Անչափահաս գաղթականներու աղաղակը կը բարձրանայ դէպի Աստուած. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Այս 112-րդ Օրուան համար, «Այս փոքրիկներէն նոյնիսկ մէկը» թեման մեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ այն անչափահասներուն վրայ, որոնք ուղղակիօրէն ներգրաւուած են գաղթի եւ փախուստի փորձառութեան մէջ, անոնց հանդէպ հոգատարութեան, ինչպէս նաեւ Տիրոջ այն խոստումին վրայ, թէ «ով որ իմ անունովս այսպիսի մանուկ մը ընդունի, զիս ընդունած կ’ըլլայ» (Մարկ 9,37)». Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը այս խօսքերով կը ներկայացնէ յառաջիկայ 27 սեպտեմբերին յիշատակուող Գաղթականի եւ Փախստականի 112-րդ Համաշխարհային Օրուան նուիրուած իր պատգամը, որ հրատարակուեցաւ այսօր` ուրբաթ 14 օգոստոսին Մատթէոս Աւետարանիչէն (Մատթ. 18,10) քաղուած «Այս փոքրիկներէն նոյնիսկ մէկը» բնաբանով եւ կը կրէ 11 օգոստոսի թուականը։
Տեղահանուած անչափահասներ. խոցելիութեան բարդ իրականութիւն մը
Տեղահանուած անչափահասները կը ներկայացնեն գաղթի հոսքերու ամենաողբերգական իրականութիւններէն մէկը։
«Ամէն տարի միլիոնաւոր մանուկներ եւ անչափահասներ ստիպուած են թողուլ իրենց հողը պատերազմներու, աղքատութեան, բռնութիւններուն եւ բնական աղէտներու եւ այլ ողբերգութիւններու պատճառաւ» կը նշէ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ «դժբախտաբար անոնք թիւը կը շարունակէ աճիլ»։
«Այս աղէտին տնտեսական, քաղաքական եւ զինուորական պատասխանատուութիւնները անհամար են» կը հաստատէ ապա Լեւոն ԺԴ. մատնանշելով, թէ ինչպէս անոնց տառապանքը աւելի կը ծանրանայ ճամբորդութեան ընթացքին դիմագրաւուած վտանգներով. ընտանիքի անդամներէն բաժանում, շահագործում, մարդկային հոսքերու մաքսանենգութիւն , սեռային բռնութիւն, ստիպողական ամուսնութիւններ եւ նոյնիսկ զինեալ հակամարտութիւններու մէջ հաւաքագրում։
Երեք անգամ աւելի անպաշտպան
Նորին Սրբութիւնը կը յիշէ ապա Ֆրանչիսկոս Պապին` 2017-ի Գաղթականներու ու փախստականներու պատգամը որուն մէջ Ան անչափահաս փախստականները բնորոշած էր «երեք անգամ աւելի անպաշտպան», անձինք, որովհետեւ անոնք անչափահաս են, օտարերկրացի եւ յաճախ՝ առանց պաշտպանութեան։
Սէրը կարող է յաղթել անտարբերութեան
Բայց եւ այնպէս եւ հակառակ այսքան խաւարին` պակաս չէ զօրակցութեան լոյսը` եւ շատեր կ՛ընտրեն իրենց հայեացքը այլուր չի սեւեռել ինչպէս ընտանիքներ, դաստիարակներ, կամաւորներ, հաստատութիւններն ու կրօնական համայնքներ որոնք հիւրընկալութիւն, պաշտպանութիւն եւ աջակցութիւն կ՛առաջարկեն եւ իրենց յանձնառումով կը վկայեն` որ սէրը կարող է յաղթել անտարբերութեան։
Այս փոքրիկներէն նոյնիսկ մէկը
«Այս ողբերգական իրականութեան առջեւ, մտածումս կ’երթայ Յիսուսի այն խօսքին, որ խորապէս կը հրաւիրէ իւրաքանչիւրին խիղճը. «Ով որ իմ անունովս այսպիսի մանուկ մը ընդունի, զիս ընդունած կ’ըլլայ» (Մտ 18,5)» կը գրէ հուսկ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով` որ «Աւետարանը մեզ կը հրաւիրէ հաշիւներ չընելու. նոյնիսկ մէկը» ու թէ «իւրաքանչիւր երեխայ, իւրաքանչիւր մարդկային էակ ունի անհուն արժանապատուութիւն։ Ան Աստուծոյ պատկերն ու նմանութիւնն է (հմմտ. Ծն 1,26), Տիրոջ ներկայութիւնն է»։
Ուստի «Իւրաքանչիւր անչափահաս գաղթականի առջեւ, կոչուած ենք կատարելու մարդկայնութեան եւ հաւատքի արարք մը. երեխային մէջ, իրապէս, կրնանք ընդունիլ եւ հանդիպիլ Տիրոջ։ Այս կոչը աւելի հրատապ կը դառնայ Մատթէոսի Աւետարանին մէջ Տիրոջ միւս հաստատման լոյսին տակ. «Օտարական էի եւ զիս ընդունեցիք» (Մտ 25,35)» կը գրէ Սրբազան Պապը։
