Լեւոն Պապը տարեցներու հետ Լեւոն Պապը տարեցներու հետ 

Լեւոն ԺԴ․ «Արձակուրդի ատեն առանձին մի՛ թողուք աղքատներն ու տարեցները»

Պապը կը պատասխանէ «Փիացցա Սան Փիէթրօ» ամսագրի ընթերցողի մը, որ կը հարցնէ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է արձակուրդները ապրիլ ոչ միայն իբրեւ «օրական առօրեայէն դադար մը», այլ իբրեւ հաւատքի կեանքի հոգեւոր ուղի, եւ կը յորդորէ ապրիլ եղբայրութեան ու հաղորդութեան փորձառութիւնը: Ան ապա կը զգուշացնէ արձակուրդներու ընթացքին հեռու մնալ «ծայրահեղութիւններէ ու վատնումներէ, նիւթապաշտութենէն եւ սպառողականութենէն», ինչպէս նաեւ դաստիարակուիլ «պարկեշտութեան եւ զսպուածութեան»:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Հաւատքը արձակուրդի չ՛երթար։ Սա՛ է այն կեդրոնական պատգամը, որ Լեւոն ԺԴ կը փոխանցէ «Piazza San Pietro» պարբերաթերթի ընթերցողներուն՝ պատասխանելով Մաուրիցիո անունով ընթերցողի մը նամակին, որ հարց կու տար․ «Սիրելի՛ Պապ, ինչպէ՞ս կարելի է զարգացնել հաւատքը արձակուրդի ընթացքին»։

Քահանայապետը կը հրաւիրէ ամառնային շրջանը ապրելու ոչ միայն իբրեւ հանգիստի ժամանակ, այլ նաեւ իբրեւ առիթ՝ վերագտնելու եղբայրութեան, զօրակցութեան եւ տառապողներուն մօտիկութեան արժէքը։ Արձակուրդները, կ՛ընդգծէ ան, պէտք է ներկայացնեն խաղաղութեան եւ հանդարտութեան տարածք մը ամէնուն համար։ Այսուհանդերձ, Ան իրապաշտութեամբ կը հրաւիրէ հաշուի առնելու, որ միլիոնաւոր մարդիկ չեն կրնար նոյնիսկ քանի մը օրուան հանգիստ արտօնել իրենց՝ ճնշուած տնտեսական դժուարութիւններէ, հիւանդութենէ, առանձնութենէ կամ պատերազմի հետեւանքներէ։

Նամակին մէջ, Լեւոն Պապը իր հայեացքը կը տարածէ մարդկութեան բոլոր ծայրամասերուն վրայ․ հիւանդները, հաւատքը կորսնցնողները, սուգի մէջ գտնուողները, բռնութեան եւ ահաբեկչութեան զոհերը, հաւատքի համար հալածուողները, բանտարկեալները, գործը կամ տունը կորսնցնողները, ինչպէս նաեւ ընդունելութիւն չգտնող գաղթականները։ Բոլորին համար ան կը խնդրէ ուշադրութիւն, մօտիկութիւն եւ սիրոյ գործնական քայլեր։

Յատկապէս նշանակալից բաժին մը ուղղուած է ընտանիքներուն․ «Առանձին մի՛ թողուք ձեր տարեցները»։ Պարզ, բայց ազդեցիկ կոչ մը, որ կը հրաւիրէ պատասխանատուութեան՝ ծնողներուն եւ մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն հանդէպ, որոնք յաճախ կը մոռցուին ճիշդ ամառնային շրջանին, երբ շատ մը քաղաքներ կը դատարկուին, եւ առանձնութիւնը աւելի ծանր կը դառնայ։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ քաջալերանք կ՛ուղղէ կամաւորներուն՝ երիտասարդներուն եւ չափահասներուն, հրաւիրելով զանոնք իրենց արձակուրդին մէկ մասը նուիրելու ամենախոցելիներու ծառայութեան։

Տառապողներուն մարդկայնութիւն եւ յոյս բերելը, կը հաստատէ Ան, միայն նուէր մը չէ օգնութիւն ստացողին համար, այլ նաեւ շնորհքի, ուրախութեան եւ ճշմարիտ երջանկութեան աղբիւր՝ ծառայողին համար։

Ամռան ընթացքին հաւատքը աճեցնելու ձեւին մասին հարցումին՝ Քահանայապետին պատասխանը յստակ է․ գործնականապէս ապրիլ խաղաղութեան եւ ողորմութեան Աւետարանը։ Հաւատքը կ՛աճի գործերու միջոցաւ, աղքատներուն մօտիկութեան եւ աւետարանական աղքատութեան վկայութեան մէջ, որովհետեւ բարեսիրական ամէն մէկ արարք ծառայութիւն մըն է, մատուցուած՝ ինքնին Քրիստոսին։

Լեւոն ԺԴ նաեւ կը հրաւիրէ պարկեշտ կենցաղավարութեան՝ նոյնիսկ արձակուրդի ընթացքին, զգուշացնելով չափազանցութիւններէ, վատնումէ, նիւթապաշտութենէ եւ սպառողականութենէ։ Բարիքներու կուտակումը, նկատել կու տան Ան, կրնայ խոչընդոտել աւետարանութիւնը եւ հեռացնել քրիստոնէական պատգամի կորիզէն։

Նամակը կը փակուի յոյսի ուժեղ հրաւէրով մը։ Միջազգային տագնապներով եւ լարուածութիւններով նշանաւորուած աշխարհի մը մէջ, Պապը կը վերահաստատէ, որ ո՛չ մէկ երկրային ուժ կրնայ փրկել մարդկութիւնը, այլ միայն Աստուծոյ սիրոյ ուժը՝ յայտնուած Յիսուս Քրիստոսի մէջ։ Անոր մէջ է, կը հաստատէ ան, որ քրիստոնեաները կանչուած են հաւատալու, յուսալու եւ իրենց կեանքը ուղղորդելու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

22/07/2026, 13:55