Լեւոն Պապը եւ Նախագահ Մաթթարելլա Լեւոն Պապը եւ Նախագահ Մաթթարելլա  (@Vatican Media)

Լեւոն Պապը շնորհաւորեց Իտալիոյ Նախագահին տարեդարձը

Լեւոն ԺԴ. հեռագիր մը ուղղեց Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ` Տիար Սերճօ Մաթթարելլային՝ անոր 85-ամեակին առթիւ, ապահովեցնելով իր աղօթքները ժողովուրդի ծառայութեան ի խնդիր իրականացուող «բարձր պատասխանատուութեան» համար։Շնորհակալութիւն Իտալիոյ եկեղեցական կեանքին հանդէպ ցուցաբերուած ուշադրութեան համար
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երախտագիտութիւն «մշտական ուշադրութեան» համար, որով կը գործակցի Իտալիոյ «եկեղեցական եւ ընկերային կեանքին»։ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին խօսքերն են ասոնք ուղղուած Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ Սերճօ Մաթարելլային՝ անոր 85-ամեակի առթիւ եւ պարունակուած են 23 Յուլիս թուակիր հեռագիրի մը մէջ։ Քահանայապետը ապա Նախագահը կը յանձնէ Իտալիոյ պաշտպան Սուրբեր` Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի եւ Սիենայի Սրբուհի Կատարինէյի հովանիին ապա իր առաքելական օրհնութիւնները կը շնորհէ նախագահին անոր ընտանեկան պարագաներուն եւ համագործակիցներուն եւ նոյնինքն սիրելի Իտալիոյ։

Լեւոն Պապին այցելութիւնը Քուիրինալէ

Հռոմի Եպիսկոպոսը  Քուիրինալէի պալատը այցելած էր անցեալ 14 Հոկտեմբեր 2025-ին՝ արտասանելով ճառ մը, որ կեդրոնացած եղած էր բազմակողմանի դիւանագիտութեան եւ ընտանիքներու աջակցութեան վրայ Եւրոպայի մէջ, ուր ծնելիութիւնը, ինչպէս նկատել տուած էր Քահանայապետը, «զգալի նուազում» կ՛արձանագրէ։ Ան անդրադարձած էր նաեւ աշխարհի մէջ ընթացող պատերազմներուն՝ հրաւիրելով նայելու դէմքերուն անոնց, որոնք «կլանուած են մեր մոլորակը աւերող» բազմաթիւ պատերազմներուն մէջ «առանց խղճահարութեան մահ ու աւերում ծրագրողներու անխոհեմ դաժանութենէն», եւ խրախուսած էր լսելու անոնց աղաղակը։ Մաթարելլա, իր կարգին, ընդգծած էր Լեւոն ԺԴ.-ի գործունէութիւնը՝ ուղղուած «մարդկային անհատի կեդրոնականութեան» եւ երկխօսութեան։ Յանձնառութիւն մը, որ նախագահին կողմէ բազմիցս վերահաստատուած եւ գովաբանուած է Քահանայապետին յղուած այլ պատգամներու մէջ, ինչպէս՝ քահանայապետական պաշտօնավարութեան սկզբնաւորման առաջին տարեդարձին  եւ Սուրբ Զատկուան առիթով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

23/07/2026, 19:49