Որոնել

Իշխանութիւնը Ծառայութիւն է․ Լեւոն ԺԴ․-ի քարոզը Ռիմինիի մէջ

Սրբազան Քահանայապետի՝ Սան Մարինոյի Հանրապետութիւն եւ Ռիմինի հովուական այցելութեան վերջին հանգրուանը Ռիմինիի Նաւահանգիստի Հրապարակը եղաւ, ուր Ան ժամը 18:30-ին նախագահեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը․ Այսօր աշխարհի տուած ժամանցները շատ են, որոնք սակայն յաճախ սիրտը դատարկ կը ձգեն։ Իսկական հանգիստը, պէտք է փնտռել ոչ թէ արտաքին ժխորին մէջ, այլեւ մեր հոգիին խորքին մէջ։ Պատարագէն ետք Նորին Սրբութիւնը կը վերադառնայ Վատիկան
Ունկնդրէ այս եւ Քահանայապետին հայող այլ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը, 22 Օգոստոսին, ժամը 18:30ին, Ռիմինիի Նաւահանգիստի Հրապարակին վրայ նախագահեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը, որով վերջ գտաւ Անոր՝ Սան Մարինոյի Հանրապետութիւն եւ Ռիմինի հովուական մէկ օր տեւած, բայց եւ այնպէս բաւականին յագեցած այցելութիւնը։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Պապը կեդրոնացաւ ու մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը՝ Պետրոս Առաքեալի հաւատքի դաւանութեան եւ Յիսուսի կողմէ անոր Եկեղեցւոյ առաջնորդութիւնը վստահելու մասին՝ քաղուած Մատթէոս Աւետարանիչէն։

Երբ Յիսուս Պետրոսին կը հարցնէ, թէ ժողովուրդը զինք ո՞վ կը կարծէ, վերջինս, բոլոր աշակերտներու անունով, կը պատասխանէ. «Դուն ես Քրիստոսը՝ կենդանի Աստուծոյ Որդին» (հմմտ. Մատթէոս 16)։

 «Երկու հազարամեակ ետք կոչուած ենք վերանորոգելու նոյն հաւատքի դաւանութիւնը եւ հոս ենք, որովհետեւ կը հաւատանք թէ Յիսուս Մեսիան է, Հօր յաւիտենական Որդին, օծուած եւ աշխարհ ուղարկուած՝ «ծառայելու եւ իր կեանքը շատերու համար իբրեւ փրկագին տալու» (Մատթէոս 20, 28), նշեց Քահանայապետը:

Աստուծոյ ճամբան եւ Եկեղեցւոյ իշխանութիւնը

Դաւանութիւն, որ լոկ տեսական խօսք չէ, քանզի, ըստ Սրբազան Հօր, Աւետարանական այս դրուագը, ուր Յիսուս Պետրոսին կը յանձնէ Երկինքի Արքայութեան բանալիները, (հմմտ. Մատթէոս 16, 19-20), կը փաստէ, որ այդ իշխանութիւնը տիրելու համար չէ, այլ Եկեղեցւոյ մէջ ամէն մակարդակի վրայ ծառայելու կոչում է։ Այդ մէկը առաջին հերթին կը վերաբերի Քահանայապետին, եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն ու սարկաւագներուն, ապա եւ իւրաքանչիւր մկրտեալի, բացատրեց Նորին Սրբութիւնը՝ պնդելով, որ բոլոր հաւատացեալները կոչուած են գրկաբաց ընդունելու եւ ազատագրելու անոնք, որոնք գերի են մեղքին ու անոր հետեւանքներուն:

Իշխանութեան չարաշահումը եւ ուղղամտութիւնը
Լեւոն Պապը այնուհետեւ անդրադարձաւ սուրբ գրային առաջին ընթերցումին, ուր իբրեւ հակապատկեր վերը նշուածին, Եսայի մարգարէն կը պատմէ Սեբնայի մասին (22, 19-23), որ կորսնցուց իր պաշտօնը, որովհետեւ իշխանութիւնը չարաշահեց սեփական հարստութեան ու փառասիրութեան համար՝ մոռնալով ժողովուրդին բարօրութիւնը։ Անոր տեղը նշանակուեցաւ Եղիակիմը, որ պարկեշտ, ուղղամիտ ու հաստատուն մարդ մըն էր։

