Որոնել

Ասսիզի. Լեւոն ԺԴ․ երիտասարդներուն՝ «Ընտրեցէ՛ք խաղաղութիւնը, ունեցէ՛ք «առ յաւէտ»-ի քաջութիւնը եւ սիրեցէ՛ք Եկեղեցին»

Երիտասարդներուն հետ իր երկխօսութեան ընթացքին, Լեւոն ԺԴ․ յստակ պատգամ մը թողուց անոնց.․ Աւետարանը հարազատութեամբ ապրիլ կը նշանակէ կերտել խաղաղութիւնը, ունենալ վերջնական ընտրութիւններու քաջութիւնը եւ սիրել Եկեղեցին՝ ամէն օր նպաստելով անոր վերանորոգման խոնարհութեամբ, յոյսով եւ Տիրոջ հանդէպ վստահութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 6 օգոստոսին Լեւոն ԺԴ. Պապը հովուական այցելութիւն կատարեց Ասսիզի եւ յատկապէս Ասսիզիի «Սանթա Մարիա տելյի Անճելի» պազիլիքա, ուր անցեալ երկուշաբթի օրուընէ ի վեր տեղի կ՛ունենայ «GO! Franciscan Youth Meeting» Ֆրանչիսկեան Հոգեւորութեան երիտասարդական հաւաքը որ կազմակերպուած է խաղաղութեան սուրբին մահուան 800 ամեակի ծիրէն ներս։

Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանէն մեկնեցաւ ինքնաթիռով` առաւօտեան ժամը ութին ուղղուելով Ասսիզիի «Santa Maria degli Angeli»-ի «Միկակելլի» մարզադաշտ, ուր ժամանեց կէս ժամ թռիչքէ մը ետք, եւ դիմաւորուեցաւ Ասսիզիի Եպիսկոպոս` Գերապ. Ֆելիչէ Աքքրոքքայի եւ տեղական քաղաքական ու քաղաքացիական անձնաւորութիւններու կողմէ։

Նորին Սրբութիւնը ապա անմիջապէս տեղափոխուեցաւ Santa Maria degli Angeli Պազիլիքա ուր դիմաւորուեցաւ Ֆրանչիսկեան Միաբանութիւններու երեք մեծաւորներու կողմէ` հուսկ Santa Maria degli Angeli հրապարակին վրայ հանդիպեցաւ Ֆրանչիսկեան Հոգեւորութեամբ մեծցած հազարաւոր երիտասարդներուն հետ, որոնք զինք դիմաւորեցին մեծ խանդավառութեամբ։

Հանդիպումի ընթացքին անոնցմէ երեքը ` Զակրէպէն Քարոլինան, Պոլոնիայէն Ճովաննին եւ Սիկիլիայէն Լուիճին, հարցումներ ուղղեցին Քահանայապետին որ յօժարակամ պատասխանեց հաւատքին, կոչումին եւ Եկեղեցւոյ պատկանելիութեան նուիրուած այդ հարցումներուն.

Աւետարանի ուրախութիւնը կը ծնի եղբայրութենէն եւ խաղաղութենէն

«Սրբազա՛ն Հայր, ի՞նչ խրատ կու տայիք մեզի՝ երիտասարդներուս, որ մեծցած ենք ֆրանչիսկեան հոգեւորականութեան մէջ, որպէսզի կարենանք մնալ Քրիստոսի վաւերական աշակերտներ եւ յոյս բերել մեր տարեկիցներուն՝ առանց կորսնցնելու Աւետարանի ուրախութիւնը, սրտի պարզութիւնն ու մարդոց այն մօտիկութիւնը, որ հաւատալի կը դարձնէ քրիստոնէական ամէն վկայութիւն» հարց տուաւ Քարոլինան որմէ մեկնելով Լեւոն Պապը հրաւիրեց ներկաները հաւատարիմ մնալու Սուրբ Ֆրանչիսկոսի ոճին, որ հիմնուած է պարզութեան, եղբայրութեան եւ մարդոց մօտիկութեան վրայ։

