Լեւոն ԺԴ. Պապին կոչը Չոթայի եւ Կուտերվոյի երիտասարդներու՝ սիրելու եւ ծառայելու Քրիստոսի օրինակով
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Պապը լսատեսողական պատգամով մը ողջունեց Փերուի Չոթայի եւ Կուտերվոյի թեմերու երիտասարդները՝ Բ. Թեմական Երիտասարդական Օրուան առիթով՝ քաջալերելով զանոնք ապրելու Քրիստոսի հաւատքը եւ իրենց կեանքը վերածելու սիրոյ ու ծառայութեան առաքելութեան։
Պապը իր ուրախութիւնը յայտնեց՝ տեսնելով, որ Առաջնորդութեան 18 ծուխերէն երիտասարդներ համախմբուած են Կուտերվոյի մէջ՝ միասին կիսելու Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ իրենց հաւատքը։ Ան ընդգծեց, որ երիտասարդները «Քրիստոսի երիտասարդութիւնն» են, իսկ այս տարուան նշանաբանը՝ «Կոչուած ենք սիրելու, ուղարկուած ենք ծառայելու», կը բացայայտէ անոնց կոչումն ու առաքելութիւնը։
Լեւոն ԺԴ. Պապը երիտասարդները յորդորեց չըլլալ «բազմոցի երիտասարդներ»՝ փակուած հանգստութեան եւ սովորութեան մէջ, այլ ունենալու «սուրբ ըմբոստութիւն», մաքուր ուժ եւ ցանկութիւն՝ ցաւի ու դժուարութեան իրականութիւնները փոխակերպելու յոյսի վայրերու։ Ան կոչ ուղղեց անոնց ըլլալու միսիոնարներ դպրոցներու, համալսարաններու, փողոցներու եւ գիւղական համայնքներու մէջ՝ ուրախութեամբ ծառայելով մանաւանդ մոռցուածներուն եւ կարիքաւորներուն, որոնց մէջ կը գտնուի Քրիստոսի տառապող դէմքը։
Վերջաւորութեան Սրբազան Հայրը երիտասարդները յանձնեց Կուտերվոյի հովանաւոր Սուրբ Աստուածածին Մարիամի՝ Վերափոխման Տօնի Աստուածածնին, խնդրելով անոր պաշտպանութիւնն ու առաջնորդութիւնը։ Ան իր օրհնութիւնը փոխանցեց բոլոր մասնակիցներուն՝ մաղթելով, որ Աստուծոյ օրհնութիւնը միշտ ուղեկցի անոնց կեանքի ճանապարհին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
