Laudato siâ Աւանը Laudato siâ Աւանը   (@Vatican Media)

Հոկտեմբերին առաջին անգամ ըլլալով Քահանայապետը պիտի շնորհէ Կայունութեան «Լեւոն ԺԴ.» մետալը

Վիլլանովա համալսարանին կողմէ ստեղծուած այս նոր միջազգային պատուանշանը—որ Օգոստինեան համալսարանն է, ուր Ռոպերթ Փրեւոսթ 1977-ին աւարտած է թուաբանութեան բաժինը—պիտի պարգեւատրէ այն անհատներն ու կազմակերպութիւնները, որոնք կը խթանեն կայունութիւնը, բնապահպանական պատասխանատուութիւնը եւ մարդկային համապարփակ զարգացումը: Անիկա պիտի ներկայացուի Վիլլանովայի կայունութեան նուիրուած միջազգային համաժողովին ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Հռոմի եւ Քասթել Կանտոլֆոյի միջեւ, 2026 Հոկտեմբեր 12-էն 15-ը
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

2026 Հոկտեմբերին, լեւոն ԺԴ. Պապը առաջին անգամ ըլլալով պիտի շնորհէ Կայունութեան «Լեւոն ԺԴ.» մետալը․ միջազգային նոր պատուանշան մը, որ հաստատուած է Վիլլանովայի Համալսարանին (Villanova University) կողմէ՝ օգոստինեան այն համալսարանը, ուր Ռոպերթ Փրեվոսթ (Robert Prevost) 1977-ին աւարտած է թուաբանութեան իր ուսումը։

Այս պարգեւը պիտի պատուէ այն անձերն ու կազմակերպութիւնները, որոնք աչքի ինկած են կայունութեան, բնապահպանական պատասխանատուութեան, ընկերային արդարութեան եւ մարդկային համապարփակ զարգացման խթանման մէջ՝ Եկեղեցւոյ ուսուցման ներշնչած համապարփակ բնապահպանութեան սկզբունքներուն համաձայն։

Պարգեւատրման արարողութիւնը պիտի կայանայ Քասթել Կանտոլֆոյի «Borgo Laudato Si’»-ի մէջ, Կայունութեան նուիրուած միջազգային համաժողովի ծիրէն ներս, որ նախատեսուած է 12-15 Հոկտեմբեր 2026-ին՝ Հռոմի եւ Քասթել Կանտոլֆոյի միջեւ։

Ձեռնարկը պիտի համախմբէ ուսումնասէրներ, Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ, հաստատութիւններ, ինչպէս նաեւ հանրային եւ մասնաւոր մարզերու ղեկավարներ՝ խթանելու համար երկխօսութիւն մը, որ ուղղուած է ի նպաստ բնութեան եւ ամենախոցելի անհատներու գործնական քայլերուն։

Երկամեայ պարբերականութեամբ շնորհուելիք այս մետալը ստեղծուած է արժեւորելու կայունութեան այնպիսի տեսլական մը, որ կը միաւորէ արարչագործութեան պահպանութիւնը, մարդկային արժանապատուութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը ապագայ սերունդներուն հանդէպ՝ ամրապնդելով Վիլլանովայի Համալսարանին եւ Լեւոն ԺԴ. Պապին միջեւ գոյութիւն ունեցող կապը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

21/07/2026, 08:00