«Պատգամը յստակ է», շեշտեց առ այդ Լեւոն ԺԴ․, «ինչ որ ենք եւ ինչ որ ունինք՝ Աստուծոյ պարգեւն է, որ մեզի վստահուած է, որպէսզի Իր ձեռքերուն մէջ ըլլանք իրարու համար փրկութեան գործիքներ՝ արդարութեան մէջ»։

Աստուծոյ անհուն սէրը
«Սուրբ Պօղոս, երկրորդ ընթերցումին մէջ (Հռովմայեցիս 11, 33-36), մեզի կը խօսի Աստուծոյ ծրագիրներուն մասին», որոնք անքննելի կը բնութագրէ ոչ թէ բարդութեան, այլ իր անհուն ու պարզ սիրոյն պատճառաւ, շարունակեց Քահանայապետը, «որովհետեւ ամէն ինչ իրմէ՛ է, իրմո՛վ է եւ իրե՛ն համար է»։ Ան մեզ ալ կը կոչէ սիրելու Իր սրտին նման պարզութեամբ՝ մեր մտածումներն ու կեանքը Իր կամքին համապատասխանեցնելով, հարեց հուսկ Լեւոն ԺԴ.։

Ռոմանիայի Օրինակը

Ապա, իտալական այս շրջանի՝ Ռոմանիայի բնակիչներուն պարզ, զուարթախօս, աշխատասէր ու համերաշխ ժողովուրդ բնութագրելով, Ան ընդգծեց, որ անոնք կը մարմնաւորեն ազնուութիւնը, առատաձեռնութիւնը եւ բարեկամեցողութիւնը, որ կ'երեւի ըլլա՛յ անցեալի սուրբերուն վկայութեամբ եւ ըլլա՛յ ներկայիս «Կաթողիկէ Շարժումի» (Azione Cattolica) եւ եկեղեցական ու բարեսիրական տարբեր կառոյցներու կենսունակութեամբ։

Տարածքը հիւրընկալ դարձնել ոչ միայն հանգիստի ու զուարճութեան համար, այլ նաեւ՝ հոգիին

Այս հոգեւոր ժառանգութիւնը, շարունակեց Ան, տարածքի բնական գեղեցկութեան հետ մէկտեղ, շրջանը կը դարձնէ ձգողական կեդրոն բազմաթիւ ուխտաւորներու եւ զբօսաշրջիկներու համար։

Ասկէ մեկնելով Լեւոն Պապը յատուկէն քաջալերեց յառաջ տանելու տարածքը հիւրընկալ դարձնելու յանձնառութիւնը, եւ «ոչ միայն հանգիստի ու զուարճութեան համար, այլ նաեւ՝ հոգիին»։ Ան այնուհետեւ մէջբերեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի խօսքերը ճիշտ Ռիմինի կատարած այցելութեան ատեն․ «հանգստանալ չի նշանակեր առանձնանալ ինքն իրմէ։ Ընդհակառակը, հանգստանալ կը նշանակէ հանդիպիլ ինքնիրեն հետ եւ հաշտուիլ սեփական ներաշխարհին հետ» (Քարոզ Սուրբ Պատարագին ընթացքին, 29 Օգոստոս 1982)։

Այսօր, դիտել տուաւ առ այդ  Լեւոն Պապը, աշխարհի տուած ժամանցները շատ են, որոնք սակայն յաճախ սիրտը դատարկ կը ձգեն։ Իսկական հանգիստը, Անոր խօսքերով, պէտք է փնտռել ոչ թէ արտաքին ժխորին մէջ, այլեւ մեր հոգիին խորքին մէջ։

Հիւրընկալել նաեւ անոնց, որոնք ապաստան, սնունդ եւ օգնութիւն կը հայցեն իրենց երկրէն հեռու

Իբրեւ քրիստոնեայ համայնք, պէտք է սիրով ու հիւրընկալութեամբ օգնել «թէ՛ անոնց, որոնք մէկ տարուան աշխատանքէ ետք արժանի հանգիստի ժամանակ մը կը փնտռեն, եւ թէ՛ անոնց, որոնք՝ մարմնով ու հոգիով վիրաւոր՝ ապաստան, սնունդ եւ օգնութիւն կը հայցեն իրենց երկրէն հեռու», եղաւ Սրբազան Քահանայապետի քարոզին եզրափակիչ յորդորը որմէ ետքը Ան ներկաները յանձնեց Տիրամօր, Սուրբ Կաուդենցիոսի եւ քաղաքի Հովանաւոր Սուրբերուն բարեխօսութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

22/08/2026, 19:03