Լեւոն ԺԴ-ի այցելութիւնը Վալլեփիէթրայի սրբատեղիին
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Ուշ առաւօտեան, Վատիկանի Մամլոյ Գրասենեակը իր Թելեկրամի հաշւին միջոցաւ տեղեկացուց, «Այս առաւօտ Լեւոն ԺԴ ․Պապը այցելեց Վալէփիէթրայի Սուրբ Երրորդութեան սրբավայրը, ուր կանգ առաւ աղօթելու որմանկարին առջեւ եւ ողջունեց քանի մը հաւատացեալներ ու կրօնաւորներ»։
Արդարեւ 22 Յուլիսի առաւօտեան, Լեւոն ԺԴ. Պապը անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Վալէփիէթրայի Սուրբ Երրորդութեան Սրբավայր, որ կը գտնուի Լացիոյի եւ Ապրուցոյի սահմանագլխուն: Քահանայապետը կանգ առաւ աղօթելու Երրորդութեան հին որմնանկարին առջեւ, հանդիպեցաւ ներկայ ուխտաւորներուն հետ եւ, Սրբավայրի պատշգամէն, յիշեցուց թէ Աստուած փնտռելու եւ սրբութեան ձգտելու փափաքը կ'ընկերանայ իւրաքանչիւր անհատի, եւ թէ Տէրը «մեզ երբեք չի լքեր»։
Դիմաւորուելով սրբավայրի վանահայր՝ Գերապայծառ Ալպերթօ Փոնցիի կողմէ, Պապը այցելեց Սրբավայրի բաժինները, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ին նուիրուած եկեղեցին, ուխտանուէրներու թանգարանը եւ խոստովանանքի վայրը՝ ընդգծելով հաշտութեան կարեւորութիւնը:
Մեկնումէն առաջ, ան անձամբ ողջունեց հաւատացեալները, սկիհ մը նուիրեց Սրբավայրին եւ վարդարաններ՝ ներկաներուն:
Թեմին եւ Վալէփիէթրայի համայնքին համար, այս այցելութիւնը ապրուեցաւ իբրեւ անսպասելի նուէր մը եւ Սրբազան Քահանայապետին կողմէ մեծ ուրախութեան ու մտերմութեան պահ մը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