Քրիստոնեաներէն միշտ աւելիով պիտի պահանջուի ըլլալ խաղաղարարներ

Ան ապա ակնարկեց Պալքաններու պատմութեան ու յատկապէս ֆրանչիսկեան Միաբանութեան ներկայութեան, «որ դարեր շարունակ ներշնչած էր երկխօսութիւնը եւ նպաստած կաթողիկէներու, ուղղափառներու եւ մահմետականներու խաղաղ համակեցութեան» ըսաւ Լեւոն Պապը, դիտել տալով թէ այսօր «քրիստոնեաներէն միշտ աւելիով պիտի պահանջուի ըլլալ խաղաղարարներ այնպիսի ընկերութիւններու մէջ, որոնք փորձուած են կրօնքը շահագործել զայն ծառայեցնելով ինքնութիւններու հակադրման»։

Խթանել սիրոյ քաղաքակրթութիւնը՝ զօրութեան մշակոյթի փոխարէն

«Քրիստոսի վկայ ըլլալ կը նշանակէ յաղթահարել վախերն ու նախապաշարումները՝ խթանելով սիրոյ քաղաքակրթութիւնը՝ զօրութեան մշակոյթի փոխարէն» ըսաւ ապա ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով ներկաները Սուրբ Ֆրանչիսկոսէն սորվելու աւետարանական արմատականութիւնը որ հակառակ է մոլեռանդական հաւատքին, եւ կը բնորոշուի խոնարհութեամբ, հիւրընկալութեամբ եւ Յիսուսի հանդէպ հաւատարմութեամբ։ «Ասիկա պահանջկոտ ճանապարհ մըն է, բայց՝ լի է ուրախութեամբ» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Վերագտնել միասին ըլլալու, երկխօսութեան եւ աղօթքի արժէքը

Հուսկ վերյիշելով ութը հարիւր տարիներ առաջ ճիշտ այդ վայրերուն մէջ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի շուրջ կրօնաւոր եղբայրներու հին հաւաքներու պատկերը, Լեւոն ԺԴ. յորդորեց երիտասարդները վերագտնել միասին ըլլալու, երկխօսութեան եւ աղօթքի արժէքը։

«Փորձեցէ՛ք տեսնել զանոնք, ինչպէս կը պատմեն Աղբիւրները․ «խումբ առ խումբ, հոս քառասուն, հոն հարիւր, ուրիշ տեղ ութսուն հոգի միասին, բոլորն ալ զբաղած Աստուծոյ մասին խօսելով, աղօթքներով, արցունքներով, սիրոյ գործերով. եւ այնքան լռութեամբ ու այնքան պարկեշտութեամբ կը կենային, որ հոն ոեւէ աղմուկ չէր լսուեր» (հմմտ. Ֆրանչիսկեան Աղբիւրներ, 1848)։ Այդ լռութիւնը պատերազմի հակառակն է՝ իր բռնութիւններով, աղաղակներով ու դաժանութեամբ։ Այդ կրօնաւորներուն խսիրները, ինչպէս այսօր ձեր քնապարկերը, խաղաղութիւն կը պատմեն։ Ահա՛ Եկեղեցին․ եղբայրներու եւ քոյրերու հաւաքոյթ մը, որուն բոլորը հրաւիրուած են» բացատրեց Քահանայապետին ու հրաւիրեց երիտասարդները այդ ոճը վկայելու ամենուրէք, յատկապէս այնպիսի ժամանակի մը մէջ երբ արհեստագիտութիւնը մարդիկը կը հեռացնէ վաւերական յարաբերութիւններէն։

Սրբազան Պապը ի վերջոյ յիշեցուց, որ աւետարանական աղքատութիւնը, ապրուած իբրեւ բաժնեկցութեան եւ Աստուծոյ հանդէպ վստահութեան ընտրութիւն, ճանապարհ կը հարթէ ուրիշներու հետ հանդիպման եւ հաւատալի կը դարձնէ Աւետարանի պատգամը։

«Աստուծոյ ընդմիշտ «այո՛» ըսելը ամենայեղափոխական արարքն է»

