի «Բարի Խորհուրդի Մայր» սրբավայրին մէջ

Քահանայապետը Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցէ Սուրբ Կոյս Մարիամի Ծննդեան տօնին նախօրեակին։ Այն վայրին մէջ, ուր իր ընտրութենէն երկու օր ետք մասնաւոր այցելութեամբ գացած էր՝ Աստուածամօր յանձնարարելու իր քահանայապետական ծառայութիւնը, պիտի բացուի նաեւ իր դիմանկարը ներկայացնող նկարը՝ նախորդ Քահանայապետներուն օրինակով, որոնք պատկերի առջեւ աղօթած էին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Սեպտեմբեր 7-ին պիտի վերադառնայ Ճենացանօ՝ Հռոմէն շուրջ 40 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող փոքրիկ քաղաքը, ուր կը գտնուի «Բարի Խորհուրդի Մայր» Աստուածամօր Պազիլիք-Սրբավայրը։

Պատմականօրէն հռոմէական կայսրութեան եւ միջնադարուն հանգստավայր եղած Ճենացանօն յետագային դարձած էր Քոլոննա ընտանիքի կալուածին մաս։ Սրբավայրը, որ սկզբնապէս Սուրբ Կոյս Մարիամին նուիրուած փոքրիկ եկեղեցի մըն էր, 14-րդ դարուն յանձնուած է Սուրբ Օգոստինոսի կրօնաւորներուն։

Քահանայապետը սրբավայրին մէջ իր առաջին մասնաւոր այցելութիւնը կատարած էր 10 Մայիս 2025-ին՝ Քահանայապետ ընտրուելէն երկու օր ետք։ Այժմ ան պիտի վերադառնայ այնտեղ՝ Սեպտեմբեր 7-ին, ժամը 18։00-ին, Սուրբ Պատարագ մատուցելու համար Սուրբ Կոյս Մարիամի Ծննդեան տօնին նախօրեակին։

Լեւոն ԺԴ.ի առաջին այցելութիւնը իբրեւ Քահանայապետ

2025-ի Մայիս 10-ի այցելութեան ընթացքին Լեւոն ԺԴ. Օգոստինեան միաբանութեան իր եղբայրակիցներուն եւ սրբավայրին առջեւ հաւաքուած հաւատացեալներուն ըսած էր, թէ շատ փափաքած էր իր նոր ծառայութեան առաջին օրերուն գալ այս վայրը՝ շարունակելու համար Եկեղեցիին կողմէ իրեն վստահուած առաքելութիւնը՝ որպէս Պետրոսի Յաջորդ։

Սրբավայրի այցելուներու մատեանին մէջ Քահանայապետը գրած էր, թէ ինք զգացած էր «պարտաւորութիւն եւ խոր փափաք»՝ այցելելու «Բարի Խորհուրդի Տիրամօր սրբավայրը»։

Ան նաեւ վկայած էր, որ Աստուածամայրը իր ամբողջ կեանքի ընթացքին իրեն ուղեկցած էր իր մայրական ներկայութեամբ, իմաստութեամբ եւ Որդիին հանդէպ սիրոյ օրինակով։ «Ճամբայ, ճշմարտութիւն եւ կեանք։ Շնորհակալ եմ, Մա՛յր, քու օգնութեանդ համար. ուղեկցէ՛ զիս այս նոր առաքելութեան մէջ», գրած էր Լեւոն ԺԴ.։

Յատկանշական է, որ Լեւոն ԺԴ. Սուրբ Օգոստինոսի միաբանութեան անդամ դարձած էր Չիքակոյի Օգոստինեան նահանգին մէջ, որ նոյնպէս նուիրուած է Բարի Խորհուրդի Մօր։

Քահանայապետին կապը Բարի Խորհուրդի Մօր հետ

2025-ի Մայիս 10-ի այցելութիւնը Լեւոն ԺԴ.ի՝ իբրեւ Քահանայապետ, առաջին անակնկալ հրապարակային ելքն էր։ Սակայն Ռոպերթ Փրեւոսթ, իբրեւ Օգոստինեան կրօնաւոր, տասնամեակներ շարունակ այցելած էր Բարի Խորհուրդի Մօր սրբավայրը։

