2026.08.27 Partecipanti allâ  Incontro promosso dalla Pontificia Commissione per lâ  America Latina sulle situazioni di dipendenza in America Latina

Կախուածութիւնները ի յայտ կը բերեն մարդկայնութենէ զուրկ աշխարհի մը ձախողութիւնը․ Լեւոն ԺԴ․

Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Վատիկանի մէջ ընթացող միջազգային համաժողովի մասնակիցներուն, որոնք կ’ահազանգէն Լատին Ամերիկայի եւ Քարիպեան աւազանի թմրամոլութեան ու կախուածութիւններու պատճառաւ երիտասարդութեան սպառնացող վտանգներուն շուրջ՝ միաժամանակ նպատակ ունենալով ստեղծել եկեղեցական համայնքներու մարդկային ու հոգեւոր մօտեցումը եւ մասնագիտական գիտելիքները համադրող ցանցեր
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Այսօր՝ 27 Օգոստոսին, Լեւոն ԺԴ․ ընդունեց Լատին Ամերիկայի մէջ կախուածութեան կացութիւններու մասին՝ Լատին Ամերիկայի համար Քահանայապետական Յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած համաժողովի մասնակիցները։

Համաժողովը

Նշենք` որ վերոնշեալ Հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ Վատիկանի մէջ, օգոստոս 25-էն 27-ը, որուն նիւթն է՝ «Հաւատքի վրայ հիմնուած պատասխան մըն է թմրեցուցիչներուն եւ երիտասարդներու ոճրագործական հաւաքագրման. երկխօսութիւն մը Լատին Ամերիկայէն ու Քարիպեան Կղզիներէն դէպի աշխարհ»։

Կազմակերպուած է Լատին Ամերիկայի համար Քահանայապետական Յանձնախումբին, Լատին Ամերիկայի Եպիսկոպոսական խորհուրդին (CELAM) Կախուածութիւններու ընկերակցութեան եւ կանխարգիլման լատին ամերիկեան հովուական առաքելութեան (PLAPA) ու Թմրամոլութեան չարաշահման հսկողութեան միջամերիկեան յանձնախումբին (CICAD) կողմէ, որ Ամերիկեան Պետութիւններու Կազմակերպութեան (OAS) խորհրդատուական եւ օժանդակ մարմինն է։

Նախաձեռնութեան նպատակն է համամիութենական, կազմակերպուած ու գործնական ձեւով պայքարիլ կախուածութիւններու ցաւալի երեւոյթին դէմ։ Յիրաւի, Համաժողովին կը մասնակցին փորձառու ներկայացուցիչներ ու փորձագէտներ նաեւ Ասիայէն, Ափրիկէէն եւ Եւրոպայէն։

Երիտասարդներու տառապանքը կը պահանջէ համապարփակ պատասխաններ

«Կախուածութիւնները բարդ երեւոյթ մըն են, որոնք ի յայտ կը բերեն մարդկայնութենէ զուրկ աշխարհի մը ձախողութիւնը։ Երիտասարդներու տառապանքը մեզմէ կը պահանջէ համապարփակ պատասխաններ» ու «մեր ներդրումը պէտք է ուղղուած ըլլայ հոգատարութեան, ներկայութեան եւ համայնքային կապերու վերակառուցման»։ Ահաւասիկ այս միտքը ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն ուղղած իր պատգամի ընթացքին։

Եկեղեցւոյ համագործակցութեան չորս ուղիները

Պապը թուարկեց ապա այս բնագաւառէն ներս Եկեղեցւոյ համագործակցութեան ուղիները՝ «չորս կամուրջներ», որոնք կը մէկտեղուին թմրամոլութեան համաշխարհային ճգնաժամին դիմակայելու համար, «քանի որ ոչ ոք չի կարող միայնակ դիմակայել այս խնդրին», հաստատեց Ան։

Առաջին կամուրջը, ըստ Քահանայապետին,  Եկեղեցւոյ եւ միջազգային կազմակերպութիւններու միջեւ է։ Եկեղեցին կը սերտացնէ գործակցութիւնը OASի եւ CELAMի հետ, որուն ծիրէն ներս արդէն իսկ մշակուած է կախուածութիւններու կանխարգիլման հովուական յատուկ ուղեցոյց։

Երկրորդ կամուրջը գիտութեան և հաւատքի միջեւ է: Այս համադրման մէջ Եկեղեցին չի հակադրուիր կամ փոխարիներ նեարդաբանութեան ու հոգեբուժութեան ոլորտները, այլ Աւետարանի արժէքներով կ՚ամբողջացնէ հանրային առողջապահութեան ջանքերը՝ մարդկային գործօնի ամբողջական ընկալմամբ, բացատրեց Սրբազան Հայրը։

Երրորդ կամուրջը ներ եկեղեցական է, ուր կը մէկտեղուի ողջ համաշխարհային ներուժը. 4 մայրցամաքներէ՝ Ամերիկա, Ասիա, Ափրիկէ եւ Եւրոպա, ժամանած ներկայացուցիչներ ստեղծած են ներ եկեղեցական հարթակ՝ փոխանակելու հովուական փորձառութիւնները, մարտահրաւէրներն ու յոյսերը։

Չորրորդ կամուրջը, ի վերջոյ, Լեւոն Պապի խօսքերով, համամիութենական է։ Կաթողիկէ եւ քրիստոնեայ այլ համայնքներ, գործնական սիրոյ եւ հասարակաց լեզուի որդեգրմամբ, միացեալ ուժերով կ՚աջակցին ու կ՚ուղեկցին կեանքի դժուարութիւններու դէմ յանդիման գտնուող երիտասարդներուն։

Առողջ ընտանիքը՝ թմրամոլութեան կանխարգիլման ամենէն ազդու միջոց

Լեւոն Պապը այնուհետեւ ներկաներուն ուշադրութիւնը յատուկէն հրաւիրեց ընտանիքի վրայ՝ որպէս աշխատանքի բոլոր բնագաւառներու առկայ հիմնարկ, եւ շեշտեց, որ Վատիկանի Տիեզերական Երկրորդ Ժողովի սկզբունքներուն համաձայն՝ ընտանիքը կը նկատուի «ընտանեկան եկեղեցի», ուր կեանքը կը սնուցանուի ու կը խնամուի:

Հետեւաբար, շարունակեց Ան, առողջ ընտանիքը կը հանդիսանայ թմրամոլութեան կանխարգիլման ամենէն ազդու միջոցը։

Առ այդ Նորին Սրբութիւնը մաղթեց, որպէսզի «Եկեղեցին` ընտանիքը ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք ետին մնացած են»՝ Բարի Սամարացիի օրինակով, կանգ առնելով եւ ամոքելով անոնց վէրքերը, ապա աւարտեց իր պատգամը Աստուծոյ օրհնութիւնը հայցելով ներկաներուն վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

27/08/2026, 12:21