Լեւոն ԺԴ.-ի նոր գիրքը՝ «Զինաթափուած եւ զինաթափող․ Խաղաղութիւնը նուէր մըն է» (Վատիկանի Հրատարակչատուն) Լեւոն ԺԴ.-ի նոր գիրքը՝ «Զինաթափուած եւ զինաթափող․ Խաղաղութիւնը նուէր մըն է» (Վատիկանի Հրատարակչատուն) 

Լեւոն ԺԴ. Ոչ թէ ադոմային զէնքերը, այլ զինաթափումն է որ խաղաղութիւն կը ստեղծէ

Վատիկանի Հրատարակչատունը կը հրատարակէ Լեւոն ԺԴ-ի նոր գիրքը՝ «Զինաթափուած եւ զինաթափող․ խաղաղութիւնը պարգեւ մըն է» վերնագիրով։ Ալեսանտրօ Պանֆիի կողմէ խմբագրուած հատորը առաջին ժողովածոն է, որ կը համախմբէ Փրեւոսթ Պապին զանազան ելոյթներն ու պատգամները խաղաղութեան թեմային շուրջ՝ սկսեալ իր ընտրութեան օրէն՝ 8 Մայիս 2025-էն. անոնք կը ներկայացուին Քահանայապետի անտիպ բնագիրով մը։
Ունկնդրէ լուրը

ԼԵՒՈՆ ԺԴ.

«Խաղաղութիւն ձեզի». ասիկա եղաւ առաջին ողջոյնը, զոր Յարուցեալ Յիսուսը ուղղեց իր առաքեալներուն (Յովհ 20,19)։ Ասիկա նաեւ առաջին պարգեւն է, զոր յարուցեալ Քրիստոսը ընծայեց իր բարեկամներուն եւ համայն աշխարհին՝ խաղաղութիւնը։ Սակայն այդ պարգեւը չտրուեցաւ «աժան գինով». Նազովրեցի Վարդապետին փառաւոր մարմինը կը կրէր Չարչարանքներուն վէրքերը։ Ան անցաւ ատելութեան, բռնութեան եւ աշխարհի «խաչէ զդա»-ին մէջէն։ Յիսուս Քրիստոս կրեց անարդարութիւնը՝ զինաթափուած եւ զինաթափող, եւ յարութիւն առաւ։ Աւետարանական պատգամը ներգրուեցաւ եւ կը ներգրուի պատմութեան մէջ. այսօր, ինչպէս երկու հազար տարի առաջ։

Խաղաղութիւնը այն մեծ փափաքն է, որ կը յուզէ շատերու սրտերը, բայց ան նաեւ յաճախ կը սպառնացուի, կը կոխկռտուի ու կը ձաղկուի։ Այսօր աւելի քան 103 պետութիւններ այս կամ այն ձեւով ներգրաւուած են պատերազմի մէջ Երկրի վրայ (1)։ Զէնքերը կ'որոտան եւ կը սպանեն Ուքրանիոյ, Միջին Արեւելքի, Սուտանի, Միանմարի, Եմենի, Քոնկոյի մէջ եւ բազմաթիւ այլ վայրերու մէջ։

Իմ սիրելի նախորդս՝ Ֆրանչիսկոս Պապը, իր ժամանակին հնարեց «մաս-մաս համաշխարհային երրորդ պատերազմ» արտայայտութիւնը՝ նկարագրելու համար համատարած հակամարտութեան կացութիւն մը, որ աննախադէպ է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ի վեր։ Վերյիշելով այս նիւթին շուրջ իմ ելոյթներս, որոնք այժմ հաւաքուած են այս ժողովածուին մէջ, կ'ուզեմ ընդգծել քանի մը երեսակներ, որոնք սրտիս մօտ են։

Նախ եւ առաջ, խաղաղութիւնը պատասխանատուութիւն է։ Եթէ մեր դիմագրաւած որեւէ խնդիրի, մեր ապրած որեւէ լարուածութեան կամ մեր կրած որեւէ վիրաւորանքի դիմաց մեր առաջին բնազդը ըլլայ ուրիշները դատելը, զանոնք մեղադրելը եւ նոյնիսկ դատապարտելը, անխուսափելի պիտի ըլլայ, որ նախ անտարբերութիւնը, ապա ատելութիւնը զարգանան մեր շուրջը։ Գոյութիւն ունի իրականութիւնը տեսնելու ձեւ մը, որ կը կործանէ եւ չի կառուցեր։ Ընդհակառակը, խաղաղութիւնը կը սկսի ինձմէ։ Կը սկսի մեզմէ։