«Մենք՝ երիտասարդներս, կ՛ապրինք ընկղմած աշխարհի մը մէջ, ուր կը տիրէ ժամանակաւորի մշակոյթը, եւ ուր մեզ կը վախցնեն վերջնական կեանքի ընտրութիւնները» ըսաւ ապա Ճովաննին եւ ակնարկելով Աստուծոյ կողմէ իւրաքանչիւրիս ուղղուած կոչումին հարց տուաւ թէ «Ինչպէ՞ս կարելի է ըսել լիարժէք, քաջարի «այո» մը»։

Վտանգն է ապրիլ պատրանքին մէջ, թէ իւրաքանչիւր ընտրութիւն կրնայ շարունակաբար վերանայուիլ

Լեւոն ԺԴ. Պապը նկատել տուաւ, թէ ինչպէս ժամանակակից ընկերութիւնը խորապէս դրոշմուած է «ժամանակաւորի մշակոյթով», որ դժուար կը դարձնէ տեւական յանձնառութիւններ ստանձնելը։ Թէեւ ժամանակին Եկեղեցին կը յիշեցնէր երկրային իրականութիւններու անցողիկութիւնը՝ հայեացքը դէպի յաւերժութիւն ուղղելու համար, այսօր վտանգը հակառակն է` այսինքն ապրիլ այն պատրանքին մէջ, թէ իւրաքանչիւր ընտրութիւն կրնայ շարունակաբար վերանայուիլ՝ սնուցանելով անապահովութիւնն ու վախը։

«Ընդմիշտ»ը ընտրելը չի նշանակեր հրաժարիլ ազատութենէն, այլ՝ բացուիլ աճի եւ սիրոյ ճանապարհի մը

Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ «ընդմիշտ»ը ընտրելը չի նշանակեր հրաժարիլ ազատութենէն, այլ՝ բացուիլ աճի եւ սիրոյ ճանապարհի մը։ Արդարեւ, իւրաքանչիւր կոչում Աստուծոյ հետ բաժնեկցուած ուղի մըն է, որ քայլ առ քայլ կ՛ընկերանայ մարդուն՝ անոր տալով իմաստ, ուղղութիւն եւ դժուարութիւններուն դիմակայելու ուժ։

Սրբազան Հայրը հրաւիրեց երիտասարդները ճանչնալու իրենք զիրենք, զատորոշելու եւ քաջութեամբ պատասխանելու Տիրոջ կանչին՝ առանց թոյլ տալու, որ հրաժարումներու վախը պապանձեցնէ զիրենք։

Ան յիշեցուց, որ առանց խոր յանձնառութիւններ ստանձնելու փորձառութիւններ բազմապատկելը կրնայ մեծ ներքին դատարկութիւն ձգել, մինչդեռ հաւատարմութիւնը կը բանայ կեանքի լիութիւնը։

Քահանայապետին փորձառութիւնը

Բաժնեկցելով իր անձնական փորձառութիւնը՝ Ան պատմեց, թէ միշտ զգացած է Տիրոջ ներկայութիւնը եւ այն անձերու աջակցութիւնը, որոնք ընկերացած են իրեն իր ուղիին վրայ՝ իբրեւ քահանայ, օգոստինեան կրօնաւոր, առաքեալ եւ, ի վերջոյ, պետրոսեան պաշտօնի կանչին մէջ։

«Իւրաքանչիւր կոչում կը ծնի հաղորդութեան հրաւէրէն եւ կը նորոգուի ամէն օր» հաստատեց Լեւոն Պապը դիտել տալով, որ մեղքը կ՛ապականէ յստակութիւնը հիմնական կապերուն մէջ ներմուծելով անվստահութիւն, մրցակցութիւն եւ կասկած։

«Մինչ Յիսուսին հրաւէրը, որ մեզ կը կանչէ Իրեն հետեւելու, կը լուսաւորէ մեր արժանապատուութիւնը եւ մեզի յարգել կու տայ ուրիշներունը՝ վստահութիւն զգալով եւ վստահութիւն տալով», ընդգծեց Քահանայապետը։

Եկեղեցին կը վերականգնուի սիրոյ եւ ծառայութեան միջոցաւ

Ան ի վերջոյ պատասխանեց Սիկիլիոյ Ֆրանչիսկեան Երիտասարդութեան անդամ Լուիճիի հարցումին` երիտասարդներուն եւ տկարութիւններով ու հակասութիւններով դրոշմուած Եկեղեցւոյ մը միջեւ յարաբերութեան մասին։

