Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Ասիոյ Եպիսկոպոսներուն. «Կամուրջներ կառուցեցէք Քրիստոսի հաղորդութեան մէջ»

«Որպէս իր աշակերտները այսօր, գիտենք թէ Յիսուս միայն Աստուծոյ հետ մեր հաղորդութեան աղբիւրը չէ, այլ նաեւ՝ իրարու հետ։ Արդարեւ, վերջերս լոյս տեսած Magnifica humanitas շրջաբերական նամակին մէջ գրած էի, թէ քրիստոնէական զօրակցութիւնը իր ակունքը կը գտնէ Քրիստոսի խորհուրդին մէջ եւ կը ծնի խորհուրդներուն՝ յատկապէս Սուրբ Հաղորդութեան մէջ մեր ունեցած հաղորդութենէն (հմմտ. Թիւ 88)» ըսաւ Քահանայապետը պատգամին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ասիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասերու Դաշնութեան (FABC) Լիագումար Ժողովին առթիւ, որ գումարուեցաւ Ճաքարթայի մէջ 21 Յուլիս 2026-էն մինչեւ 26 Յուլիսը, Լեւոն ԺԴ. Պապը լսատեսողական պատգամ մը յղեց ասիական Եկեղեցիներու եպիսկոպոսներուն եւ ներկայացուցիչներուն՝ ուժեղ քաջալերանք փոխանցելով շարունակելու աւետարանութեան, հաղորդութեան եւ քրիստոնէական վկայութեան ճանապարհը մայրցամաքին մէջ։

Սրբազան Քահանայապետը, պատգամը սկսաւ մասնակիցներուն ուղղուած ջերմ ողջոյնով ապահովելով հոգեւոր մօտիկութիւն ու աղօթք, որպէսզի Սուրբ Հոգին առաջնորդէ Ժողովին աշխատանքները, որոնք կոչուած են խորհրդածելու Ասիոյ մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ապագայ մարտահրաւէրներուն եւ հեռանկարներուն շուրջ։

«Ասկէ աւելի մեծ բաներ պիտի տեսնես»

Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց հանդիպումին համար ընտրուած բնաբանը, քաղուած Յովհաննէսի Աւետարանէն. «Ասկէ աւելի մեծ բաներ պիտի տեսնես» (Յովհ 1,50) խօսքերը, որոնք Յիսուսին կողմէ ուղղուած էին՝ Նաթանայէլին եւ ասոնցմէ մեկնելով բացատրեց թէ անոնք կը յիշեցնեն աշակերտներուն կոչումը՝ ճանչնալու Քրիստոսը որպէս Աստուծոյ եւ մարդկութեան միջեւ միակ միջնորդը, եւ հետեւելու իրեն վստահութեամբ։

Յիսւոսը հաղոդրութեան ակնաղբիւր

«Որպէս իր աշակերտները այսօր, գիտենք թէ Յիսուս միայն Աստուծոյ հետ մեր հաղորդութեան աղբիւրը չէ, այլ նաեւ՝ իրարու հետ։ Արդարեւ, վերջերս լոյս տեսած Magnifica humanitas շրջաբերական նամակին մէջ գրած էի, թէ քրիստոնէական զօրակցութիւնը իր ակունքը կը գտնէ Քրիստոսի խորհուրդին մէջ եւ կը ծնի խորհուրդներուն՝ յատկապէս Սուրբ Հաղորդութեան մէջ մեր ունեցած հաղորդութենէն (հմմտ. Թիւ 88)» ըսաւ ապա Քահանայապետը պատգամին մէջ ու քաջալերեց բոլորը «որպէսզի շարունակեն հաղորդական հոգեւորութիւն մը տարածել ձեր տեղական Եկեղեցիներուն մէջ, այսինքն՝ եկեղեցական միութեան հոգեւորութիւն մը՝ հիմնուած այն սիրոյն վրայ, որ կը բխի Սուրբ Հաղորդութեան մէջ Տիրոջ տուած պարգեւէն»։

Դառնալ Աստուծոյ ներկայութեան նշան եւ կամուրջ շինողներ

«Ուստի կը մաղթեմ, որ տեղական Եկեղեցիներու ներսը եւ անոնց միջեւ եղած հաղորդութեան կապերը ամրապնդուին ու դառնան Աստուծոյ ներկայութեան աւելի մեծ նշան մը ձեր տարբեր երկիրներուն մէջ՝ ձեզի օգնելով, որ միասնաբար ըլլաք կամուրջներ շինողներ ամբողջ Ասիոյ տարածքին» յարեց Նորին Սրբութիւնը որ եզրափակելով լսատեսողական պատգամը՝ Պապը Լիագումար Ժողովի աշխատանքները յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամի՝ Եկեղեցւոյ Մօր բարեխօսութեան՝ հայցելով մասնակիցներուն համար իմաստութեան եւ արիութեան պարգեւները։

Ի վերջոյ Ան իր Օրհնութիւնը շնորհեց բոլոր ներկաներուն։

Յայտնենք որ վերոնշեալ ժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, որպէս Արեւելեան Եկեղեցիներու Պատրիարքներու ներկայացուցիչ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

25/07/2026, 10:30