Սուրբ Օգոստինոս կ'ըսէր. «Դժուար ժամանակներ են, ծանր ժամանակներ են, թշուառութեան ժամանակներ են։ Լա՛ւ ապրեցէք եւ, բարի կեանքով, փոխեցէ՛ք ժամանակները. փոխեցէ՛ք ժամանակները եւ դժգոհելու պատճառ պիտի չունենաք» (2)։ Չենք կրնար խաղաղութիւն խնդրել աշխարհի հզօրներէն, եթէ չսկսինք զայն ապրիլ մենք՝ սկսելով մեր ամենօրեայ յարաբերութիւններէն. մեր ընտանիքներուն մէջ, մեր տուներուն մէջ, մեր քաղաքներուն մէջ, այն վայրերուն մէջ, ուր կ'աշխատինք։ Խաղաղութիւնը կը կառուցուի ամենօրեայ փոքրիկ արարքներով՝ նուիրուած ժպիտով մը, ներուած նախատինքով մը, բարի խօսքով մը։

Ասկէ զատ, խաղաղութիւնը կը կառուցուի ճշմարտութեամբ։ Նոյնիսկ պատերազմողները կը պնդեն, թէ կը գործեն «յանուն» խաղաղութեան։ Ոչ ոք ունի այն յանդգնութիւնը յայտարարելու, թէ պատերազմ կ'ուզէ յանուն պատերազմի. նոյնիսկ Երկրի հզօրները գիտեն, որ ամէն մարդ կը ձգտի արդարութեան եւ կը փափաքի ապրիլ խաղաղութեան մէջ։ Յատկապէս Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի դէպքերու ահաւոր հետեւանքներէն ետք, պատերազմի դիմելը միշտ աւելիով «առանց վերադարձի արկածախնդրութիւն» մըն է, ինչպէս շեշտած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը (3)։

Բազմիցս յիշեցուցած եմ այն սրտագին կոչը, զոր Սուրբ Պօղոս Զ.ը ուղղեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ժողովին։ Այն ինչ որ կը միացնէ մարդիկը, կը նշէր իմ յարգելի նախորդս, ուխտ մըն է՝ կնքուած «երդումով մը, որ պէտք է փոխէ աշխարհի ապագայ պատմութիւնը. ո՛չ եւս պատերազմ, ո՛չ եւս պատերազմ։ Խաղաղութիւնը, խաղաղութիւնը պէտք է առաջնորդէ ժողովուրդներու եւ համայն մարդկութեան ճակատագիրը։» (4)։

Յատկապէս ադոմային դարաշրջանին մէջ, ճշմարտութեան հաստատումը պէտք է իր ճամբան հարթէ. ադոմային զէնքերը չեն, որ խաղաղութիւն կը ստեղծեն, այլ՝ զինաթափումը։ Այս ճշմարտութիւնը, որ անցեալ տասնամեակներուն ընթացքին կարծես յստակցած էր՝ երբ ականատես եղանք հիւլէական լարուածութեան նուազման, այսօր մթագնած է սպառազինութիւններու մրցավազքով մը, որ կը վախցնէ ու կ'ահաբեկէ։ Ինչպէս երգահան եւ բանաստեղծ Պոպ Տիլըն գրած է՝ այլաբանօրէն դիմելով Ադոմային ռումբին իր բանաստեղծական գործերէն մէկուն մէջ. «Քեզ կ'ատեմ, որովհետեւ մարդը ստեղծեց քեզ, եւ մարդը կը տիրապետէ քեզի, ու մարդը կը գործածէ քեզ» (5)։

Եկեղեցին այսօր խոնարհաբար բոլորին ուշադրութեան կը ներկայացնէ հարցում մը. արդեօք մարդկային ցեղը պէ՞տք է շարունակէ բնակիլ Երկրի վրայ։ Համակարգչային տիրապետութեան (cybernetic) եւ համաշխարհային վերազինման համադրումը կը մղէ լրջօրէն տալու այս հարցումը։

Խաղաղութիւնը վկաներ կը փնտռէ։ Այս ժողովածուն մեզի ատիկա կը ներկայացնէ բազմաթիւ դէմքերու ուժով։ Այն անձնաւորութիւնները, որոնց մասին կը խօսուի հոս, որոնց կարգին են երանելի Ֆլորիպերթ Պուանա Շուին, Աստուծոյ ծառաներ Ճորճօ Լա Փիրան եւ Տորոթի Տէյը, տիպարներն են այն բազմաթիւ մարդոց եւ կիներուն, որոնք անձամբ նպաստեցին խաղաղութեան՝ յաղթահարելով փտածութեան փորձութիւնը, օգնելով աղքատներուն եւ քաջալերելով դիւանագիտութիւնը։

