Որոնել

Անցեալ տարուայ պատարագէն պատկեր մը Անցեալ տարուայ պատարագէն պատկեր մը  (@Vatican Media)

Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ Լեւոն ԺԴ. Պատարագ կը մատուցէ Արարչագործութեան Պահպանութեան համար

Արարչագործութեան Խնամքի Աղօթքի Համաշխարհային Օրուան եւ Արարչագործութեան Ժամանակաշրջանի բացման առթիւ, Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական Պարտէզներուն մէջ, Լեւոն ԺԴ. Յառաջիկայ Սեպտեմբեր 1-ին, պիտի նախագահէ Պատարագը:

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Յառաջիկայ Սեպտեմբեր 1-ին, երեկոյեան ժամը 18:30-ին, Արարչագործութեան Խնամքի Աղօթքի Համաշխարհային Օրուան առթիւ, Լեւոն ԺԴ. Պապը Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցէ Արարչագործութեան Պահպանութեան համար՝ Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական Պարտէզներու «Borgo Laudato si’»-ի Աստուածամօր Պարտէզին մէջ:

Արարողութիւնը, որ կը կազմակերպուի Մարդկային Համապարփակ Զարգացման Ծառայութեան Քահանայապետական Գրասենեակին եւ «Laudato si’» Բարձրագոյն Ուսման Կեդրոնին կողմէ, պաշտօնապէս պիտի բանայ Արարչագործութեան Ժամանակաշրջանը՝ աղօթքի եւ յանձնառութեան միջ-եկեղեցական ընթացքը, որ պիտի աւարտի Հոկտեմբեր 4-ին՝ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի տօնին օրը:

Արարողութեան կեդրոնը պիտի ըլլայ Հասարակաց Տան խնամքին, մարդկային արժանապատուութեան եւ խաղաղութեան շուրջ մտածումը: Ինչպէս շեշտեցին Կարդինալ Մայքլ Չերնին եւ Կարդինալ Ֆապիօ Պանճիօն, Արարչագործութիւնը պահպանելը կը նշանակէ նաեւ խնամք տանիլ կեանքին, ամենէն տկար մարդոց եւ ապագայ սերունդներուն:

Պատարագին համար պիտի գործածուի «Արարչագործութեան Պահպանութեան Պատարագի» ծէսը, որ արդիւնք է Սուրբ Աթոռի տարբեր Քահանայապետական Գրասենեակներու համագործակցութեան:

Արարողութեան պիտի մասնակցին նաեւ Գրասենեակի պաշտօնեաներն ու աշխատակիցները, ինչպէս նաեւ «Borgo Laudato si’»-ի աջակիցներն ու գործակիցները:

Այս հանդիպումը հրաւէր մըն է աղօթքը վերածելու գործնական յանձնառութեան՝ Արարչագործութեան պաշտպանութեան եւ ի նպաստ խաղաղութեան, զօրակցութեան ու իւրաքանչիւր անձի արժանապատուութեան վրայ հիմնուած ընկերութեան մը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

25/08/2026, 13:45