Որոնել

Քահանայապետին նուիրուեցաւ Քսաւիէրի մասին գիրքը՝ սիրոյ մէջ ապրուած կեանք մը, նոյնիսկ հիւանդութեան ընթացքին։

Օգոստոս 18-ին, Քասթէլ Կանտոլֆոյի մէջ, սպանացի հիւանդապահուհի Էլիզապէթ Արկեմ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին յանձնեց իր եղբօր՝ Քսավիէրի կեանքին նուիրուած գիրքը, որ կը պատմէ մկանային տիսթրոֆիայով տառապած երիտասարդի մը՝ սիրով, յոյսով եւ կեանքի իմաստով ապրած վկայութեան մասին։ Քսավիէրի պատմութիւնը կը շեշտէ, որ կեանքի արժէքը կախեալ չէ առողջութենէն, այլ սիրելու եւ սիրուած ըլլալու կարողութենէն, եւ կը հրաւիրէ դժուարութիւններէն անդին փնտռելու կեանքի խոր իմաստը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Օգոստոս 18-ին, Քասթէլ Կանտոլֆոյի մէջ, սպանացի հիւանդապահուհի Էլիզապէթ Արկեմի կարճ հանդիպում մը ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ եւ անոր յանձնեց իր եղբօր՝ Քսավիէր Արկեմիի կեանքին նուիրուած «Սորվիլ մեռնիլ՝ ապրելու համար» գիրքը։ Քսավիէր, որ մկանային հիւանդութենէն տառապած էր, մահացած էր 29 տարեկանին, սակայն իր հիւանդութիւնը չէր խոչընդոտած անոր՝ կեանքը սիրով ապրելու եւ իր շրջապատին իմաստ ու յոյս փոխանցելու։

Էլիզապէթ պատմեց, որ իր եղբայրը կը զգար, թէ ինք սիրուած է եւ նոյն սիրով կը վերաբերէր ուրիշներուն՝ համոզուած ըլլալով, որ սէրը կեանքին իմաստ կու տայ։ Անոր համար հիւանդութիւնը չէր նուազեցուցած կեանքի արժէքը, իսկ մահէն ետք անոր վկայութիւնը շարունակած է ազդել բազմաթիւ մարդոց վրայ։

Պապին հետ կարճ հանդիպման ընթացքին Լեւոն ԺԴ. սիրալիր կերպով ընդունեց գիրքը եւ ուշադրութեամբ լսեց բուժքոյրին։ Էլիզապէթ այս հանդիպումը կը նկատէ իր եղբօր վկայութիւնը Քահանայապետին հասցնելու առանձնայատուկ առիթ մը՝ ընդգծելով, որ կեանքի արժէքը կախեալ չէ ապրելու պայմաններէն, այլ սիրելու եւ սիրուած ըլլալու կարողութենէն։

Էլիզապէթ նաեւ շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Պապի՝ անցեալ Յունիսին Սպանիա կատարած առաքելական այցելութեան «Բարձրացուցէ՛ք ձեր հայեացքը» պատգամին կարեւորութիւնը։ Ան կը հաւատայ, որ Քսավիէրի կեանքի վկայութիւնը այսօր եւս կը հրաւիրէ նայելու հիւանդութենէն եւ դժուարութիւններէն անդին՝ աղօթքի, խորհուրդներու, Աւետարանի եւ Յիսուսի հետ յարաբերութեան միջոցով կեանքին խոր իմաստը բացայայտելու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

19/08/2026, 11:12