Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը աւարտեց Քասթել Կանտոլֆոյի ամառնային հանգիստը եւ վերադարձաւ Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Պապը Յուլիս 27-ին աւարտեց Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ իր 23-օրեայ ամառնային հանգիստը եւ վերադարձաւ Վատիկան՝ հրաժեշտ տալով իրեն ողջունելու եկած հաւատացեալներուն ու օրհնելով երեխաները։ Իր հանգստի ընթացքին ան միացուց աղօթքը եւ հանգիստը հովուական ծառայութեան հետ՝ հանդիպելով հաւատացեալներուն, ճաշելով ընկերային խոցելի պայմաններու մէջ ապրող անձերու հետ, մասնակցելով մշակութային ձեռնարկներու եւ կատարելով ուխտագնացութիւններ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Պապը Յուլիս 27-ի երեկոյեան աւարտեց Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ իր ամառնային հանգիստը եւ վերադարձաւ Վատիկան։ Ան առաքելական պալատէն մեկնեցաւ երեկոյեան ժամը 20։34-ին՝ ողջունելով իրեն դիմաւորելու հաւաքուած հաւատացեալները եւ օրհնելով ծնողներուն հետ ներկայ գտնուող փոքրիկները, մինչ ներկաները ջերմ ծափողջոյններով եւ «Կեցցէ՛ Պապը» բացագանչութիւններով հրաժեշտ կու տային Սրբազան Քահանայապետին։

Լեւոն ԺԴ. Պապը Քասթել Կանտոլֆօ հասած էր Յուլիս 5-ին՝ ամառնային հանգստի համար։ Իր 23-օրեայ բնակութեան ընթացքին ան ժամանակ յատկացուց աղօթքի, ընթերցանութեան եւ մարմնամարզութեան, միաժամանակ շարունակելով իր հովուական առաքելութիւնը։ Ան երեք կիրակիներ անընդմէջ նախագահեց «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքը առաքելական պալատի մուտքէն, իսկ Յուլիս 11-ին պապական պարտէզներուն մէջ ճաշեց Հռոմի թեմէն եկած ընկերային խոցելի պայմաններու մէջ ապրող 200 անձերու, որոնց մէջ կային նաեւ 35 մանուկներ։

Յուլիս 18-ին Սրբազան Քահանայապետը մասնակցեցաւ Ալպանոյի թեմին կողմէ կազմակերպուած երաժշտական երեկոյին, իսկ անցեալ շաբաթ իրականացուց նաեւ մասնաւոր ուխտագնացութիւններ՝ այցելելով Մոնթէ Քասսինոյի Պենետիկտեան աբբայութիւնը, Վալլեփիէթրայի Սրբազան Երրորդութեան սրբավայրը, ինչպէս նաեւ Սուպիաքոյի Սուրբ Բենեդիկտոսի եւ Սուրբ Սքոլասթիքայի վանքերը։

 Քահանայապետը կրկին պիտի վերադառնայ Քասթել Կանտոլֆօ Յուլիս 29-ին՝ մասնակցելու «Խաղաղութեան օրհներգ» խորագիրով աղօթքի եւ եղբայրութեան հանդիպումին, որ կը կազմակերպուի «Laudato si'» Բարձրագոյն կրթական կեդրոնին եւ «Անտրէա Պոչելլի» հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ՝ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի վախճանման ութերորդ հարիւրամեակին նուիրուած հանդիսութիւններու ծիրէն ներս։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

28/07/2026, 12:00