Սուրբ Պետրոս հրապարակը Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Սուրբ Պետրոս հրապարակը Մարեմեան աղօթքի ընթացքին  (@Vatican Media)

Լեւոն Պապին մօտիկութիւնն ու աղօթքը աղէտներու զոհերուն

Քահանայապետը յիշեց եւ աղօթք ապահովեցուց Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան Էպոլայի համաճարակի զոհերուն, Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութեան Զամպոյէի հանքի զոհերուն ապա Կեդրոնական Իտալիան հարուածող երկրախարշի տասներորդ տարեդարձը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի` 23 Օգոստոս 2026-ի կէսօրին, Լեւոն ԺԴ. Պապը Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած աղօթքին մասնակցող հազարաւոր ուխտաւորներուն նշեց թէ իր աղօթքներուն մէջ ինք յաճախ կը յիշէ Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւնը, յատկապէս Էպոլայի համաճարակի տարածման պատճառով, որ դժբախտաբար բազմաթիւ զոհեր կը պատճառէ:

«Քաջալերական արձագանգ կ'ակնկալեմ Միջազգային Համայնքէն, որ նաեւ տեղական համայնքները ներգրաւէ կանխարգիլման աշխատանքներուն մէջ՝ բազմաթիւ մարդկային կեանքեր փրկելու համար» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը մօտիկութիւն արտայայտելով նաեւ Կեդրոնական Ափրիկեան Հանրապետութեան ժողովուրդին, որ, ըսաւ Ան «կը սգայ Զամպոյէի հանքի մը մէջ տեղի ունեցած փլուզման զոհերը»:

«Տէրը ընդունի կեանքը կորսնցուցածները եւ աջակցի հանքավայրերու անվտանգութիւնն ու օրինականութիւնը ապահովելու յանձնառութեան» հայցեց Լեւոն ԺԴ. որ ապա յիշեց վաղը յիշատակուող Կեդրոնական Իտալիան հարուածող երկրաշարժի տասնամեակը։

«Կ'աղօթեմ ննջեցեալներուն, անոնց ընտանիքներուն եւ բոլոր թիրախ համայնքներուն համար: Հաւատքն ու զօրակցութիւնը թող շարունակեն աջակցիլ վերաշինութեան աշխատանքին» ըսաւ Քահանայապետը հուսկ ողջունեց բոլոր հաւատացեալները եւ ուխտաւորներու զանազան խումբերը ապա խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

23/08/2026, 12:24