«Այսօր շատ մը երիտասարդներ կ՛ըսեն, թէ «կը հաւատան, բայց ոչ՝ Եկեղեցւոյ», եւ, սկսելով մեր համայնքներէն, երբեմն ականատես կ՛ըլլանք իր հակասութիւններով ու ներքին տագնապներով Եկեղեցւոյ մը։․ Ուրեմն ես ինծի հարց կու տամ, ինչպէ՞ս կրնանք մնալ Տիրոջ նորոգող Սիրոյ մէջ։ Ինչո՞ւ այսօր դժուար է Եկեղեցին տեսնել իբրեւ Մայր մը, որ, նոյնիսկ իր վէրքերով, միշտ պատրաստ է մեզ հիւրընկալելու եւ սիրելու» եղաւ Լուճիին ուղղած հարցումը, որուն պատասխանելով Սրբազան Հայրը ընդունեց, որ եկեղեցական վէրքերն ու հակասութիւնները կրնան շատերը հեռացնել հաւատքէն, բայց հրաւիրեց Եկեղեցիին նայելու Քրիստոսի աչքերով, որ զայն կ'ուզէ իբրեւ հաղորդութեան, ծառայութեան եւ եղբայրութեան վայր։

Եկեղեցւոյ ճշմարիտ ուժը ոչ թէ իշխանութեան , այլ ծառայութեան մէջ է՝ հետեւելով Քրիստոսի օրինակին

Ան յիշեցուց Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի օրինակը, որ ընտրեց հաւատարիմ մնալ Եկեղեցւոյ եւ Պապին՝ հակառակ իր ժամանակաշրջանի դժուարութիւններուն։ Սրբազան Պապը ընդգծեց, որ Յիսուսի փափաքն է ունենալ Եկեղեցի մը, որ ընդունակ է միաւորելու՝ քանդելով բաժանումները եւ բոլորը եղբայրներ ու քոյրեր դարձնելու։

Քահանայապետը հուսկ բացատրեց, որ Եկեղեցւոյ ճշմարիտ ուժը ոչ թէ իշխանութեան , այլ ծառայութեան մէջ է՝ հետեւելով Քրիստոսի օրինակին։

«Նորոգէ իմ տունս» հրաւէրը ուղղուած է իւրաքանչիւրիս

Վերյիշելով ապա Յիսուսին կողմէ Սուրբ Ֆրանչիսկոսին ուղղուած «նորոգէ՛ իմ տունս» հրաւէրը, Սրբազան Պապը յիշեցուց, որ իւրաքանչիւր մկրտուած կոչուած է նպաստելու Եկեղեցւոյ վերանորոգման՝ աղօթքի, խորհուրդներու, բարեսիրութեան եւ ծառայութեան միջոցաւ Եկեղեցին վերածելով հիւրընկալութեան, յոյսի եւ փրկութեան վայրի մը։

«Մենք ունինք տարբեր պատասխանատուութիւններ եւ կոչումներ, բայց կ՛ընթանանք միասին՝ իրարմէ ներշնչուելով, իրարու օգնելով եւ զիրար սրբագրելով։ Կարեւոր է իւրաքանչիւրս մեր բաժինը ընել։ Այն ատեն Եկեղեցւոյ մասին պիտի խօսինք այնպիսի սիրով, որով կը խօսուի Մօր մը մասին, որովհետեւ պիտի ճանչնանք, որ կը պատկանինք իրեն։ Ասիկա սրտանց սիրելու անկեղծ ձեւ մը պիտի ըլլայ այն անձերուն եւ այն պատմութեան, ուր Յիսուս Քրիստոս կու գայ մեզի եւ կը մնայ մեզի հետ․ «Ես ձեզի հետ եմ ամէն օր, մինչեւ աշխարհի վախճանը» (Մտ 28,20)։ Խոնարհաբար, ասիկա՛ է Աւետարանը, որ կը քարոզենք» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. ու հրաւիրեց «ճանչնալ եւ թոյլ տալ, որ Յարուցեալ Յիսուսը գործէ մեր կեանքին մէջ, մեր բոլորին պատմութեան մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

06/08/2026, 09:19