Որոնել

2026.06.09 Viaggio Apostolico in Spagna - Veglia di Preghiera allo Stadio Olimpico Lluís Companys di Barcellona

Մի՛ դադրիք խաղաղ աշխարհ երազելէ, թոյլ մի՛ տաք, որ ձեզմէ գողնան ապագայի յոյսը․ Լեւոն Պապը երիտասարդներուն

Սրբազան Քահանայապետը՝ Փորթուկալի Լամեկօ քաղաքին մէջ «Rejoice» Երիտասարդութեան Ազգային Օրուայ երկրորդ հանդիպումի առթիւ ուղղած իր լսատեսողական պատգամին մէջ կ՚արժեւորէ նոր սերունդներու յատուկ շնորհքները. ճշմարտութեան ծարաւը, արդարութեան քաղցը եւ անցաւոր արժէքներով չբաւարարուելու կամքը։ «Գեղեցիկ է տեսնել, որ կը սիրէք գեղեցկութիւնը, յատկապէս այն գեղեցկութիւնը՝ այնքան հին եւ այնքան նոր, որ մեր Աստուածն է
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը շաբաթ՝ 25 Յուլիսին, լսատեսողական պատգամ մը յղեց՝ «Rejoice» Երիտասարդութեան Ազգային Օրուայ երկրորդ հանդիպումի առթիւ, որ կ’ընթանայ Փորթուկալի Լամեկօ քաղաքին մէջ,  Յուլիս 24էն 26ը։

Այս հաւաքը կը շարունակէ 2023-ի Լիզպոնի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան  (ԵՀՕ) ոգին եւ երիտասարդները կը պատրաստէ յաջորդ ԵՀՕ-ին, որ նախատեսուած է Հարաւային Քորէայի մայրաքաղաք  Սէուլի մէջ 2027ին։

Լեւոն Պապը իր լսատեսողական պատգամին սկիզբը՝ դիմելով  Փորթուկալի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ աւելի քան 15 Թեմերու պատանիներն ու երիտասարդները համախմբած  այս ազգային  ամենամեծ հարթակի մասնակիցներուն, յորդորեց միշտ ուրախանալ՝ ուր ալ որ գտնուին՝ ըլլայ ընտանիքներէն ներս, դպրոցներու, ծխական համայնքներու և խմբակներում մէջ․

«Ուրախացէ՛ք Տիրոջմով, մի՛շտ։» (հմմտ․ Փիլ․ 4,4) ։ «Ուրախացէ՛ք անոնց հետ, որոնք կ՚օգնեն ձեզի աճելու հաւատքի մէջ եւ ձեր սրտին դռները բանալու Քրիստոսի՝ Ճանապարհին, Ճշմարտութեան եւ Կեանքին», ըսաւ Ան։

In illo uno unum - Անոր մէջ մէկ ենք

Քահանայապետը յիշեց, ապա, Լիզպոնի մէջ ԵՀՕի «սքանչելի եւ երջանիկ օրերը», երբ «տարբեր լեզուներու եւ մշակոյթներու միջեւ ներդաշնակութիւնը» ծնունդ տուաւ հրաշքներու ընդհանուր փորձառութեան, որոնք, շարունակեց Պապը, «Կենդանի Քրիստոսը կ’իրագործէ, երբ կը հաւաքուինք Իր անունով»։

«Ան մեզի հետ է եւ Ի՛նքն է պատճառը մեր ուրախութեան։ Ի՛նքն է պատճառը մեր միութեան։ In illo uno unum. «մենք, թէպէտ բազմաթիւ, մէկ մարմին ենք Քրիստոսով» (Հռովմ. 12,5)», յարեց ապա Սրբազան Պապը

Երիտասարդներու ճշմարտութեան ծարաըւ ու արդարութեան քաղցը

Լիզպոնէն ետք՝ Նորին Սրբութեան միտքը կանգ առաւ Հռոմի եւ Պարսելոնայի մէջ երիտասարդներուն հետ իր հանդիպումներուն վրայ։ Շեշտելով, որ ասոնք փորձառութիւններ են, որոնք կը զօրացնեն հաւատքը եւ կը սնուցանեն յոյսը, ան առ այդ աւելցուց.

«Գեղեցիկ է հաստատել, որ դուք ճշմարտութեան խոր ծարաւ ունիք, եւ զայն կը փնտռէք անկեղծ սրտով։ Գեղեցիկ է տեսնել, որ դուք արդարութեան եւ սիրոյ քաղցն ունիք, ու չէք բաւարարուիր անցաւոր արժէքներով»։

Թոյլ մի՛ տաք, որ որեւէ բան կամ որեւէ մէկը ձեզմէ գողնայ յոյսը

Տագնապը նկատելով նոր սերունդներուն բնորոշ յատկանիշներէն մին՝ Սրբազան Քահանայապետը յորդորեց այդ մէկը չնկատել իբրեւ խոչընդոտ, այլ՝ իբրեւ հարստութիւն եւ օգտագործել անոր թափը՝ «Քրիստոսին ա՛լ աւելի մօտենալու եւ Աւետարանի արժէքները վկայելու համար»։

«Յիսուսի Խօսքին մէջ լաւ խարսխուած, ամէն օր Աւետարանը կարդալով՝ երբե՛ք մի՛ դադրիք երազելէ աշխարհ մը, ուր կան խաղաղութիւն ու եղբայրութիւն, աշխարհին հիացմունքով նայելէ, ապագան յոյսի լոյսով դիմագրաւելէ։ (…), թոյլ մի՛ տաք, որ որեւէ բան կամ որեւէ մէկը ձեզմէ գողնայ յոյսը», պնդեց Պապը։

Յաջորդ հանդիպումը՝ Սէուլի մէջ

Անոր խօսքերով, «ճիշդ այդ տագնապէն կրնան ծնունդ առնել Աստուծոյ հետ երկխօսութիւնը եւ կեանքի վճռորոշ հարցումները. «Ի՞նչ կ՚ուզես որ ընեմ Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի մէջ։ Ո՞րն է իմ կոչումս։ Զիս կը կանչե՞ս ամուսնութեամբ ընտանիք կազմելու, թէ՞ կը կանչես քահանայական կեանքի, կամ՝ կրօնաւորական կեանքի»։ Այս հարցականները, սակայն իրենց մէջ կը պարունակեն այն համոզումը, որ. «Աստուած մեզ միշտ կը կանչէ սուրբ ըլլալու, իսկ սուրբերը խորապէս մարդկային են», նկատել տուաւ Լեւոն ԺԴ․՝ կոչ ընելով ի վերջոյ ըլլալու «մարդկային՝ ինչպէս Քրիստոս, եւ անշուշտ դէպի լաւը պիտի փոխէք այս աշխարհը»։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց՝ հրաւիրելով բոլորը Սէուլ, որտեղ 2027 թուականի օգոստոսին պիտի կայանայ յաջորդ Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

26/07/2026, 00:00