Ան առաջին անգամ այնտեղ գացած էր երիտասարդ ուսանող եղած տարիներուն՝ 1980-ականներու սկիզբը, երբ Հռոմի մէջ կը սորվէր։ Յետագային բազմիցս այցելած էր սրբավայրը՝ իբրեւ Օգոստինեան միաբանութեան ընդհանուր առաջնորդ, ապա՝ Չիքլայոյի եպիսկոպոս եւ կարդինալ։

Մինչեւ Քահանայապետ ընտրուիլը անոր վերջին այցելութիւնը տեղի ունեցած էր 25 Ապրիլ 2024-ին՝ Բարի Խորհուրդի Մօր տօնին առիթով։ Իր քարոզին մէջ Ան հաւատացեալները հրաւիրած էր Մարիամէն ներշնչուելու՝ աշխարհին մէջ խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն տարածելու համար։

Նոյնպէս, Քահանայապետ ընտրուելու օրը՝ 8 Մայիս 2025-ին, Լեւոն ԺԴ., Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքիի կեդրոնական պատշգամէն առաջին անգամ ժողովուրդին ներկայանալէն առաջ, Առաքելական Պալատի Պօղոսեան մատրան մէջ աղօթքի պահուն գտնուած էր Բարի Խորհուրդի Մօր պատկերին դիմաց, որ զետեղուած էր խորանին աջ կողմը։

Սրբավայրին պատմութիւնը

Բարի Խորհուրդի Մօր Սրբավայրը կը գտնուի այն վայրին մէջ, ուր դեռ 13-րդ դարուն գոյութիւն ունէր Սուրբ Մարիամի փոքրիկ եկեղեցին։ Այդ ժամանակ Օգոստինեան կրօնաւորները կը բնակէին քաղաքի պարիսպներէն դուրս գտնուող փոքրիկ վանքի մը մէջ։

1356-ին, Քոլոննա ընտանիքը, որ Ճենացանոյի տէրն էր, եկեղեցւոյ հովուական խնամքը յանձնեց Օգոստինեան կրօնաւորներուն։ 15-րդ դարու սկիզբը որոշուեցաւ վերակառուցել եւ ընդարձակել եկեղեցին ու անոր կից վանքը։

Այս աշխատանքներուն իր ունեցած ամբողջ ստացուածքը տրամադրեց Փեթրուչիա անունով այրի մը՝ Օգոստինեան երրորդ կարգի անդամ։ Թէեւ ոմանք զինք կը ծաղրէին՝ շինարարութիւնը աւարտելու համար բաւարար միջոցներ չունենալուն պատճառով, ան հաստատ կը պնդէր, թէ աշխատանքը պիտի ամբողջացնեն Սուրբ Կոյս Մարիամն ու Սուրբ Օգոստինոսը։

1467-ի Ապրիլ 25-ին, հրաշալիօրէն, կիսակառոյց եկեղեցւոյ մը պատին վրայ յայտնուեցաւ Սուրբ Կոյս Մարիամի պատկերը։ Երկու ալպանացի ուխտաւորներ զայն ճանչցան իբրեւ Շքոտրայի մէջ, Ալպանիա, պաշտուած Աստուածամօր պատկերը, որ, ըստ աւանդութեան, անհետացած էր իր նախկին պաշտամունքի վայրէն։

Դէպքը մեծ զարմանք պատճառեց եւ հազարաւոր հաւատացեալներ ուխտի եկան Ճենացանօ։ Յաջորդող տարիներուն արձանագրուեցան զանազան հրաշքներ եւ շնորքհներ։ Հաւատացեալներու նուիրատուութիւններուն շնորհիւ կարելի եղաւ ամբողջացնել եկեղեցւոյ եւ Օգոստինեան վանքին շինարարական աշխատանքները։

Լեւոն ԺԴ.էն առաջ դարերու ընթացքին սրբավայրը այցելած են նաեւ Քահանայապետներ Ուրպանոս Ը., Պիոս Թ., Յովհաննէս ԻԳ. եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Անոնց պատկերները ներկայացուած են սրբավայրի փոքրիկ մատրան պատերուն վրայ։

Սեպտեմբեր 7-ի այցելութեան առիթով այդ շարքին պիտի աւելնայ նաեւ Լեւոն ԺԴ.ի պատկերը ներկայացնող նոր նկարը, որ Քահանայապետը պիտի ներկայացնէ Բարի Խորհուրդի Մօր պատկերին առջեւ աղօթքի պահուն՝ իր նախորդներուն օրինակով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

08/08/2026, 11:38