Սրբազան Պապը երիտասարդ երաժիշտներուն. «Դուք ստեղծուած էք մեծ բաներու համար»
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Չորեքշաբթի` 29 Յուլիս 2026-ի երեկոյեան, Քասթել Կանտոլֆոյի «Borgo Laudato si'»-ին մէջ տեղի ունեցաւ «Խաղաղութեան Երգ» վերտառութեամբ աղօթքի եւ եղբայրութեան հանդիպումը, որ կազմակերպուած էր Ասսիզացի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի մահուան 800 ամեակի նշումի ծիրէն ներս, նախաձեռնութեամբ «Laudato si'» Բարձրագոյն Ուսմանց Կեդրոնին եւ «Andrea Bocelli Foundation»-ին, ի ներկայութեան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին։
Հանդիպման գլխաւոր դերակատարներէն էր երաժշտութիւնը` Մաէսթրօ Անտրէա Պոչելլիին ընկերացաւ «ABF Voices» երգչախումբը, որ կազմուած է Ուկանտայէն, Սուրբ Երկրէն եւ Իտալիայէն ժամանած 164 մանուկներէ եւ երիտասարդներէ։
Հանդիպումի աւարտին Լեւոն Պապը իր սրտին խօսքը ուղղեց ներկաներուն իր ուրախութիւնը յայտնելով այս գեղեցիկ պահը կիսելու անոնց հետ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ըլլայ երգչախումբի անդամներուն ըլլայ երգչախումբերու ղեկավարներուն։
«Երաժշտութիւնը ունի արտասովոր կարողութիւնը տարբեր ձայներ մէկ ներդաշնակութեան մէջ միաւորելու, ուր անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր եզակի նպաստը կը բերէ ամբողջութեան։ Այս իմաստով, երգչախումբը կը դառնայ համերաշխութեան եւ համագործակցութեան խորհրդանիշ» ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով նաեւ Սուրբ Գրութիւններուն, որոնք կը խօսին «Սուրբերու եւ Հրեշտակներու» երգչախումբի մը մասին, «երբ կը նկարագրեն երկնքի ուրախութիւնը», յարեց Ան բացատրելով` թէ այդ մէկը այդպէս է ոչ թէ որովհետեւ անոնք մշտապէս կ՛երգեն այլ որովհետեւ միացած սիրոյ մէջ միասին կը խորհին Աստուծոյ մասին ու Անոր մէջ կը գտնեն իրենց ուրախութեան լիութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը նշեց ապա թէ երաժշտութիւնը մեզի կ'ապրեցնէ գեղեցկութեան փորձառութիւն մը, որ մեզ կը միացնէ եւ կը տանի այն սահմաններէն անդին, զորս չէինք կրնար իրագործել առանձինն։ Այս գեղեցկութիւնը կը զարթնեցնէ ամէն գեղեցկութեան Արարիչն ու աղբիւր` Աստուած փնտռելու փափաքը։ Ասոր համար ալ կարեւոր է մշակել ստացուած տաղանդները՝ թոյլ տալով, որ անոնք մեզ առաջնորդեն դէպի Իրեն, նշեց հուսկ Սրբազան Պապը հաստատելով որ «Տէրը այն ամէն ինչն է` զոր մենք կը փնտռենք կեանքին մէջ, Ան միակն է` որ կարող է խաղաղութիւն տալ մեր տատամսոտ սրտերուն»։
«Յիշեցէ՛ք, որ դուք ստեղծուած էք մեծ բաներու համար, եւ ամբողջ աշխարհը բաւարար չէ յագեցնելու իմաստի եւ երջանկութեան ձեր ծարաւը։ Գիտցէ՛ք նաեւ, որ Սրբազան Քահանայապետը կը սիրէ ձեզ եւ կ՛աղօթէ ձեզի, ձեր ընտանիքներուն եւ ձեր երկիրներուն համար։ Մասնաւորապէս, կ՛աղօթեմ, որ խաղաղութիւնը տիրէ ձեր տուներուն մէջ եւ աշխարհի այն բոլոր վայրերուն մէջ, որոնք կը շարունակեն տառապիլ բռնութեան պատճառով» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. որ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Անտրէա Պոչելլի Հիմնադրամին երիտասարդներուն իր նպաստ մատուցած աջակցութեան համար, որ «երաժշտութեան ուժի միջոցաւ կը սատարէ նաեւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան` խթանելու համար իւրաքանչիւր մարդ էակի համապարփակ զարգացումը ի սպաս հասարակաց բարիքին»։
Սրբազան Հայրը խօսքը եզրափակեց բոլորը յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան ու անոնց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։
Յայտնենք որ «Խաղաղութեան երգ» ("Cantico di Pace") ձեռնարկին բացումը կատարեց Կարդինալ Ֆապիօ Պաճիօ մատնանշելով «Մաթուսաղայ»-ի՝ հին որ խորհրդանիշն է արարչագործութիւնը պահպանելու եւ ապագայ սերունդներուն գեղեցկութիւն ու յոյս փոխանցելու պատասխանատուութեան։ Ծիրանաւորը յիշեց Սուրբ Օգոստինոսի խօսքերը գեղեցկութեան մասին եւ շեշտեց, որ խաղաղութիւնը բոլորին վստահուած առաքելութիւն մըն է։
Արարողութիւնը զարգացաւ չորս պահերով.
Արարչագործութիւն. Անտրէա Պոչելլիի եւ երգչախումբին կատարմամբ Panis Angelicus եւ Dolce sentire երգերով, Սուրբ Ֆրանչիսկոսի «Արարածներու երգը»-ի (Cantico delle Creature) եւ Ծննդոց գիրքէն հատուածի մը ընթերցումով։
Խաղաղութիւն. Ճաննի Ռոտարիի «Քիեւի լուսինը» (La luna di Kyiv) քերթուածով եւ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին վերագրուած աղօթքով մը։
Մարդկային արժանապատուութիւն. Singing All Together երգով եւ Fratelli tutti շրջաբերականէն, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ Սուրբ Պօղոս Զ.-ի արտասանած ճառէն ու միջազգային արդարութեան մասին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի ելոյթէն քաղուած ընթերցումներով։
Հաւատք եւ միութիւն. Gaelic Blessing երգով եւ Յովհաննէսի Աւետարանէն հատուածով մը։
Սբազան Պապին խորհրդածութենէն ետք, քանի մը երեխաներ տարբեր լեզուներով աղօթք մը արտասանեցին՝ Աստուծմէ խնդրելով, որ օգնէ մարդկութեան պահպանելու արարչագործութիւնը եւ ապրելու խաղաղութեան ու ներդաշնակութեան մէջ։
Արարողութիւնը փակուեցաւ «Հայր Մեր»-ով, խաղաղութեան ողջոյնով, առաքելական օրհնութեամբ, Պոչելլիի եւ երգչախումբին կողմէ Amazing Grace-ի կատարմամբ, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիրներէ եկած երեխաներու պատրաստած նուէրներուն յանձնումով՝ Քահանայապետին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
