Լեւոն Պապը այցելեց Մոնթէքասինոն խաղաղութիւն հայցելով հակամարտութեամբ ու արիւնով դրոշմուած շրջաններուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Այս առտու, Լեւոն ԺԴ. Պապը առանձնական այցելութիւն մը տուաւ Մոնթէքասինոյի վանական համայնքին եւ Աբբայարանին, ուր կանգ առաւ աղօթելով Սուրբ Պենետիկտոսի գերեզմանին առջեւ՝ անոր վստահելով իր աղերսանքը խաղաղութեան համար աշխարհի այն շրջաններուն մէջ, որոնք նշանաւորուած են արիւնով եւ հակամարտութեամբ։ Ան ապա ճաշեց համայնքին հետ եւ, աւարտին, վերադարձաւ Քասթել Կանտոլֆօ». Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը իր «Թելեկրամ» ալիքի միջոցաւ։
Սրբազան Պապը այս օրերուն կը գտնուի Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցին մէջ մի քանի շաբաթուայ հանգստեան ժամանակի մը համար եւ 20 Յուլիսին առանձնական այս այցելութիւնը տուաւ Մոնթէքասինոյի Ապպայարանին, ուր աղօթքի մէջ ամփոփուեցաւ Պենետիկտեան Միաբանութեան հիմնադրի գերեզմանին առջեւ։
Այցելութիւնը, որ գաղտնի պահուած էր մինչեւ վերջին պահը, ընթացաւ մեծ պարզութեան մթնոլորտի մը մէջ։ Սրբազան Պապը դիմաւորուեցաւ վանական համայնքին կողմէ՝ գլխաւորութեամբ Տոն Լուքա Ֆալլիքա աբբահօր։ Ան ապա մասնակցեցաւ Վեցերորդ Ժամու աղօթքին, այցելեց Աբբայարանի Արխիւն ու Մատենադարանը եւ ճաշեց վանականներուն հետ՝ նախքան Քասթել Կանտոլֆօ վերադառնալը։
Աբբահայր Ֆալլիքայի համաձայն, Քահանայապետին ներկայութիւնը «անսպասելի նուէր մըն էր», որ զօրացուց պենետիկտեան համայնքին առաքելութիւնը՝ ի սպաս Եկեղեցւոյ եւ մարդկութեան։ Լեւոն ԺԴ. արդէն իսկ այցելած էր Մոնթէքասինօ իբրեւ ուսանող եւ ուզեց վերադառնալ իբրեւ ուխտաւոր՝ հետեւելով իր նախորդներու օրինակին։
Այս քայլը ունի նաեւ զօրաւոր խորհրդանշական արժէք՝ Աբբայարանին խաղաղութեան պատգամին հետ ունեցած պատմական կապին պատճառաւ։
Ճիշդ հոս է, որ 1964-ին, Պօղոս Զ. Սուրբ Պենետիկտոսը հռչակեց «Pacis Nuntius» (Խաղաղութեան Պատգամաւոր) եւ Եւրոպայի պաշտպան սուրբ։ Այցելութեան ընթացքին, Պապը նաեւ վառեց խաղաղութեան պատմական ճրագը, որ նոյնինք ինք նուիրած է Աբբայարանին։
Նախաձեռնութիւնը մաս կազմեց նաեւ 2029-ի Յոբելեանին պատրաստութեան ճանապարհին, որ պիտի տօնախմբէ Մոնթէքասինոյի հիմնադրութեան 1500-ամեակը։ Վանական համայնքը այս ընթացքը պիտի նուիրէ խաղաղութեան, լոյսի եւ յոյսի թեմաներուն՝ վերահաստատելով հաշտութեան վկայ ըլլալու իր կոչումը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
