Լեւոն ԺԴ.․ Պատարագը թող սնուցանէ հաւատքը՝ ծնելով եղբայրական սէր եւ խաղաղութիւն։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Պապը 24-27 Օգոստոսին Քաթանիայի մէջ տեղի ունեցող «Ծնունդ տուող Եկեղեցի մը․ Ծիսակատարութիւն եւ Քրիստոնէական Սկզբնաւորում» թեմայով Ազգային Ծիսական 76-րդ Շաբաթուան մասնակիցներուն ուղղած իր պատգամով հրաւէր կ’ուղղէ վերագտնելու ծիսակատարութեան կենսատու եւ ստեղծագործ ոյժը։
Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինի ստորագրած պատգամին մէջ, Քահանայապետը կը շեշտէ թէ Քրիստոնէական Սկզբնաւորումը չի կրնար սահմանափակուիլ լոկ Խորհուրդներու պատրաստութեամբ, այլ պէտք է ըլլայ այն «արտը», ուր համայնքը հաւատք կը ներշնչէ, զայն կ՛ առաջնորդէ դէպի յարութեան կեանք եւ կ’ընկերակցի Քրիստոսի ու եղբայրներու հետ հաղորդութեան։
Խորհրդածութեան կեդրոնը ծիսակատարութիւնն է, որ կոչուած է ըլլալու ապրող փորձառութիւն մը՝ ընդունակ մարդիկը փոխակերպելու։
Յիշեցնելով Վատիկանեան Բ. Ժողովը, Պապը կը հրաւիրէ վերականգնելու շարժումներու, խորհրդանիշերու եւ գործօն մասնակցութեան արժէքը, դաստիարակելով հաւատացեալները հասկնալու ծէսերու հարստութիւնը եւ բացուելու Աստուծոյ գործունէութեան։
Պատգամը նաեւ ի յայտ կը բերէ ծիսակատարութեան եւ սիրոյ գործերու միջեւ եղած սերտ կապը․ վաւերական տօնակատարութիւն մը պէտք է թարգմանուի իրական կեանքի եւ քրիստոնէական վկայութեան մէջ։
Մեծ ուշադրութիւն կը տրուի նաեւ Աստուծոյ Խօսքին, ինչպէս նաեւ արարողութիւններու ընթացքին անոր ծանուցման եւ բացատրութեան։
Եզրակացութեան մէջ կը նշուին հաւատք ծնող հովուական խնամքի երեք հիմնական կեցուածքներ․ հիւրընկալութիւն, խորհրդածութիւն եւ կեանքի վկայութիւն։
Մաղթանքը այն է, որ խորանէն ծնած հաւատքը կարենայ հասնիլ մարդկութեան ճամբաներուն՝ բերելով բարիքի, հաշտութեան եւ տիեզերական խաղաղութեան պտուղներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