Չենք կրնար անտարբեր մնալ, ոչ ալ վարժուիլ այսքան տառապանքի
Չափահասներու աջակցութենէն զուրկ ըլլալով՝ այս անչափահասները յաճախ կ’անտեսուին։ Անհրաժեշտ է միջամտել թէ՛ ծագման երկիրներուն մէջ (փախուստի պատճառները վերցնելու համար), եւ թէ՛ տարանցիկ ու ժամանման երկիրներուն մէջ՝ ապահովելով պաշտպանութիւն եւ հիւրընկալութիւն, կը յորդորէ Քահանայապետը։
«Տեղահանուած անչափահասներու աղաղակը այսօր կը բարձրանայ առ Աստուած, ճիշդ այնպէս, ինչպէս լսուեցաւ Ելից գիրքին մէջ. «Տեսայ, տեսայ Եգիպտոսի մէջ եղող իմ ժողովուրդիս տառապանքը եւ լսեցի անոնց աղաղակը՝ զիրենք հարստահարողներուն պատճառով. վասն զի գիտեմ անոնց ցաւերը. եւ իջայ զանոնք ազատելու» (Ել 3,7-8)։ Աստուած կը լսէ, եւ ազատելու համար զօրութեամբ կը հրաւիրէ մեզմէ իւրաքանչիւրին խիղճն ու գործողութիւնը, ինչպէս ըրած էր Մովսէսի հետ։ Չենք կրնար անտարբեր մնալ, ոչ ալ վարժուիլ այսքան տառապանքի»։
Կոչ՝ բոլորին պատասխանատուութեան
Նորին Սրբութեան պատգամին վերջին մասը կոչ մըն է բոլորին պատասխանատուութեան։
Իւրաքանչիւր գաղթական երեխայ մեզի հրաւէր կ’ուղղէ եւ կը մղէ նայելու թիւերէն ու վիճակագրութիւններէն անդին՝ ճանչնալով զինք նախ եւ առաջ որպէս անձ՝ իր սեփական պատմութեամբ, արժանապատուութեամբ, երազներով եւ իրաւունքներով։ Այս պատճառով անհրաժեշտ է իւրաքանչիւր անչափահասի երաշխաւորել պաշտպանութիւն, կրթութիւն եւ իր աճումին համապատասխանող կենցաղային պատշաճ պայմաններ։
Եկեղեցին եւս կոչուած է հիւրընկալութիւնը վերածելու գործնական յանձնառութեան։
Քրիստոնէական համայնքները պէտք է քաջալերեն գաղթականներու ընդելուզումը կանխարգիլելով առանձնութիւնը, մեկուսացումն ու մերժումը, եւ ստեղծելով հանդիպման ու բարեկամութեան առիթներ՝ գաղթական երիտասարդներու եւ տեղացի պատանիներու միջեւ։
Անչափահասներու պաշտպանութիւնը կրնայ նաեւ դառնալ հանդիպման կէտ՝ տարբեր կրօններու միջեւ։ Անոնց խոցելիութիւնը կը միաւորէ բոլորը եւ կրնայ նպաստել միջկրօնական գործակցութեան ու երկխօսութեան՝ ստեղծելով ապահով միջավայրեր, որոնք կը յարգեն մշակութային տարբեր ինքնութիւնները։
Վերջապէս, քաղաքացիական հաստատութիւնները եւս պէտք է կեդրոնացնեն անչափահասի գերագոյն շահը՝ երաշխաւորելով պաշտպանութիւն, ընտանեկան վերամիաւորումներ եւ ընդելուզման հնարաւորութիւններ։
«Հետեւաբար, հրատապ է հեռանկարի փոփոխութիւնը. անհրաժեշտ է քննարկման առանցքը սոսկ հոսքերու կառավարումէն փոխադրել դէպի մարդկային իրաւունքներու ամբողջական եւ անմիջական պաշտպանութիւն՝ որդեգրելով «համադրուած, համերաշխ եւ ազդու արձագանգ մը, որ կարենայ երաշխաւորել պաշտպանութիւն, հիւրընկալութիւն եւ ընդելուզման իրական հնարաւորութիւններ անոնց, որոնք կը գաղթեն» (Ճառ Սպանիոյ Խորհրդարանին, Մատրիտ, 8 Յունիս 2026)» կը յանձնարարէ ապա Լեւոն ԺԴ. ու պատգամը կ՛ աւարտէ գաղթական ու փախստական անչափահասները յանձնելով Ամենասուրբ Մարիամի մայրական պաշտպանութեան, «որ Սուրբ Յովսէփի եւ մանուկ Յիսուսի հետ ապրեցաւ Հերովդէսի բռնութեան դաժանութիւնն ու Եգիպտոս աքսորի ողբերգութիւնը (հմմտ. Մտ 2,13-15)»։
«Թող Ա՛ն առաջնորդէ անոնց քայլերը եւ օգնէ մեր համայնքներուն դառնալու Աւետարանի կենդանի եւ վստահելի նշաններ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
