Որոնել

Չիլէի Եկեղեցւոյ հաղորդակցութեան նուիրուած միջազգային 7-րդ ուսումնաժողով Չիլէի Եկեղեցւոյ հաղորդակցութեան նուիրուած միջազգային 7-րդ ուսումնաժողով 

Լեւոն ԺԴ. Իւրաքանչիւր արհեստագիտական գործիք թող ծառայէ ճշմարտութեան եւ բարիին

Սանթիակոյի (Չիլէ) Քահանայապետական Կաթողիկէ Համալսարանին մէջ ընթացքի մէջ գտնուող (Յուլիս 27-28) Եկեղեցւոյ հաղորդակցութեան նուիրուած միջազգային 7-րդ ուսումնաժողովի մասնակիցներուն ուղղուած կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամին մէջ, Լեւոն ԺԴ. կը քաջալերէ յառաջ տանելու «հաղորդակցութիւն մը, որ արհեստագիտական զարգացման ընձեռած նոր կարելիութիւններուն դիմաց գիտնայ պահպանել մարդկային անհատի արժանապատուութիւնը»։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Արհեստական բանականութիւնը պէտք է ըլլայ գործիք մը, որ կը ծառայէ ճշմարտութեան, բարիին եւ անհատի արժանապատուութեան։ Ասիկա է Լեւոն ԺԴ. Պապին փոխանցած պատգամը՝ Չիլէի Եկեղեցւոյ հաղորդակցութեան նուիրուած միջազգային 7-րդ ուսումնաժողովին առթիւ, որուն նիւթն է «Արհեստական բանականութեան մարտահրաւէրները»։ Հաւաքը տեղի կ'ունենայ Յուլիս 27-ին եւ 28-ին, Սանթիակոյի (Չիլէ) Քահանայապետական Կաթողիկէ Համալսարանին մէջ։

Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինի ստորագրած եւ հանդիպումի մասնակիցներուն ուղղուած պատգամին մէջ, Քահանայապետը հրաւէր կ՛ուղղէ յառաջ տանելու այնպիսի հաղորդակցութիւն մը, որ ընդունակ է արժեւորելու արհեստագիտական զարգացման ընձեռած առիթները՝ առանց անտեսելու մարդկային անհատի հանդէպ յարգանքը։ Քահանայապետվը նաեւ կը մաղթէ, որ արհեստական բանականութեան առաջադրած մարտահրաւէրները դիմագրաւուին իմաստութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ, որպէսզի եկեղեցական հաղորդակցութիւնը նպաստէ մարդոց միջեւ հանդիպումին եւ զօրավիգ կանգնի Աւետարանի քարոզչութեան։

Ուսումնաժողովը կը համախմբէ Լատին Ամերիկայի եւ Քարայիպեան աւազանի հաղորդակցութեան մասնագէտներ, հովուական մշակներ, ակադեմիականներ եւ եկեղեցական ներկայացուցիչներ՝ խորհրդածելու համար արհեստական բանականութեան բարոյական, մշակութային եւ կրօնական հետեւանքներուն շուրջ՝ նոր արհեստագիտութիւններու դարաշրջանին մէջ անհատի պաշտպանութեան նուիրուած Magnifica humanitas շրջաբերականի (encyclical) լոյսին տակ։

Աշխատանքներուն բացումը կատարեց Սանթիակոյի արքեպիսկոպոս, կարդինալ Ֆերնանտօ Նաթալիօ Շոմալի Կարիպը, որ ընդգծեց ընկերային ցանցերու դերը որպէս տարածութիւններ, ուր կ'արտացոլան հասարակութեան յարաբերութիւնները, յոյզերն ու հակամարտութիւնները։ Ըստ Անոր` վաւերական հաղորդակցութիւնը պէտք է հիմնուի չորս հիմնական պայմաններու վրայ՝ ճշմարտութեան, բարութեան, գեղեցկութեան եւ օգտակարութեան։ Ան նաեւ շեշտեց, որ շրջաբերականը չի վերաբերիր միայն արհեստական բանականութեան, այլ առանցքի վրայ կը դնէ յատկապէս մարդկային արժանապատուութիւնն ու ճշմարտութեան որոնումը։

Ելոյթին մէջ Շոմալի Կարիպ բացատրեց, որ այս արժէքներէն ներշնչուած հաղորդակցութիւնը կրնայ ամրապնդել երկխօսութիւնը, եղբայրութիւնն ու համայնքային կեանքը՝ հակակշռելով աճող անհատապաշտութիւնը։

Սուրբ Պատարագի մատուցման ընթացքին եւս ան վերահաստատեց, որ արհեստական բանականութիւնը պէտք է ուղղուած ըլլայ մարդուն ծառայելու եւ չդառնայ արտաքսման կամ տիրապետութեան գործիք։

Հաւաքին ընթացքին ելոյթ ունեցան նաեւ Չիլէի Քահանայապետական Կաթողիկէ Համալսարանի վերատեսուչ Խուան Քարլոս տէ լա Լիէրան եւ Չիլէի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի համաժողովի նախագահ՝ գերապայծառ Ռենէ Օսվալտօ Ռեպոլիետօ Սալինասը։ Վերջինս յիշեցուց, որ անհատի անխախտելի արժանապատուութիւնը պէտք է ներկայացնէ որեւէ արհեստագիտական եւ գիտական զարգացման ուղենիշը, չափանիշն ու նպատակը՝ վերահաստատելով այնպիսի յառաջդիմութեան մը անհրաժեշտութիւնը, որ միշտ մարդ արարածը կը դնէ կեդրոնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

28/07/2026, 14:59