Լեւոն ԺԴ. Ռիմինիի մէջ Լեւոն ԺԴ. Ռիմինիի մէջ  (@Vatican Media) Խմբագրական

Պատասխանատուութեան ժամը

Լեւոն ԺԴ.-ի խօսքերը Ռիմինիի Հաւաքին (Meeting) եւ ողորմութեան վաւերական իրապաշտութեան կոչը՝ ընդդէմ մեզ վերասպառազինել ուզող կեղծ իրապաշտութեան

Անտրէա Թորնիէլլի

«Կեղծ  իրապաշտութեան, որ դարձեալ կը զինէ միտքերը, խօսքերն ու ազգերը, կաթողիկէ մշակոյթը այսօր պէտք է հակադրէ ողորմութեան իրապաշտութեամբ, որուն համար չեն կրնար գոյութիւն ունենալ թշնամիներ, եւ բոլորը, նոյնիսկ հակառակորդները, աչքերուն մէջ նայելու եւ ճշմարտութեան մէջ հանդիպելու եղբայրներ եւ քոյրեր են»։ «Ասոնք այն խօսքերն են, որոնք Լեւոն ԺԴ. ուղղած է «Ռիմինիի Հանդիպում»ի (Meeting di Rimini) ժողովուրդին, եւ յատկապէս այն հազարաւոր երիտասարդներուն, որոնք կենսունակութիւն կու տան ամռան վերջաւորութեան տեղի ունեցող այս մեծ իրադարձութեան, որ սկիզբ առած է «Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում»  շարժման փորձառութենէն։ Եւ ասոնք պարզապէս պատշաճութեան խօսքեր չէին, այլ յստակ հրաւէր մը։

Նախ եւ առաջ՝ հրաւէր մը՝ նայելու այն իրականութեան, որ կ՛ապրինք։ Անցեալին, արդէն 44 տարի առաջ, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը, ելոյթ ունենալով «Հանդիպում»ին, խօսած էր այնպիսի բառերու գեղեցկութեան մասին, ինչպիսին են «հանդիպում»ը եւ «ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութիւն»ը՝ այնպիսի պահերու, որոնք ինք իսկ որակած էր իբրեւ «աշխարհի պատմութեան ողբերգական պահեր»։ Այսօր միջազգային կացութիւնը աւելի անստոյգ ու անապահով է, քան այն ատեն. տագնապներու աճող թիւ, քաղաքայիններու եւ երեխաներու շարունակական ջարդեր՝ բաւական է միայն մտաբերել Կազան ու Ուքրանիան, եւ բազմաթիւ ազգեր, որոնք հետզհետէ աւելի հսկայական գումարներ կը ծախսեն վերազինուելու համար։

Այս բոլորին դիմաց, Քահանայապետը կը յիշեցնէ «Հանդիպում»ին կոչումը, որն է՝ չըլլալ «տեսակ մը անջատուած տարածք», այլ հանդիպումներու եւ երկխօսութեան «խաչմերուկ» մը»։

Ասիկա, ըսաւ Լեւոն Պապը, պատասխանատուութեան ժամն է։ Քրիստոսի հետեւիլը այսօր, Ի. դարու ողբերգութիւններէն ետք, կ՛ ենթադրէ լիակատար գիտակցութիւն, թէ չարը չարով չի պայքարուիր։ Միակ պատասխանը, քրիստոնէական պատասխանը, սէրն է, այսինքն՝ «փրկագործութեան մեթոտը», այն՝ որ մարմնացուց խաչեալ Մեսիան։ Եւ ուրեմն անոնց, որոնք այսօր, ենթադրեալ իրապաշտութեան մը անունով (որ Պապը չվարանեցաւ կոչելու «սուտ»), կ՛ուզեն դարձեալ զինել միտքերը, խօսքերն ու ազգերը, կաթողիկէ մշակոյթը կը պատասխանէ իսկական իրապաշտութեամբ, ողորմութեան իրապաշտութեամբ, «որուն համար չեն կրնար թշնամիներ գոյութիւն ունենալ, եւ բոլորը, նոյնիսկ հակառակորդները, եղբայրներ եւ քոյրեր են՝ աչքերուն մէջ նայելու եւ ճշմարտութեան մէջ հանդիպելու համար»։

Ուրեմն կարիքը կայ քաջարի ռահվիրաներու, որոնք գործնականապէս յանձնառու ըլլան համակեցութիւնը ազատելու կասկածէն, աշխատանքը՝ շահոյթի կռապաշտութենէն, ճարտարարուեստն ու ելեւմուտքը՝ մահուան առեւտուրէն։ Լեւոն ԺԴ. կը խնդրէ քօղազերծել «ուժային անարդար յարաբերութիւնները», որոնք «աղքատութեան ու անհաւասարութիւններու, պատերազմի եւ բնապահպանական աղէտներու արմատն են»։ Զօրաւոր եւ հետեւանքներով լեցուն հրաւէր մը՝ Պետրոսի Յաջորդին կողմէ, որ իր քահանայապետութեան առաջին իսկ օրէն խօսեցաւ «զինաթափուած եւ զինաթափող» խաղաղութեան մասին, եւ որ պէտք է նկատի առնուի իբրեւ դատողութեան չափանիշ բոլոր կաթողիկէ աշխարհականներու ընկերային եւ նոյնիսկ քաղաքական յանձնառութեան համար»։

Ապա յատկապէս նշանակալից է, որ Պապը կը հրաւիրէ «Հանդիպում»ի ժողովուրդը վտանգը յանձն առնելու, իրենք զիրենք խաղի մէջ դնելու՝ «ընդլայնելով կապերը ամէն տեսակի չափազանց նեղ պատկանելիութենէ անդին»։ Վասնզի Շարժումը (CL), խմբակներն ու համայնքները պէտք է դառնան ցատկահարթակ՝ ամբողջական իրականութեան մէջ սուզուելու համար, հակադրուելով այն ամէնուն, որ կ՛ուզէ զիրենք հեռացնել տարբեր մշակոյթներէ, զգայնութիւններէ եւ ծագումէ սերած եղբայրներէն ու քոյրերէն, «յատկապէս ամենէն աղքատներէն»։

Եւ վերջապէս, պէտք է ընդգծել նաեւ այն ակնարկը, որով Պետրոսի Յաջորդը ուզեց յիշեցնել, թէ սիրոյ մէջ երբեք չկայ պարտադրանք, ոչ ալ մտավարժեցում կամ զօրակոչ, որովհետեւ սէրը գոյութիւն ունի միայն ազատութեան, կենդանի երկխօսութեան եւ ինքնանուիրումի առատաձեռն ընծայումին մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

22/08/2026, 16:55