ITALY-VATICAN-RELIGION-POPE

Սուպիաքօ․Լեւոն Պապը այցելեց Սուրբ Պենետիկտոսի եւ Սուրբ Սքոլասթիքայի վանքերը

Այսօր՝ Յուլիս 22-ի կէսօրուան ատենները, թողելով Վալլէփիէթրայի Սուրբ Երրորդութեան սրբավայրը, Լեւոն ԺԴ. հասաւ Սուպիաքոյի Սուրբ Պենետիկտոսի վանքը։ Սուրբ Ֆրանսիսկոսի որմանկարին առջեւ խոկալէ եւ Սուրբ Պենետիկտոսի արձանը համբուրելէ ետք, կրօնաւորներուն հետ արտասանեց «Հայր Մեր»ը։ Վերջապէս բարձրացաւ Սուրբ Սքոլասթիքայի վանք, ուր ճաշեց պենետիկտեան համայնքին հետ եւ այցելեց սիւնազարդ բակերն ու վանքը։
Ունկնդրէ այս եւ Քահանայապետին հայող միւս լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Այսօր՝ Յուլիս 22-ի կէսօրէ առաջ, Լեւոն ԺԴ. Պապը թողելով Սուրբ Երրորդութեան սրբավայրը,  կէսօրուան ատենները ինքնաշարժով հասաւ Սուպիաքոյի Սուրբ Պենետիկտոսի վանքը, որ շուրջ երեսուն քիլոմեթր հեռու է։

Վանքի համալիրը այցելած ատեն, ինչպէս կը տեղեկացնէ Վատիկանի Մամլոյ Գրասենեակը իր Telegram-ի հաշւոյն վրայ, լուռ խոկումով կանգ առաւ Սուրբ Ֆրանսիսկոսի ԺԳ. դարու որմանկարին առջեւ, իսկ Սուրբ Քարայրին մէջ, ըստ աւանդութեան, համբուրեց Սուրբ Պենետիկտոսի արձանին ծունկը եւ ներկաներուն հետ արտասանեց «Հայր Մեր»ը։



Ան աւարտին բարձրացաւ Սուրբ Սքոլասթիքայի վանքը, ուր ճաշեց պենետիկտեան համայնքին հետ եւ այցելեց սիւնազարդ բակերն ու վանքը։ Պապը եւ իրեն ընկերակցողները ժամը 16-էն ետք մեկնեցան վերադարձ կատարելով Քասթել Կանտոլֆօ Ամարանոց։

Լեւոն Պապը այցելեց Սուրբ Պենետիկտոսի եւ Սուրբ Սքոլասթիքայի վանքերը
Լեւոն Պապը այցելեց Սուրբ Պենետիկտոսի եւ Սուրբ Սքոլասթիքայի վանքերը   (@Vatican Media)

Պենետիկտեան համայնքին ուրախութիւնն ու երախտագիտութիւնը

«Սուպիաքոյի պենետիկտեան համայնքը ուրախութեամբ եւ երախտագիտութեամբ ընդունեց Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապին այցելութիւնը Նուիրական Վանքեր, ուր Սուրբ Պենետիկտոս սկիզբ տուաւ իր հոգեւոր ուղիին» նշեց այս առիթով Աբբահայր՝ Հայր Մաուրօ Մեաչչի ։

«Սրբազան Քահանայապետին ներկայութիւնը, — աւելցուց ան, — կը նորոգէ Եկեղեցւոյ եւ պենետիկտեան շնորհապարգեւին միջեւ եղած կապը՝ ամէնքը հրաւիրելով աղօթքի, Խօսքի լսողութեան եւ խաղաղութեան փնտռտուքի նախապատուութեան»։

Լեւոն Պապը այցելեց Սուրբ Պենետիկտոսի եւ Սուրբ Սքոլասթիքայի վանքերը
Լեւոն Պապը այցելեց Սուրբ Պենետիկտոսի եւ Սուրբ Սքոլասթիքայի վանքերը   (@Vatican Media)

Պապին ձգած պատգամները վանական համայնքին

Սուրբ Պենետիկտոսի վանքի այցելուներու տոմարին վրայ, Քահանայապետը գրեց․ «Ora et labora… (Աղօթէ եւ աշխատէ)․ պենետիկտեան կրօնաւորներու վկայութիւնը այժմէական է եւ այնքան կարեւոր՝ Եկեղեցւոյ եւ այսօրուան աշխարհին մէջ։ Շնորհակալ եմ այս համայնքին՝ հոյակապ հիւրընկալութեան համար, եւ ձեզ կը հրաւիրեմ ամբողջ Եկեղեցւոյ հետ միասին աղօթելու աշխարհի խաղաղութեան համար։ Իմ օրհնութեամբս։ Սուրբ Մարիամ Մագդաղենացիի տօնին օրը»։

Իսկ Սուրբ Սքոլասթիքայի վանքի տոմարին մէջ ան կատարեց հետեւեալ գրարումը. «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Տիրոջ՝ այս սուրբ վայրը այցելելու շնորհքին համար, Սուրբ Մագդաղենացիի ծիսական տօնին օրուան առիթով, որ առաջինը եղաւ որ աւետեց Տիրոջ Յարութիւնը»։

Լեւոն Պապը այցելեց Սուրբ Պենետիկտոսի եւ Սուրբ Սքոլասթիքայի վանքերը
Լեւոն Պապը այցելեց Սուրբ Պենետիկտոսի եւ Սուրբ Սքոլասթիքայի վանքերը   (@Vatican Media)

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

22/07/2026, 16:30