Յորդանանի Արեւմտեան Ափ, Սրբազան Պապին կոչը. «Դադրեցուցէ՛ք բռնութիւնները պաղեստինցի քաղաքացիներուն դէմ»
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 16 օգոստոսին Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական Պալատի մուտքէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ողջունելէ առաջ աղօթքին մասնակցող հաւատացեալները զօրեղ կոչ մը ուղղեց Սուրբ Երկրի մէջ արդար եւ տեւական խաղաղութեան մը համար։
«Կը նորոգեմ կոչս, որպէսզի դադրին Յորդանան գետի Արեւմտեան ափի պաղեստինցի քաղաքացիական բնակչութեան դէմ շարունակական բռնութիւնները» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը միջազգային համայնքէն հրատապօրէն խնդրելով, «որ քայլեր առնէ երկու պետութիւններու լուծումը առաջ տանելու համար՝ արդար եւ տեւական խաղաղութեան նպատակով»։
Սրբազան Պապը ակնարկեց ապա Իտալիոյ Թարանթոյի մէջ այս շաբաթ սկիզբ առնող Միջերկրականեան խաղերուն, նշելով` որ «անոնք պիտի ընդգրկեն Ափրիկէի, Ասիոյ եւ Եւրոպայի այն զանազան երկիրները, որոնք կը պատկանին Միջերկրականի շրջանին»։
«Կը մաղթեմ, որ այս մարզական իրադարձութիւնը ըլլայ խաղաղութեան եւ եղբայրութեան մարգարէութիւն մը այս շրջանի եւ ամբողջ աշխարհի ժողովուրդներուն միջեւ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որ ապա ողջունեց բոլոր հաւատացեալները եւ զանազան երկիրներէ ժամանած ուխտաւորները։
«Ողջունելով լեհերը՝ իմ օրհնութիւնս կը տարածեմ Վերին Սիլեզիոյ Փիեքարի Շլոնսքիի սրբավայրը կատարուող աւանդական ուխտագնացութեան բազմաթիւ մասնակիցներուն վրայ» յարեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ու բոլորին մաղթեց բարի կիրակի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
