Քասթել Կանտոլֆոյի ժողովրդապետը. «Պապը հոս ուրախութիւն կը բերէ, զօրաւոր մագնիս մըն է շատերու համար»
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Քասթել Կանտոլֆոն կը պատրաստուի ապրելու յատուկ իմաստալից Օգոստոս ամիս մը՝ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին ներկայութեամբ:
Սրբազան Քահանայապետը արդարեւ որ անցեալ օրերուն վերադարձաւ Քասթել Կանտոլֆօ՝ ուր պիտի մնայ մինչեւ Օգոստոս 18-ն, եկող օրերուն պիտի գլխաւորէ մարեմեան երկու կարեւոր տօնակատարութիւններ. Աստուածածնայ Վերափոխման Սուրբ Պատարագը՝ Շաբաթ, 15 Օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Սուրբ Թովմաս Վիլլանովացիի քահանայապետական ժողովրդապետութեան մէջ, որ կը գտնուի Առաքելական Պալատէն մի քանի մեթր հեռաւորութեան վրայ, ապա Շաբաթ, 29 Օգոստոսին Լճակի Տիրամօր տօնի թափօրին:
Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առթիւ կը նախատեսուի հաւատացեալներու մեծ մասնակցութիւն՝ ինչպէս եկեղեցւոյ ներսը, այնպէս ալ Եկեղեցւոյ մուտքի հրապարակին վրայ։ Նորն Սրբութիւնը նոյն օրը կէսօրինպիտի գլխաւորէ նաեւ «Հրեշտակ Տեառն» մարեմեան աղօթքը։
Կիրակի Օգոստոս 16-ին եւս Պապը պիտի գլխաւորէ Մարեմեան աղօթքը Անճելուսի ա Քասթել Կանտոլֆոյէն։
Իսկ յառաջիկայ շաբաթ 29 Օգոստոսին Ան առաջին անգամն ըլլալով պիտի մասնակցի Լճակի Տիրամօր թափօրին, որ մասամբ պիտի տեղի ունենայ Ալպանոյ լճակի ջուրերուն վրայ: Ժողովրդապետ հայր Թատէուշ Ռոզմուսի համաձայն՝ ան պիտի ըլլայ առաջին Պապը, որ նաւակով պիտի կտրէ թափօրի այս հատուածը: Այս տօնին մասնակցած վերջին Քահանայապետները եղած էին Պօղոս Զ. եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ.:
Լեւոն ԺԴ.-ի ներկայութիւնը այսպիսով կը զօրացնէ Քասթել Կանտոլֆոյի եւ Պապերու միջեւ աւանդական կապը, որ սկիզբ առած էր 1626-ին՝ Ուրպանոս Ը.-ով: Այս տարի իրօք կը լրանայ 400րդ տարին Քասթելլի Ռոմանիի այս փոքրիկ քաղաքին մէջ պապական կեցութիւններու աւանդութեան սկիզբէն ի վեր, որ կը շարունակէ հրապուրել բազմաթիւ հաւատացեալներ եւ զբօսաշրջիկներ:
Յայտնենք որ Լեւոն ԺԴ. անցեալ Յուլիսին եւս Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ անցուցած էր հանգիստի շրջան մը՝ Յուլիս 5-էն 27, քանի մը հրապարակային հանդիպումներով եւ Ազատութեան Հրապարակէն Մարեմեան աւանդական աղօթքով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
