Որոնել

Քասթել Կանտոլֆոյի Առաքելական Պալատին մէջ համերգ ի պատիւ Քահանայապետին Քասթել Կանտոլֆոյի Առաքելական Պալատին մէջ համերգ ի պատիւ Քահանայապետին  (ANSA)

Լեւոն ԺԴ. «Գեղեցկութիւնը մեզի կ'օգնէ մեր հայեացքը բարձրացնելու դէպի երկինք»

Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ Ալպանոյի թեմը Քահանայապետին մատուցեց համերգ մը՝ անոր ամառնային կեցութեան ընթացքին։ «Կ'ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր կը պակսի գեղեցկութիւնը։ Այսպիսի առիթով մը հաւաքուելու հնարաւորութիւն ունենալը իսկապէս մեծ պարգեւ մըն
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Կ'ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր կը պակսի գեղեցկութիւնը։ Կան բազմաթիւ խնդիրներ, պատերազմներ, հակամարտութիւններ, ատելութիւն, բռնութիւն, գործազրկութիւն եւ շատ ուրիշ բաներ։ Այսպիսի առիթով մը հաւաքուելու հնարաւորութիւն ունենալը իսկապէս մեծ պարգեւ մըն է, որովհետեւ մեզի կը յիշեցնէ, թէ այս բոլորէն անդին աւելին գոյութիւն ունի։ Եւ թէ տղամարդն ու կինը, երբ ուզենք, բոլորս միասին, կրնան ներկայացնել այն գեղեցկութիւնը, որ սիրտէ սիրտ մեզի կ'օգնէ տեսնելու եւ մեր հայեացքը բարձրացնելու դէպի երկինք»։

Այս խօսքերով է որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը շաբաթ 18 Յուլիսի երեկոյեան ողջունեց Քասթել Կանտոլֆոյի Առաքելական Պալատի բակին մէջ կայացած համերգի ներկաները։ Համերգը կազմակերպուած էր Ալպանոյի թեմին կողմէ՝ իբրեւ մօտիկութեան եւ սիրոյ նշան Քահանայապետին հանդէպ, Անոր ամառնային կեցութեան ընթացքին։

«Գիտէք որ, մօտաւորապէս ամիս մը առաջ, առաքելական ճամբորդութիւն մը կատարեցի Սպանիա, ուր ճամբորդութեան նշանաբանն էր՝ «Alzad la mirada» (Բարձրացուցէ՛ք ձեր հայեացքը). բարձրացնենք մեր աչքերը, մեր հայեացքը դէպի Երկինք։ Երաժշտութիւնը, արուեստը, գեղեցկութիւնը իսկապէս միջոց մըն են, որ մեզի կ'օգնեն դէպի Աստուած ուղղուած շարժումով դիտելու այն, ինչ որ իսկապէս մարդկային էակի լաւագոյն կողմերէն մէկն է» շարունակեց Քահանայապետը՝ անդրադառնալով երաժշտութեան եւ արուեստի արժէքին՝ իբրեւ գործիքներ, որոնք ընդունակ են մարդու հայեացքը վեր բարձրացնելու ներկայի դժուարութիւններէն անդին՝ գեղեցկութեան մէջ տեսնելով փորձառութիւն մը, որ կ'առաջնորդէ դէպի Աստուած եւ յոյս կը ներշնչէ։

Եւ ճիշդ այս է պատահածը համերգի ընթացքին, որուն ժամանակ ջութակահար Մարքօ Ռոսլիանօ մեկնաբանեց Նիքոլօ Փականինիի «Երրորդ համերգ ջութակի համար» գործի փոլոնեզը (լեհական պար)՝ փոփոխակումներով, իսկ դաշնակահարուհի Ռոսանա Թոմասի Կոլքար կատարեց Լուիս Պաքալովի կողմէ յօրինուած՝ Վինչենցօ Պելլինիի «Նորմա» օփերայի հիման վրայ ազատ ֆանթազիան եւ փոփոխակումները, ընկերակցութեամբ «Ի Մուզիչի տի Փարմա» (I Musici di Parma) նուագախումբին՝ մայեսթրօ Փիեր Քարլօ Օրիցիոյի ղեկավարութեամբ։

Ճիշդ անոնց՝ երաժիշտներուն է որ Լեւոն ԺԴ. ուղղեց առաջին շնորհակալութիւնը.

«Մեծ շնորհակալութիւն արուեստագէտներուն, որոնք զիս յուզեցին։ Ալպանոյի թեմին, որ այս համերգը նուիրեց մեզի եւ ձեզի՝ բոլոր ներկաներուդ, որովհետեւ գեղեցկութեան այս քանի մը վայրկեաններուն ընթացքին մենք իսկապէս կրցանք ապրիլ մեծ բան մը, որ ճիշդ մուտք գործելն է, բազում իմաստներով, այն ամէնուն մէջ, ինչ որ Աստուած ուզեց արարչագործութեան մէջ, որ ճիշտ գեղեցկութիւնն է»,- ըսաւ Սրբազան Պապը։

Նշենք որ համերգին բացումը կատարած էր Ալպանոյի եպիսկոպոսը՝ գերապայծառ Վինչենցօ Վիվա, յայտնելով թեմին երախտագիտութիւնը Պապի վերադարձին համար եւ ընդգծելով երաժշտութեան արժէքը՝ իբրեւ բաժնեկցութեան նշան։ Անդրադառնալով Պելլինիի «Նորմա» օփերային՝ ան իր խօսքը ուղղեց պատերազմներէն տուժած կիներուն ու մայրերուն՝ վերահաստատելով Սրբազան Քահանայապետին կողմէ տարածուող խաղաղութեան պատգամը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

19/07/2026, 07:30