2026.06.24 Udienza Generale

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը Տղամարդկանց Կրօնաւորաց Մեծաւորներու Համագումարի 70-ամեակին առթիւ

Պատգամին մէջ Քահանայապետը երախտագիտութիւն յայտնեց Համագումարի եօթը տասնամեակներու յանձնառութեան համար՝ կրօնաւորներու միջեւ գործակցութիւնը խթանելու եւ Աւետարանի ծառայութեան նուիրուած կեանքի վկայութիւնը ամրապնդելու ուղղութեամբ։ Ակնարկելով հաւաքոյթի բնաբանին՝ «Մէկ՝ ի Քրիստոս. Միասնական կեանքը այսօր», ան ընդգծեց, թէ եղբայրական կեանքը սրբացման, հաղորդութեան եւ ճշմարիտ քրիստոնէական վկայութեան արտօնեալ վայր մըն է։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Տղամարդկանց Կրօնաւորաց Մեծաւորներու Համագումարի (Conference of Major Superiors of Men) 70-ամեակին առթիւ, Լեւոն ԺԴ. Պապը նամակ մը յղեց Արիզոնայի Ֆէնիքս քաղաքին մէջ ընթացող 2026-ի Ազգային Համագումարի մասնակիցներուն։

Պատգամին մէջ Քահանայապետը երախտագիտութիւն յայտնեց Համագումարի եօթը տասնամեակներու յանձնառութեան համար՝ կրօնաւորներու միջեւ գործակցութիւնը խթանելու եւ Աւետարանի ծառայութեան նուիրուած կեանքի վկայութիւնը ամրապնդելու ուղղութեամբ։

Ակնարկելով հաւաքոյթի բնաբանին՝ «Մէկ՝ ի Քրիստոս. Միասնական կեանքը այսօր», ան ընդգծեց, թէ եղբայրական կեանքը սրբացման, հաղորդութեան եւ ճշմարիտ քրիստոնէական վկայութեան արտօնեալ վայր մըն է։

Լեւոն ԺԴ. Պապը քաջալերեց ապա կրօնաւորները՝ ամրապնդելու տարբեր համայնքներու եւ Միաբանութիւններու միջեւ կապերը, որպէսզի կարենան շարունակել ներկայանալ միասնական, ուրախ եւ վստահելի ներկայութեամբ այն իրականութիւններուն մէջ, ուր կը գործեն։

Եզրափակելով նամակը՝ Լեւոն Պապը Համագումարի աշխատանքները յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամին՝ Եկեղեցւոյ Մօր պաշտպանութեան, իր Հայրապետական Օրհնութիւնը շնորհելով բոլոր մասնակիցներուն եւ ներկայացուած Միաբանութիւններու անդամներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

22/07/2026, 12:02