Ճանչցուած մարդոց եւ կիներու կողքին, խաղաղութիւնը կը մարմնաւորուի նաեւ «ոչ-հռչակաւոր դերակատարներու» կողմէ, որոնք հետեւեցան իրենց խղճմտանքին։ Պատմութեան մէջ արդէն պատահած է, որ շատ մօտեցած ենք հիւլէական աղէտին։ Տարեգրութիւնները կը պատմեն, որ մէկ մարդու՝ խորհրդային սպայ Սթանիսլաւ Փեթրովի որոշումը նպաստեց կանխելու հաւանական համաշխարհային ադոմային պատերազմ մը. 26 Սեպտեմբեր 1983-ն էր։ Մոսկուայի մօտ գտնուող գետնայարկ պատսպարանի ռատարները, ուր Փեթրով հերթապահ էր, ազդանշեցին Միացեալ Նահանգներու կողմէ դէպի Խորհրդային Միութիւն արձակուած քանի մը միջցամաքային պալիսթիք հրթիռներ։ Սակայն ատիկա խորհրդային արբանեակային տեղորոշման համակարգի սխալ մըն էր։ Փեթրով, հակառակելով հրամաններուն, որոշեց չազդարարել ենթադրեալ յարձակումը. ընտրութիւն մը՝ կատարուած այնպիսի մէկուն խղճմտանքով, որ գիտէր թէ այդ պարզ արարքը կրնար միլիոնաւոր մահեր պատճառել։

Աշխարհ մը, ուր մեքենաները՝ որքան ալ բարդ եւ մեզմէ արագ ըլլան, պիտի որոշեն անպաշտպան մարդոց վրայ ռմբակոծում կատարել, իրապէս սարսափելի պիտի ըլլար։ Մէկ անհատի խղճմտանքը կրնայ ամբողջ աշխարհի արժէքը ունենալ։

Ի վերջոյ, խաղաղութիւնը յոյսի պէտք ունի։ Եկեղեցին պիտի շարունակէ քարոզել սէրն ու բարեգործութիւնը բոլոր մարդոց եւ կիներուն հանդէպ։ Եթէ կայ բան մը, զոր աշխարհը այսօր կը փնտռէ, կը հաւատամ թէ ապագայի յոյսի պատգամն է։ Յոյսով նայինք վաղուան օրուան՝ Յիսուսի պատգամին մէջ գտած ըլլալով միակ աղբիւրը։ Որովհետեւ Քրիստոսի ուսուցման էութիւնը սա է. սէրը, գութը, կեանքը ուրիշներուն համար տալը կը յաղթեն մահուան, առանձնութեան եւ բռնութեան. «Ես եկայ, որպէսզի կեանք ունենան եւ առատութեամբ ունենան» (Յհ 10,10)։

Անոնց, որոնք կը վտանգուին իյնալու յուսահատութեան փորձութեան մէջ՝ տեսնելով աշխարհի վրայ տեղի ունեցող բազմաթիւ պատերազմները, կ'ուղղեմ այն հրաւէրը, զոր Պիոս ԺԱ. Պապը արդէն ուղղած էր համայն Եկեղեցիին. «Շնորհակալ ըլլանք Աստուծոյ, որ մեզ կ'ապրեցնէ դժուար ժամանակներու մէջ։ Հիմա ոչ մէկուն արտօնուած է միջակ ըլլալ»։ Աստուած թող մեզ առաջնորդէ անբռնութեան ճամբաներով։ Հաւատացեալներն ու բարի կամք ունեցող մարդիկը երբեք չդադրին գործելէ որպէս խաղաղարարներ։ Իւրաքանչիւր ոք խաղաղութիւնը դարձնէ իր կեանքին նպատակը։

Վատիկանէն, 19 Յունիս 2026

 

1 Հմմտ. Global Peace Index 2026, Սիտնի 2026:

2 Սուրբ Օգոստինոս Իփոնացի, Ճառեր, 311, 8.8:

3 Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ., Աղօթք խաղաղութեան համար, 2 Փետրուար 1991:

4 Սուրբ Պօղոս Զ., Ատենախօսութիւն Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ, 4 Հոկտեմբեր 1965:

5 Պոպ Տիլըն, Go Away You Bomb, 1963:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

21/07/2026, 08:00