Որոնել

2023.05.11 Vaticano S. Pietro cupolone Petersdom Petersplatz

Լեւոն Պապը ստորագրեց Վատիկան Քաղաք Պետութեան նոր «Սահմանադրութիւնը»

Լեւոն ԺԴ. այսօր՝ Յուլիս 31-ին, կ՛արձակէ նոր Հիմնական Օրէնք մը, որ կը փոխարինէ 2023-ի օրէնքը՝ գոհացում տալու համար «կառավարման նոր կարիքներու եւ վերջին տարիներուն տեղի ունեցած օրէնսդրական կարեւոր փոփոխութիւններու» պահանջին: Նոր օրէնքը մէկ միացեալ օրէնսդրական բնագիրի մէջ կը ներառէ 2025-ի Նոյեմբերի Ինքնագիր Նամակով արդէն իսկ ներմուծուած փոփոխութիւնը, որ կը վերաբերի Քահանայապետական Յանձնախումբի նախագահութեան, որ այլեւս սահմանափակուած չէ միայն կարդինալներուն։

Ալեսսանտրօ Տի Պուսսոլօ – Վատիկան 

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը այսօր՝ Յուլիս 31-ին, Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլացիի յիշատակութեան օրը, ստորագրեց Վատիկան Քաղաքի Պետութեան  նոր Հիմնական Օրէնքը, որ, ինչպէս բացատրուած է յառաջաբանին մէջ, կը պատասխանէ «կառավարման նոր կարիքներու եւ վերջին տարիներուն տեղի ունեցած օրէնսդրական կարեւոր փոփոխութիւններու» պահանջքին: Անիկա անմիջապէս ուժի մէջ կը մտնէ եւ կը փոխարինէ նախորդը, որ ուժի մէջ էր 13 Մայիս 2023-էն ի վեր:

Նոր կանոն՝ Քահանայապետական Յանձնախումբի նախագահութեան վերաբերեալ

Նշանակալից կերպով Լեւոն ԺԴ.-ի կողմէ իր քահանայապետութեան սկիզբը արձակուած այս Օրէնքը կը հաստատէ եւ կ՛ամբողջացնէ այս փոփոխութիւնները, որոնք կը վերաբերին ինչպէս օրէնսդրական, այնպէս ալ գործադիր եւ դատական գործառոյթներուն: Մասնաւորաբար, օրէնսդրական  գործառոյթի վերաբերեալ, միացեալ այս օրէնսդրական բնագիրի մէջ կը ներառուի 19 Նոյեմբեր 2025-ի Ինքնագիր նամակով արդէն իսկ ներմուծուած փոփոխութիւնը՝ Վատիկան Քաղաքի Պետութեան Քահանայապետական Յանձնախումբի նախագահութեան մասին, որ կը վարէ օրէնսդրական եւ գործադիր գործառոյթները։ 

Motu Proprio-ն (2025) եւ նոր Օրէնքը

Այդ առթիւ, Սրբազան Քահանայապետը ջնջած էր Վատիկան Քաղաքի Պետութեան  նախորդ Հիմնական Օրէնքի 8-րդ յօդուածի առաջին կէտը, որ կը նախատեսէր, թէ միայն ծիրանաւորները  կրնային վարել Յանձնախումբի նախագահի պաշտօնը, որ այսօր կը վարէ քոյր մը՝ Ռաֆֆաէլլա Փեթրինի, որ նաեւ Կառավարութեան նախագահն է: Նոր Հիմնական Օրէնքի 8-րդ յօդուածը կը սահմանէ, թէ «Քահանայապետական Յանձնախումբը կազմուած է Կարդինալներէ եւ այլ Անդամներէ, որոնց շարքին է Նախագահը, նշանակուած Գերագոյն Քահանայապետին կողմէ՝ հինգ տարուան ժամկէտով»:

Գործադիր եւ դատական գործառոյթները

Ինչ կը վերաբերի գործադիր գործառոյթին, մէկ կողմէ կը հաստատուի Կառավարչութեան պաշտօնը, որ իր կազմակերպչական կառուցուածքով մասնակից է Պետութեան սեփական առաքելութեան եւ ի սպաս է Պետրոսի Յաջորդին, որուն ուղղակիօրէն կը պատասխանէ. միւս կողմէ՝ ճշգրտօրէն կը սահմանուին Նախագահին եւ Ընդհանուր Քարտուղարին պարտականութիւնները եւ անոնց միջեւ գործակցութեան յարաբերութիւնը: Ինչ կը վերաբերի Ընդհանուր Քարտուղարի կերպարին, կը շեշտուի անոր հաստատութենական դերը, ցոյց տալով որ այս պաշտօնը կրնայ ստանձնուիլ նաեւ մէկէ աւելի անձերու կողմէ:

Ինչ կը վերաբերի դատական գործառոյթին, 22-րդ յօդուածի առաջին կէտով հաստատօրէն կը վաւերացուի, թէ դատական մարմիններու իրաւական դրութիւնը կը սահմանուի դատական կազմակերպութեան մասին Օրէնքով: Օրէնք մը, որ վերջին տարիներու կարեւոր միջամտութիւններուն շնորհիւ լիովին կ՛ երաշխաւորէ արդարադատութեան մատակարարման սպասարկութիւնը:

Օրէնք մը՝ Պետութեան «սահմանադրական դիմագիծ» տալու համար

Այս խիստ կառուցուածքով, նոր Հիմնական Օրէնքը, որ նախորդներուն նման պատրաստուած է, ինչպէս նշուած է յառաջաբանին մէջ, «Վատիկան Քաղաքի Պետութեան, անոր իշխանութիւններուն եւ անկէ բխող գործառոյթներուն իրականացման սահմանադրական դիմագիծ տալու համար», կը մնայ Պետութեան ամէն այլ օրէնսդրութեան հիմքն ու յենակէտը՝ հաստատելով վատիկանեան իրաւական համակարգի եզակի առանձնայատկութիւնն ու ինքնավարութիւնը:

Կառավարչութեան պարտականութիւնը

Դարձեալ Օրէնքի յառաջաբանին մէջ կը պարզաբանուի, որ վերահաստատուած է «Կառավարչութեան պարտականութիւնը, որ կը նպաստէ Պետութեան սեփական առաքելութեան եւ ի սպաս է Պետրոսի Յաջորդին, որուն ուղղակիօրէն կը պատասխանէ»: Ինչպէս նախկինին, կ՛ եզրափակէ յառաջաբանը, «կառավարման մարմիններուն եւ անոնց, որոնք տարբեր պատասխանատուութիւններով եւ ճշմարիտ եկեղեցական ոգիով մշտապէս իրենց ծառայութիւնը կը մատուցանեն Պետութեան, կը տրուի որեւէ բխող իշխանութեան գործադրութիւնը՝ Լատերանեան Դաշնագրով սահմանուած տարածքին մէջ եւ այն կալուածներուն ու շրջաններուն մէջ, ուր կը գործեն Պետութեան կամ Սուրբ Աթոռի հաստատութիւնները, եւ ուր, միջազգային իրաւունքի ուժով, վաւերական են անձնական եւ գործառական երաշխիքներն ու անձեռնմխելիութիւնները»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

31/07/2026, 12:06