2026.02.19 Incontro con il Clero della Diocesi di Roma

12 Դեկտեմբերին Լեւոն ԺԴ. Պապը պիտի հանդիպի իտալացի կղերին. Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դաս

«Ոչ մէկ Հովիւ առանձինն կ՛ապրի եւ կը ծառայէ. մենք իրարու կարիքն ունինք, հասարակաց աղօթքի, մտիկ ընելու եւ իրական եղբայրութեան, որ կը ստանձնէ հաւատարմութիւնը եւ ապագայ կը ծնի»
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Շաբաթ, դեկտեմբեր 12-ին, Լեւոն ԺԴ. Պապը պիտի հանդիպի իտալացի կղերականութեան հետ։ Ունկնդրութեան պիտի նախորդէ, ուրբաթ 11-ի կէսօրէ ետքը, խորհրդածութեան պահ մը եւ աղօթքի հսկում մը։

Այս կրկնակի հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ «Ապագայ ծնող հաւատարմութիւն մը» առաքելական նամակի առաջին տարեդարձի օրերուն, որ հրատարակուած էր «Optatam totius» եւ «Presbyterorum Ordinis» ժողովական հրամանագիրերու 60-ամեակին առթիւ։

Հետեւաբար, ինչպէս ընդգծած է Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասի (ԻԵԿ) նախագահ Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի՝ իտալացի եպիսկոպոսներուն ուղղուած իր առաջին նամակին մէջ, ասիկա «հաղորդութեան, աղօթքի եւ եղբայրութեան թանկագին առիթ մըն է», «նորոգելու մեր հաւատարմութիւնը Քրիստոսին եւ պատրաստակամութիւն յայտնաբերելու ծառայելու Եկեղեցիին ու մեզի վստահուած ժողովուրդին»։

«Սրբազան Պապը մեզի կը յիշեցնէ, թէ հաւատարմութիւնը անշարժութիւն կամ յոգնեցուցիչ կրկնութիւն չէ, այլ ընդունուելիք շնորհք մը եւ դարձի ամէնօրեայ ճամբայ», կը յիշեցնէ հուսկ Նախագահ Կարդինալը՝ ընդգծելով, որ ժողովական երկու հրամանագիրերը, պահելով «իրենց ամբողջ այժմէականութիւնը», կ՛օգնեն «պահպանելու քահանայական սպասաւորութիւնը Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ հետ կենդանի կապին մէջ, եպիսկոպոսին հետ հաղորդութեան, քահանայական դասի եղբայրութեան եւ Աստուծոյ Ժողովուրդին մատուցուած ծառայութեան մէջ»։

Նամակին մէջ Կարդինալ Ծուփփին կ՛ընդգծէ «քահանաներուն առատաձեռնութիւնը եւ այն խոնարհ հաւատարմութիւնը, որով ամէն օր կ՛աւետեն Խօսքը, կը տօնեն Սուրբ Պատարագը, կ՛ընկերակցին մարդոց եւ կը պահպանեն համայնքները», ինչպէս նաեւ «յոգնութիւնները, առանձնութիւնը, յուսահատութիւնը եւ աճող պատասխանատուութեանց ծանրութիւնը»։

«Մենք չենք ուզեր պահել այս դժուարութիւնները, բայց ոչ ալ թոյլ տալ, որ անոնք վերջին խօսքը ունենան։ Ճիշդ այս պատճառով կարիքն ունինք միասին աղօթելու, զիրար զօրացնելու եւ կոչումին ուրախութիւնը վերագտնելու», նկատել կու տայ ԻԵՀԴ-ի նախագահը՝ վստահ ըլլալով, որ «Պապին հետ հանդիպումը մեզի պիտի օգնէ հաւատքի մէջ հաստատուած զգալու, առաքելութեան մէջ քաջալերուելու եւ հաղորդութեան մէջ առաւել միացած ըլլալու»։

«Ոչ մէկ Հովիւ առանձինն կ՛ապրի եւ կը ծառայէ. մենք իրարու կարիքն ունինք, հասարակաց աղօթքի, մտիկ ընելու եւ իրական եղբայրութեան, որ կը ստանձնէ հաւատարմութիւնը եւ ապագայ կը ծնի», կ՛ եզրակացնէ ան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

30/07/2026, 09:30