Իւրաքանչիւր զինուորի վեհ առաքելութիւնն է՝ պաշտպանել Հայրենիքի ինքնիշխանութիւնն ու իրաւական պետութիւնը․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Իւրաքանչիւր զինուորի «վեհ առաքելութիւնն է»՝ «պաշտպանել Հայրենիքի ինքնիշխանութիւնն ու իրաւական պետութիւնը, հսկել համաքաղաքացիներու անվտանգութեան վրայ եւ պաշտպանել զանոնք անարդարութիւններէն»։ Խօսքերն են ասոնք Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետին, զոր Ան ուղղեց Փորթուկալի Զինուորական Առաջնորդութեան Պատուիրակութեան անդամներուն, ընդունելով զանոնք այսօր՝ 24 Օգոստոսին՝ Զինուորական եւ Ապահովութեան Ոյժերու հաւաքական կազմերու հիմնադրման 60ամեակի առթիւ, որոնք 25 տարի առաջ ունեցան իրենց առաջին Զինուորական Եպիսկոպոսը։
Պապի ցաւակցութիւնը երկու զինուորներու մահուան կապակցութեամբ
Սրբազան Պապը իր պատգամին սկիզբը նախ յատուկէն յիշատակեց ու իր ցաւակցութիւնը յայտնեց փորթուկալացի երկու երիտասարդ զինուորներուն համար, որոնք անցեալ ուրբաթ մահացան ինքնաշարժի հարուածի ենթարկուելով, մինչ մայրուղիին վրայ «վեհանձնօրէն» օգնութեան կը փութային բեռնատարի վարորդի մը։
Ըլլալ զինուորականներու ոյժերու կողքին՝ յանուն քրիստոնէական արժէքներու աճման
«Զօրացէ՛ք Տիրոջմով։ […] Ամո՛ւր կեցէք՝ ձեր մէջքը ճշմարտութեամբ գօտեպնդած, արդարութեան զրահը հագած եւ ձեր ոտքերը կօշկած՝ խաղաղութեան Աւետարանը քարոզելու պատրաստակամութեամբ », քաջալերեց ապա Նորին Սրբութիւնը՝ յղում կատարելով, Սուրբ Պօղոսի Եփեսացիներուն ուղղած նամակին(6:10, 14-15)։ Այնուհետեւ մաղթեց, որպէսզի Զինուորական Առաջնորդութիւնը «իր անգնահատելի նպաստը բերելով հոգեւոր բարիքին եւ քրիստոնէական արժէքներու ճանաչման, շարունակէ մնալ շինիչ համագործակցութեան տարածք մը՝ պետական, կառավարական եւ զինուորական իշխանութիւններուն հետ։
Մարդ արարածը առանձին չի բաւեր եւ Աստուծոյ կարիքը ունի
Զօրացէ՛ք Տիրոջմով Կափառնաումի մէջ Յիսուսին մօտեցած հարիւրապետին պէս, յստակեցուց Սրբազան Հայրը՝ նշելով, որ, ըլլալով հանդերձ զինուորական առաքինութեան եւ մեծ հաւատքի տէր անձնաւորութիւն, իշխանութիւն ունեցող մարդ, հարիւրապետը հասկցած էր, որ մարդ արարածը առանձին չի բաւեր եւ Աստուծոյ կարիքը ունի։ Եւ երբ իր ծառան հիւանդացաւ, ան մեծ խոնարհութեամբ մօտեցաւ Յիսուսի՝ հաւատալով Անոր խօսքի ուժին, ըսելով․ «Տէ՛ր, ես արժանի չեմ, որ դուն իմ յարկիս տակ մտնես, այլ միայն խօսք մը ըսէ՛ եւ իմ ծառաս պիտի բժշկուի» (Մատթէոս 8:8-9)
Հաւատքի ուժը եւ խոնարհութեան արիութիւնը
«Եթէ, շարունակեց Լեւոն Պապը, մէկ կողմէ այս զինուորականը գիտակից էր իր հեղինակութեան, միւս կողմէ՝ Աստուծոյ Որդիին առջեւ ցոյց տուաւ հաւատքի ուժը եւ խոնարհութեան արիութիւնը։ Արդարեւ, մարդ արարածը, որքան ալ մեծ պատասխանատուութիւն ունենայ, որքան ալ հզօր ըլլայ կամ անմեղադրելի, միշտ անհունին անօթի է եւ յաւիտենականութեան ծարաւ։ Իսկ անհունն ու յաւիտենականութիւնը մեր ձեռքերուն մէջ են ի Քրիստոս Յիսուս, անոնք Տիրոջ պարգեւն են», հաստատեց Քահանայապետը։
Առաքելութիւն ու երախտագիտութիւն
Եկեղեցին հոգեւորականներուն կը վստահի Փորթուկալի զինուորականներուն ու ոստիկաններուն, ինչպէս նաեւ անոնց ընտանիքներուն հովուական խնամքը, որպէսզի անոնց նուիրեալ ծառայութեամբ զօրանան թէ՛ անհատներուն քրիստոնէական կեանքը եւ թէ՛ Զինուորական եւ Ապահովութեան Ուժերու ներքին ոգին՝ իբրեւ մխիթարութեան եւ յոյսի բալասան Եկեղեցւոյ եւ Հայրենիքին համար։
«Ֆաթիմայի Տիրամայրը թող ընկերակցի ձեզ զանազան առաքելութիւններուն ընթացքին Տիրոջ ուրախութիւնը թող ըլլայ ձեր ոյժը։ Աստուած ձեզ օրհնէ, մաղթեց ի վերջոյ Սրբազան Պապը՝ աւարտելով իր պատգամը։
Փորթուկալի Զինուորական Առաջնորդութիւնը
Յարկ է աւելցնել, որ Փորթուկալի Զինուորական Առաջնորդութիւնը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յատուկ թեմական կառոյց է, որուն առաքելութիւնն է հոգեւոր եւ կրօնական խնամք ու աջակցութիւն ապահովել Փորթուկալի Զինուորական Ոյժերուն (ցամաքամարտային, ռազմածովային, ռազմաօդային) եւ Ապահովութեան մարմիններուն (Ազգային Հանրապետական Կվարդիա եւ Ոստիկանութիւն), ինչպէս նաեւ անոնց ընտանիքներուն, ըլլայ Փորթուգալի մէջ, ըլլայ նաեւ Երկրէն դուրս:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
