Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը   (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ Նոյեմբերին առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Ուրուկուէյ, Արժանթին եւ Փերու

Սուրբ Աթոռը յայտարարեց, որ Լեւոն ԺԴ Սրբազան Քահանայապետը 2026 թուականի նոյեմբեր 6-17-ը առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Ուրուկուէյ, Արժանթին եւ Փերու՝ ընդառաջելով այդ երկիրներու պետական եւ եկեղեցական իշխանութիւններուն հրաւէրին։ Ճամբորդութեան ընթացքին ան պիտի այցելէ ինը քաղաք, իսկ այցելութեան մանրամասն ծրագիրը պիտի հրապարակուի աւելի ուշ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 5 օգոստոսին, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն, Մաթէօ Պրունի հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց, որ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը , ընդառաջելով համապատասխան երկիրներու պետական եւ եկեղեցական բարձրագոյն իշխանութիւններու հրաւէրին, 6-17 Նոյեմբեր 2026-ին առաքելական ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէ դէպի Ուրուկուէյ, Արժանթին եւ Փերու։

Ըստ հաղորդագրութեան, Սրբազան Քահանայապետին այցելութեան յայտագիրը պիտի ընթանայ հետեւեալ ժամանակացոյցով.

Ուրուկուէյ (6-8 Նոյեմբեր)՝ Մոնթեվիտէօ, Փայսանտու եւ Ֆլորիտա

Արժանթին (8-11 Նոյեմբեր)՝ Պուէնոս Այրես, Քորտոպա եւ Լուխան

Փերու (11-17 Նոյեմբեր)՝ Լիմա, Չիքլայօ, Քուսքօ եւ Փուքալփա։

Ճամբորդութեան մանրամասն ու պաշտօնական յայտագիրը պիտի հրապարակուի յառաջիկային։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

05/08/2026, 11:01