Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք  (@Vatican Media)

Մարեմեան աղօթք. Լեւոն ԺԴ. նորոգեց խաղաղութեան համար աղօթելու իր կոչը

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Պապը յիշեց Սէութայի տագնապը, հրաւիրեց աղօթելու խաղաղութեան համար չմոռնալով «թշնամանքի զոհերը» ապա ակնարկեց «Ասսիզիի Ներումին» հրաւիրելով շնորհակալութիւն յայտնեց Տիրոջ այդ նուէրին համար

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Շարունակենք աղօթել խաղաղութեան համար, որպէսզի աշխարհի մէջ դադրին պատերազմները եւ հակամարտութիւններուն համար գտնուին դիւանագիտական լուծումներ»։ Կոչն է սա զոր Լեւոն ԺԴ. Պապը ուղղեց Կիրակի 2 օգոստոսի կէսօրին Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքէն ետքը, ողջունելով այս առիթով հրապարակ ժամանած հազարաւոր ուխտաւորները։

«Յիշենք, ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, թշնամանքի բոլոր զոհերը, մասնաւորապէս ամենէն տկարներն ու անպաշտպանները՝ երեխաները, ծերերը, հիւանդները։ Տէրը մխիթարէ տառապողները եւ օրհնէ անոնց աշխատանքը, որոնք օգնութիւն եւ սփոփանք կը բերեն» եղաւ հուսկ անոր մաղթանքը։

Սէութայի տագնապը

Նախ քան այս կոչը Լեւոն Պապը սպաներէն լեզուով նշած էր թէ մտահոգութեամբ կը հետեւի Սէութայի տագնապալի իրավիճակին, եւ Ափրիկէի Տիրամօր բարեխօսութեամբ, Աստուծմէ խնդրած էր որ կարելի ըլլայ գտնել խաղաղութեան, կայունութեան եւ արդարութեան լուծումներ։

Ասսիզիի ներումը

Սրբազան Պապը ակնարկեց ապա այս օրերուն նշուող «Ասսիզիի Ներումին» բացատրելով թէ Սուրբ Ֆրանչիսկոսը այս Ներողամտութիւնը ստացած էր Օնորիոս Գ. Պապէն 1216-ին, երբ Փորցիունքոլայի մէջ աղօթքի ատեն հրեշտակներով շրջապատուած ներշնչուած էր Յիսուսի եւ Մարիամի տեսիլքէն՝։

«Շնորհակալութիւն յայտնենք Տիրոջ այսպիսի մեծ նուէրի մը համար եւ զայն գանձ համարենք, մանաւանդ Ասսիզիի Աղքատիկին «Ննջման» ութերորդ հարիւրամեակին առթիւ, որ մահացաւ ճիշդ Փորցիունքոլայի մէջ 3 Հոկտեմբեր 1226-ին» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. ապա ողջունեց հրապարակին վրայ գտնուող ուխտաւորներու զանազան խումբերը հուսկ բոլորին մաղթեց բարի կիրակի մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

02/08/2026, 12:29