Լեւոն ԺԴ.-ի ընդունեց  «Մարսոտէթօ» (Թոլէտօ) Դաշնութեան անդամները Լեւոն ԺԴ.-ի ընդունեց «Մարսոտէթօ» (Թոլէտօ) Դաշնութեան անդամները  (@VATICAN MEDIA)

Լեւոն ԺԴ.-ի ճառը “Federación Marsodeto” Դաշնութեան անդամներուն

«Մարսոտէթօ» ֆետերասիոնը Սպանիոյ Թոլետօ գաւառի Մտաւոր հաշմանդամութիւն եւ ուղեղային կաթուած ունեցող անձանց աջակցող կազմակերպութիւններու գաւառային համադաշնութիւն է։ Անիկա ոչ-առեւտրային կազմակերպութիւն մըն է, որ կ՛աշխատի 1980 թուականէն ի վեր՝ բարելաւելու մտաւոր հաշմանդամութիւն, ուղեղային կաթուած ունեցող անձանց եւ անոնց ընտանիքներուն կեանքի որակը, ինչպէս նաեւ պաշտպանելու անոնց իրաւունքները։ Ներկայիս անիկա կը համախմբէ Թոլետօ գաւառի 18 կազմակերպութիւններ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի` 24 Օգոստոս 2026-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Պապը Առաքելական Պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Սպանական Թոլէտօ քաղաքի «Մարսոտէթօ» Դաշնութեան անդամներուն որոնք ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած են Գոհութիւն յայտնելու Աստուծոյ հաստատութեան քառասուն հինգ տարուայ պտղաբեր գործունէութեան համար։

«Մարսոտէթօ» ֆետերասիոնի առաքելութիւնը

Նշենք որ «Մարսոտէթօ» ֆետերասիոնը Սպանիոյ Թոլետօ գաւառի Մտաւոր հաշմանդամութիւն եւ ուղեղային կաթուած ունեցող անձանց աջակցող կազմակերպութիւններու գաւառային համադաշնութիւն է։ Անիկա ոչ-առեւտրային կազմակերպութիւն մըն է, որ կ՛աշխատի 1980 թուականէն ի վեր՝ բարելաւելու մտաւոր հաշմանդամութիւն, ուղեղային կաթուած ունեցող անձանց եւ անոնց ընտանիքներուն կեանքի որակը, ինչպէս նաեւ պաշտպանելու անոնց իրաւունքները։ Ներկայիս անիկա կը համախմբէ Թոլետօ գաւառի 18 կազմակերպութիւններ։

Ծանր եւ Թաքուն աշխատանք

«Կը միանամ այս յատուկ տօնակատարութեան եւ Տիրոջմէ կը խնդրեմ, որ շարունակէ օրհնել ձեր կատարած աշխատանքը» ըսաւ այս առիթով ներկաներուն ուղղած իր ճառին սկիզբը Լեւոն ԺԴ.ը «ծանր» եւ «թաքուն» նկատելով անոնց յանձնառութիւնը, որուն ընդմէջէն անոնք կը վկայեն այն ինչ որ կը լսենք Աւետարանին մէջ «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. Ամէն անգամ որ այս մէկը ըրիք այս իմ պզտիկ եղբայրներէս մէկուն, ինծի՛ ըրիք» (Մատթ. 25,40).

Զօրակցութիւն, մարդկային արժանապատուութիւն եւ ներառում

Լեւոն ԺԴ. ընդգծեց, որ Քրիստոսի հայեացքը ճանչնալը եւ զայն տեսնելը ամենէն խոցելի մարդոց կեանքին մէջ կը նպաստէ հասարակութեան մարդկային եւ քրիստոնէական հասունութեան։ Այս առումով ան առանձնացուց «Մարսոտէթօ» Դաշնութեան գործունէութիւնը առաջնորդող երեք հիմնական արժէքները՝ զօրակցութիւնը, մարդկային արժանապատուութիւնը եւ ներառումը։

Պապը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց աջակցութիւնը կը բերեն այս առաքելութեան, եւ յիշեց Հայր Մարսելինօ Քազաս Փուէնթէն, որ աւելի քան չորս տասնամեակ առաջ նախաձեռնեց այս ծրագիրը՝ նպատակ ունենալով, որ հաշմանդամութիւն ունեցող անձ մը ունեցող որեւէ ընտանիք առանց անհրաժեշտ աջակցութեան չմնար։

Քրիստոսին սէրը  մեր հաւատքին ապացոյցը

«Այսօր այս Դաշնակցութիւնը կրնայ հպարտ անուանել ինքզինք՝ բազմաթիւ անձերու հասնելուն համար, իրականութիւն դարձնելով այն՝ ինչ որ առիթ ունեցայ յիշեցնելու Սպանիա կատարած իմ վերջին այցելութեանս ընթացքին. «Քրիստոսի սէրը զմեզ կը մղէ դէպի եղբայրները (հմմտ. Բ Կորնթ. 5,14), եւ այն սէրն ու հոգածութիւնը, որոնցմով կը պատասխանենք Անոր մղումներուն, մեր հաւատքին ապացոյցն են» («CEDIA 24 horas» ընկերային ծրագրի կազմակերպիչներուն եւ խնամարկեալներուն այցելութիւն, 6 Յունիս 2026), ըսաւ ապա Լեւոն Պապը եւ ճառը աւարտեց բոլոր ներկաները յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին, որպէսզի անոնց թիկունք կանգնի յատկապէս դժուար պահերուն եւ օգնէ որ իրենց հայեացքը միշտ ուղղեն Տիրոջ, որպէսզի` յարեց Ան, «ձեր Դաշնութիւնը շարունակէ ըլլալ եկեղեցական եւ ընկերային իրական յղման գործ մը»։

«Աստուած օրհնէ ձեզ». Եղան Քահանայապետին եզրափակիչ խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

24/08/2026, 12:34