Ասիզին կը սպասէ Լեւոն ԺԴ.-ին. Պապը պիտի քաջալերէ երիտասարդները՝ «մեծ բաներ» երազելու։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ասիզի քաղաքը այս օրերուն կը հիւրընկալէ հազարաւոր երիտասարդներ, որոնք կը մասնակցին «GO! Franciscan Youth Meeting» համաեւրոպական հանդիպումին։ Օգոստոս 3-6 կազմակերպուող այս նախաձեռնութիւնը իր գագաթնակէտին պիտի հասնի օգոստոս 6-ին, երբ Սրբազան Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սուրբ Մարիամ Հրեշտակաց տաճարին մէջ պիտի նախագահէ Սուրբ Պատարագին եւ պիտի հանդիպի երիտասարդներուն։
Չորս օր՝ աղօթքի, խորհրդածութեան եւ հանդիպումներու
Հանդիպման կազմակերպիչներէն Փոքր Եղբայրներու Միաբանութեան անդամ հայր Ղուկաս տէ Փասքուալէի համաձայն, այս օրերու հիմնական նպատակն է երիտասարդներուն ներշնչել՝ չբաւարարուելու միջակ կեանքով, այլ համարձակիլ մեծ երազներ ունենալու եւ վստահութեամբ դիմագրաւելու իրենց ապագան։
Ծրագիրի նախորդ օրերուն մասնակիցները պիտի մասնակցին աշխատանոցներու եւ խորհրդածական ծրագիրներու՝ խաղաղութեան, ներման, կոչման եւ քրիստոնէական վկայութեան թեմաներով։ Նախաձեռնութեան մաս կը կազմեն նաեւ Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութիւն, աղօթքի պահեր եւ երկու ցուցահանդէսներ, որոնցմէ մէկը կը ներկայացնէ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի իսկական դիմագիծը՝ հեռու անոր վերագրուած կարծրատիպերէն։
Պապական այցելութեան ընթացքը
Օգոստոս 6-ի առաւօտեան Սրբազան Հայրը նախ պիտի աղօթէ Փորցիւնքուլայի մատրան մէջ, ապա հրապարակին վրայ պիտի լսէ Եւրոպայի տարբեր երկիրներէ ժամանած երեք երիտասարդներու հարցումները։ Անկէ ետք ան պիտի հանդիպի ֆրանչիսկեան ընտանիքներուն եւ շուրջ ժամը 10։00-ին պիտի նախագահէ Տիրոջ Պայծառակերպութեան տօնին առիթով մատուցուելիք Սուրբ Պատարագին։
«Առաքելական հռչակագիր»՝ երիտասարդներուն համար
Ծրագիրի աւարտին երիտասարդներուն պիտի յանձնուի «առաքելական հռչակագիր» մը, ուր պիտի ամփոփուին անոնց խորհրդածութիւններն ու առաջարկները՝ որպէս ուղեցոյց իրենց տեղական համայնքներ վերադարձին։
Մօտ 2.150 երիտասարդներ՝ 18-33 տարեկան, արդէն իսկ արձանագրուած են այս միջազգային հանդիպումին, որ բաց է ոչ միայն հաւատացեալներուն, այլեւ բոլոր անոնց, որոնք կ'ուզեն վերագտնել կեանքի խոր իմաստը։
Սուրբ Ֆրանչիսկոս՝ մեծ երազներու օրինակ
Հայր Ղուկաս կը նշէ, թէ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի անձը այսօր եւս բացառիկ ներգրաւչութիւն ունի երիտասարդներուն համար, որովհետեւ ան կը մարմնաւորէ պարզութիւնը, եղբայրութիւնը եւ անվախ կերպով մեծ երազներ հետապնդելու ոգին։ Անոր համոզումով, ժամանակակից երիտասարդներու մեծագոյն մարտահրաւէրներէն մէկը երազելու կարողութիւնը չկորսնցնելն է, իսկ Պապ Լեւոն ԺԴ.-ի պատգամը կրնայ դառնալ նոր յոյսի եւ ներշնչման աղբիւր ամբողջ Եւրոպայի երիտասարդութեան համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
