Որոնել

Օգոստոս ամսուան աղօթքի դիտաւորութիւնը. Լեւոն ԺԴ. Պապ՝ «Թող ոչ ոք ինքզինքանտեսուած չզգայ»

Լեւոն ԺԴ. Պապը Օգոստոս ամսուան աղօթքի իր դիտաւորութիւնը կը նուիրէ քաղաքներու աւետարանչութեան՝ հրաւիրելով հաւատացեալները կառուցելու ընդունող եւ եղբայրական համայնքներ, «ուր ոչ ոք անտեսուած չզգայ ինքզինք»։ Քահանայապետը կը յորդորէ, որ Եկեղեցին կենդանի վկայութիւն տայ Աւետարանին՝ մերձաւորութեան, ծառայութեան եւ յոյսի գործերով, յատկապէս քաղաքներու ծայրամասերուն եւ միայնութեան մէջ ապրողներուն կողքին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Պապը Օգոստոս ամսուան աղօթքի իր դիտաւորութիւնը կը նուիրէ քաղաքներու աւետարանչութեան, հրաւիրելով հաւատացեալները աղօթելու, որպէսզի քաղաքային կեանքին մէջ կազմաւորուին ընդունող ու եղբայրական համայնքներ, «ուր ոչ ոք անտեսուած չզգայ ինքզինք»։

Քահանայապետական Աղօթքի Համաշխարհային Ցանցին միջոցով հրապարակուած լսատեսողական պատգամին մէջ Քահանայապետը կը դիմէ «Բարի Հովիւին», որ կը շրջի փողոցներով ու հրապարակներով, կը մտնէ թէ՛ շքեղ թաղամասեր եւ թէ՛ ամենահամեստ բնակավայրեր՝ լուռ կերպով ընկերանալով միլիոնաւոր մարդոց, որոնք աղմուկի եւ շտապողականութեան մէջ կեանքի իմաստը կը փնտռեն։

Լեւոն ԺԴ. կը նկատէ, թէ քաղաքները, որոնք կոչուած են ազատութեան եւ հնարաւորութիւններու վայրեր ըլլալու, յաճախ կը վերածուին անանունութեան եւ մեկուսացման տարածքներու։ Ան կը հրաւիրէ հաւատացեալները նոր հայեացքով դիտելու քաղաքային իրականութիւնը՝ զայն տեսնելով որպէս արգասաբեր հող՝ Աւետարանը հռչակելու համար։

Պապը նաեւ կը խնդրէ, որ քրիստոնէական հաւատքը չսահմանափակուի միայն խօսքերով, այլ արտայայտուի մերձաւորութեան, ծառայութեան եւ եղբայրասիրութեան պարզ ու շօշափելի գործերով, որպէսզի Եկեղեցին դառնայ «ելքի մէջ գտնուող» համայնք, որ կը հասնի նաեւ ծայրամասեր եւ յոյս կը սերմանէ այնտեղ, ուր անտարբերութիւնը կը տիրէ։

Քահանայապետական Աղօթքի Համաշխարհային Ցանցի միջազգային տնօրէն, հայր Քրիսթոպալ Ֆոնէս կը շեշտէ, թէ այս ամսուան աղօթքի դիտաւորութիւնը հրաւէր մըն է ներքին նորոգութեան եւ առաքելական աղօթքի, որպէսզի Սուրբ Հոգին առաջնորդէ հաւատացեալները աւելի արդար, համերաշխ եւ ընդունող քաղաքներ կերտելու ճանապարհին։

Քահանայապետական Աղօթքի Համաշխարհային Ցանցը, որ ներկայ է աշխարհի աւելի քան իննսուն երկիրներու մէջ եւ կը համախմբէ շուրջ 22 միլիոն անդամ, կը շարունակէ ամէն ամիս հաւատացեալները միաւորել Սրբազան Քահանայապետին աղօթքի դիտաւորութիւններուն շուրջ՝ ի նպաստ մարդկութեան եւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան։

Սրբազան Պապին «Քաղաքներու աւետարանչութեան» նուիրուած աղօթքը

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգւոյն։ Ամէն։

Տէ՛ր Յիսուս, Բարի՛ Հովիւ,

Դուն կ՛անցնիս մեր փողոցներէն ու հրապարակներէն,
կը մտնես շքեղ ապարանքներու եւ ամենահամեստ թաղամասերու մէջ,
եւ լուռ կերպով կ՛ընկերանաս միլիոնաւոր մարդոց,
որոնք աղմուկին ու շտապողականութեան մէջ
կեանքի իմաստը կը փնտռեն։

Տէ՛ր, Դուն կը ճանչնաս քաղաքի սիրտը՝
անոր լոյսերն ու ստուերները,
անոր աղմուկն ու մենութիւնը։
Մենք գիտենք, թէ քաղաքները կոչուած են
ազատութեան եւ հնարաւորութիւններու վայրեր ըլլալու,
սակայն կրնան նաեւ վերածուիլ
անանունութեան եւ մեկուսացման տարածքներու։
Ահա թէ ինչու այսօր Քեզմէ կը խնդրենք
նոր հայեացք մը,
որ կարենայ քաղաքային կեանքին մէջ
տեսնել Աւետարանդ հռչակելու արգասաբեր հողը։

Շնորհէ՛ մեզի ստեղծագործ եւ խոր հաւատք,
որ չսահմանափակուի միայն խօսքերով,
այլ մարմնանայ պարզ ու մերձաւոր սիրոյ գործերով։
Մեզ դարձուր «ելքի մէջ գտնուող» Եկեղեցի,
որ կարենայ ձեռք երկարել դէպի ծայրամասերը,
մխիթարութիւն բերել միայնութեան մէջ ապրողներուն
եւ եղբայրասիրութիւն սերմանել
այնտեղ, ուր անտարբերութիւնը կը տիրէ։

Տէ՛ր, ըրէ՛, որ մեր քաղաքային համայնքները
ըլլան բաց եւ հիւրընկալ տուներ,
վայրեր, ուր յոյսը կը բաժնուի,
ուր ոչ ոք անտեսուած չզգայ ինքզինք,
եւ ուր Քու Աւետարանիդ ուրախութիւնը
լուսաւորէ բազմաթիւ եղբայրներու եւ քոյրերու
ծածուկ կեանքը։

Մեզ դարձուր Քու վկաներդ քաղաքին մէջ,
խիզախ ու ստեղծագործ միսիոնարներ,
որոնք իրենց կեանքով կը հռչակեն Քու Սէրդ,
այն Սէրը, որ կը յաղթահարէ
շտապողականութիւնը, աղմուկը
եւ անանունութիւնը։

Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

31/07/2026, 15:00