Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  

Լեւոն ԺԴ․. Ամերիկայէն կը սիրեմ ազատութիւնը եւ աշխարհի բոլոր կողմերէն եկած մարդոց ընդունելութիւնը

Լեւոն ԺԴ․ Պապը յայտնեց, թէ Ամերիկայի մեծագոյն արժէքները ազատութիւնն ու աշխարհի տարբեր ժողովուրդներուն նկատմամբ ցուցաբերուած ընդունելութիւնն են՝ վերահաստատելով, որ իր առաքելութիւնը իբրեւ ընդհանրական Եկեղեցւոյ հովիւ խաղաղութեան, եղբայրութեան եւ յոյսի տարածումն է։ Ան նաեւ քաջալերեց գաղթականները չյուսահատիլ, ընդգծեց երեխաներու խաղաղարար վկայութեան կարեւորութիւնը եւ յայտնեց, որ կը փափաքի մօտ ապագային այցելել Միացեալ Նահանգներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը NBC եւ Telemundo հեռուստաընկերութիւններուն տուած հարցազրոյցին ընթացքին, վերահաստատեց իր մօտեցումը գաղթականներու, խաղաղութեան եւ համամարդկային եղբայրութեան նկատմամբ՝ ընդգծելով, որ Ամերիկայի մեծագոյն արժէքը ազատութեան ոգին եւ աշխարհի զանազան ժողովուրդները մէկ ազգի մէջ ընդունելու կարողութիւնն է։

Երեխաները՝ խաղաղութեան իսկական ուսուցիչներ

Հարցազրոյցը տրուեցաւ Քասթել Կանտոլֆոյի Պապական պարտէզներուն մէջ, «Խաղաղութեան Երգը» աղօթքի հանդիպումէն ետք, ուր մասնակցեցան Իտալացի երգիչ Անտրէա Պոչելլին եւ ABF Voices երգչախումբը։

Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ տարբեր երկիրներէ եւ կրօնքներէ եկած երեխաներու մասնակցութեան՝ նշելով, թէ անոնք իրենց երգով ու աղօթքով կը յիշեցնեն, որ խաղաղութիւնը կը սկսի փոխադարձ ընդունելութենէն։ Ան յայտնեց, որ մարդիկ պէտք է սորվին տարբերութիւնները երկրորդական նկատել եւ արժեւորել իւրաքանչիւր մարդը՝ որպէս Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած անձ։

Պապը շեշտեց, թէ երեխաներու պարզ հարցումները՝ «Ինչո՞ւ պատերազմ կայ եւ ոչ խաղաղութիւն, ինչո՞ւ ատելութիւն եւ ոչ սէր», խոր պատգամ կը փոխանցեն մեծերուն։ Ան վստահութիւն յայտնեց, որ մարդկութիւնը կրնայ յաղթահարել հակամարտութիւններն ու ատելութիւնը, եթէ բոլորը միասնաբար աշխատին խաղաղութիւն կառուցելու համար։

«Նախ եւ առաջ՝ ընդհանրական Եկեղեցւոյ հովիւ»

Անդրադառնալով իր ծագումին՝ Լեւոն ԺԴ․ ըսաւ, թէ Ինք նախ եւ առաջ կը նկատէ ինքզինք «ընդհանրական Եկեղեցւոյ Պապ», իսկ միայն պատահմամբ՝ ամերիկացի, «Ինքզինքս աւելի կը տեսնեմ որպէս Պապ, որ միայն պատահմամբ ամերիկացի է» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով,  որ խոր սէր կը տածէ իր հայրենիքին նկատմամբ եւ կը գիտակցի, թէ առաջին ամերիկացի Պապ ըլլալը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին համար։

Ներգաղթեալներու ժառանգութիւն՝ Ամերիկայի հարստութիւնը

Պապը նաեւ յիշեց իր ընտանեկան պատմութիւնը՝ նշելով, որ հօրենական կողմէ ներգաղթածներու ժառանգ է, մինչդեռ մօրենական տոհմին մէջ եղած են թէ՛ ստրուկներ եւ թէ՛ ստրկատէրեր։ Ըստ Քահանայապետին, այս պատմական բազմազանութիւնը կը մարմնաւորէ Ամերիկայի հարստութիւնն ու աճի ճանապարհը։

Յոյսի պատգամ գաղթականներուն

Գաղթականներուն ուղղուած իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը քաջալերեց զանոնք չյուսահատիլ, յոյսը չկորսնցնել եւ հասարակութեան մէջ պատասխանատու ու կարգապահ կերպով ապրիլ։

Միացեալ Նահանգներ այցելելու փափաք

Վերջապէս, Լեւոն ԺԴ․ յայտնեց, որ անկեղծ փափաք ունի մօտ ապագային այցելելու Միացեալ Նահանգներ՝ աւելի զօրեղ կերպով վկայելու խաղաղութեան, սիրոյ եւ ժողովուրդներու միջեւ համերաշխութեան իր պատգամը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

30/07/2026, 10:43