Լեւոն ԺԴ. Պապը նորոգեց կոչը դադրեցնելու բռնութեան պարոյրը եւ տեղ տալու դիւանագիտութեան ու երկխօսութեան
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի, 9 Օգոստոս 2026-ի կէսօրին, Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Պապը ողջունեց Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած հազարաւոր ուխտաւորները եւ անդրադարձաւ աշխարհի զանազան շրջաններուն մէջ շարունակուող պատերազմներուն ու մարդասիրական ողբերգութիւններուն։
Սուտանի ողբերգութիւնը
Սրբազան Քահանայապետը իր ողջոյնի խօսքը սկսաւ Սուտանի ողբերգական կացութեան անդրադարձով՝ յատկապէս շեշտելով Էլ-Օպէյտ քաղաքի մէջ տիրող իրավիճակը։
«Ամբողջ ժողովուրդին իմ հոգեւոր մօտիկութիւնս արտայայտելով՝ վերստին կոչ կ'ուղղեմ իշխանութիւններուն՝ խաղաղ բնակչութեան համար մարդասիրական միջանցքներ ապահովելու։ Միեւնոյն ատեն, կոչ կ'ընեմ միջազգային համայնքին՝ աջակցելու այն ջանքերուն, որոնք նպատակ ունին անմիջական զինադադար հաստատել», ըսաւ Լեւոն ԺԴ. Պապը։
Ան ապա հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու, որպէսզի «Տէրը զօրավիգ ըլլայ տառապողներուն, փոխէ բռնութիւն սերմանողներուն սիրտերը եւ շնորհէ երկար սպասուած խաղաղութիւնը»։
Ուքրանիոյ եւ Ռուսաստանի պատերազմը
Սրբազան Պապը անդրադարձաւ նաեւ Ուքրանիոյ եւ Ռուսաստանի մէջ արձանագրուող նոր զոհերուն ու վիրաւորներուն մասին հասնող ցաւալի լուրերուն։
«Ողբերգական դէպքերը իրարու կը յաջորդեն, աւելին՝ կը բազմապատկուին՝ պատճառելով աւելի ու աւելի շատ քաղաքացիական զոհեր, որոնց շարքին նաեւ երեխաներ», ըսաւ Ան՝ իր մօտիկութիւնը յայտնելով զոհերու ընտանիքներուն, վիրաւորներուն եւ պատերազմէն տառապող բոլոր անձերուն։
«Այսքան ցաւի առջեւ՝ սրտանց կոչ կ'ընեմ, որպէսզի յարգուի մարդասիրական իրաւունքը եւ երկու կողմերն ալ դադրեցնեն քաղաքացիական թիրախներու դէմ յարձակումները», կոչ ուղեց Լեւոն ԺԴ.։
Ան ընդգծեց, որ «պատերազմը միայն նոր պատերազմ կը ծնի եւ հսկայական տառապանքներ կը պատճառէ»։
«Ժամանակն է կանգնեցնելու բռնութեան պարոյրը եւ տեղ տալու դիւանագիտութեան ու երկխօսութեան՝ ճանապարհ հարթելով դէպի խաղաղութիւն», շեշտեց Սրբազան Քահանայապետը։
Երիտասարդներ՝ ուխտագնացութեան եւ բարեկամութեան ուղիներուն վրայ
Լեւոն ԺԴ. Պապը ապա ողջունեց Հռոմ ժամանած ուխտաւորները՝ մասնաւորաբար երիտասարդական տարբեր խումբերը։
Ան յիշեց Միլանոյի թեմի Սուրբ Մարիամ Մագդաղենացի համայնքի երիտասարդները, որոնք Սիենայէն Հռոմ քալած էին «Վիա Ֆրանչիճենա»՝ Ֆրանչիսկեան ճանապարհով ապա ողջունեց Էննայի սկաուտները, որոնք իրենց բանակումը կատարած էին հռոմէական բլուրներուն վրայ, ինչպէս նաեւ Փատովայի թեմի Փերնումիայէն ժամանած երիտասարդները։
«Երիտասարդական բազմաթիւ խումբերու ներկայութիւնը, որոնք կ'ընտրեն իրենց արձակուրդի քանի մը օրերը նուիրել դաստիարակչական եւ բարեկամական գործունէութիւններու, յոյսի նշան է», ըսաւ Լեւոն ԺԴ.՝ յիշելով նաեւ ֆրանչիսկեան երիտասարդներու այն մեծ հաւաքը, որուն մասնակցելու ուրախութիւնը ունեցած էր անցեալ Հինգշաբթի Ասսիզիի մէջ։
Սուրբերու վկայութիւնը՝ երիտասարդներուն համար
Խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն՝ Լեւոն ԺԴ. Պապը յիշեց այս օրերուն ծիսական օրացոյցին մէջ յիշատակուող սուրբերու օրինակելի կեանքը եւ հրաւիրեց երիտասրադները աւելի լաւ ճանչնալու այդ սքանչելի վկաները։
Ան յիշեց, որ Շաբաթ օր յիշատակուած էր մեծն Սուրբ Տոմինիկոսը՝ Քարոզիչ Եղբայրներու հիմնադիրը։ Կիրակի կը յիշատակուի Սրբուհի Խաչեցեալ Թերեզա Պենետեքթա՝ Էտիթ Շթայն, կարմեղեան կոյսը, որ սպաննուեցաւ Աուշվիցի մէջ եւ Եւրոպայի համապաշտպան սուրբերէն մէկն է։
Երկուշաբթի կը յիշատակուի Սուրբ Լորենցիոսը՝ Հռոմի Եկեղեցւոյ սարկաւագը, իսկ յաջորդ օրը՝ Ասսիզիացի Սրբուհի Քիարան, որ ապահով կեանք մը թողուց՝ աղքատ եւ խոնարհ Յիսուսին հետեւելու համար՝ իր հայրենակից Սուրբ Ֆրանչիսկոսի օրինակով։
«Սիրելի՛ երիտասարդներ, թոյլ տուէք, որ Աւետարանի այս օրինակելի վկաները ձեզ ոգեւորեն», եղաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին կոչը։
Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ուխտաւորներուն՝ իրենց ներկայութեան համար եւ իր խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի Կիրակի մը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
