Որոնել

2026-ի Mladifest Մէճուկորիէի մէջ 2026-ի Mladifest Մէճուկորիէի մէջ 

Պապը Մէճուկորիէի երիտասարդներուն. վերագտնել Տիրոջ հետ հանդիպումին գեղեցկութիւնը

Քահանայապետը հրաւիրած է երիտասարդները չհրապուրուելու մակերեսային ու անցողիկ երջանկութեան խաբկանքներով, այլ վերագտնելու այն ճշմարիտ ուրախութիւնը, որ կը ծնի Քրիստոսի հետ անձնական հանդիպումէն՝ աղօթքի, Աստուծոյ Խօսքը լսելու եւ խորհուրդներուն միջոցաւ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Մէճուկորիէի մէջ տեղի ունեցող Երիտասարդաց միջազգային փառատօնին («Mladifest») բացման առթիւ, Լեւոն ԺԴ. Պապը, Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինի ստորագրած պատգամով մը, դիմած է 73 երկիրներէ ժամանած մասնակիցներուն։

Քահանայապետը հրաւիրած է երիտասարդները չհրապուրուելու մակերեսային ու անցողիկ երջանկութեան խաբկանքներով, այլ վերագտնելու այն ճշմարիտ ուրախութիւնը, որ կը ծնի Քրիստոսի հետ անձնական հանդիպումէն՝ աղօթքի, Աստուծոյ Խօսքը լսելու եւ խորհուրդներուն միջոցաւ։



Ան նաեւ քաջալերած է կասկածներն ու անհանգստութիւնները ընդունիլ իբրեւ հաւատքի մէջ աճելու առիթներ՝ վստահելով Սուրբ Հոգիին եւ Մարիամի բարեխօսութեան, որպէսզի դառնան Աւետարանի վկաներ եւ խաղաղութեան կերտիչներ։

«Mladifest»-ը, որ հիմնուած է 1989-ին, տեղի կ'ունենայ Մէճուկորիէի Սուրբ Յակոբի անուան ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ։

Այս տարուան փառատօնը կը սկսի եկեղեցւոյ արտաքին խորանին դէմ տեղի ունեցած ծանր ոտնձգութենէն քանի մը օր ետք, ուր խորանն ու Աստուածամօր արձանը հրդեհուած եւ վնասուած էին։

2026-ի Mladifest Մէճուկորիէի մէջ
2026-ի Mladifest Մէճուկորիէի մէջ



Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

01/08/2026, 19:37