Ֆրանսայի եպիսկոպոսները կը հրաւիրեն աղօթելու Լեւոն Պապի այցելութեան համար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ֆրանսայի եպիսկոպոսները հաւատացեալները կը հրաւիրեն աղօթելու Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի Ֆրանսա եւ UNESCO նախատեսուած առաքելական այցելութեան համար, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 25-28 Սեպտեմբերին։
Այս առիթով 15 Օգոստոսին՝ Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին օրը, բոլոր ժողովրդապետութիւններուն մէջ պիտի ներկայացուի յատուկ աղօթքի դիտաւորութիւն մը։ Եպիսկոպոսները կը խնդրեն, որ Պապին այցելութիւնը ըլլայ շնորհներու աղբիւր Ֆրանսայի Եկեղեցւոյ, ժողովուրդին եւ ամբողջ աշխարհին համար։
Անոնք հաւատացեալները կը քաջալերեն ընդունելու Սրբազան Քահանայապետը ուրախութեամբ եւ վստահութեամբ, ամրապնդելու հաւատքը, յոյսը եւ սէրը, եւ դառնալու միութեան, երկխօսութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան գործիչներ։
Եպիսկոպոսները կը շեշտեն, որ Պապին այցելութիւնը նախ եւ առաջ հոգեւոր իրադարձութիւն մը է եւ հրաւէր՝ միասին աղօթելու եւ աւելի վճռականօրէն ապրելու Աւետարանը՝ «որպէսզի» ինչպէս նշուած է ճամբորդութեան նշանաբանին մէջ «աշխարհը կեանք ունենայ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
