Լեւոն ԺԴ. Պապը լսատեսողական պատգամը Պրազիլի մէջ համախմբուած երիտասարդներուն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Պապը լսատեսողական պատգամով մը ողջունեց Պրազիլի Ֆորտալեզա քաղաքին մէջ յուլիս 22-26 տեղի ունեցող «Halleluya 2026» փառատօնի մասնակից երիտասարդները՝ ընդգծելով երաժշտութեան, փառաբանութեան եւ երկրպագութեան միջոցով Աւետարանի տարածման կարեւորութիւնը։
Պապը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ թէեւ հեռուէն, կը մասնակցի այս նախաձեռնութեան, որ տարիներ շարունակ շատ մարդոց սրտերը դպած է եւ բարի պտուղներ բերած՝ խոստովանութիւններ, դարձեր եւ քահանայական ու կրօնաւորական կոչումներ։ Ան շեշտեց, որ երիտասարդներու խանդավառութիւնը կը վերակենդանացնէ Եկեղեցւոյ առաքելական նախանձախնդրութիւնը։
Լեւոն ԺԴ. յորդորեց երիտասարդները երբեք չկորսնցնել իրենց միսիոնարական եռանդը՝ ընդգծելով, որ աշխարհը մեծապէս կը կարօտի Քրիստոսի Աւետարանին։ «Քրիստոս է Ճանապարհը, Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը», ըսաւ Պապը՝ կոչ ընելով համարձակօրէն վկայել, որ միայն Ան կրնայ մարդկային կեանքին տալ իսկական իմաստ։
Անդրադառնալով հաւատքի պահպանման անհրաժեշտութեան՝ Սրբազան Հայրը նշեց, որ տօնական պահերու ոգեւորութիւնը ժամանակի ընթացքին կրնայ թուլանալ, ուստի անհրաժեշտ է մնալ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ՝ աղօթքի, հետեւողականութեան եւ վստահութեան միջոցով։ Ան երիտասարդներուն վստահեցուց, որ Քրիստոսի հետ ապրողը երբեք պարտուած չէ, այլ միշտ կը յաղթէ։
Պապը նաեւ օրինակ բերաւ սուրբ Քարլօ Աքուդիսը՝ որպէս երիտասարդ մը, որ Քրիստոսը իր կեանքի կեդրոնը պահեց նաեւ թուային աշխարհին մէջ։ Ան կոչ ուղղեց երիտասարդներուն չափաւորութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ օգտագործել ընկերային ցանցերն ու արհեստական բանականութիւնը՝ խուսափելով կեղծ իրականութիւններէ եւ մակերեսային արժէքներէ։
Վերջապէս, Լեւոն ԺԴ. Պապը քաջալերեց երիտասարդները՝ Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեամբ իրենց երիտասարդութիւնը վերածելու աւետարանացման ուժի եւ «խաղաղութեան քաղաքին» կառուցման կենդանի քարերու։ Ան իր առաքելական օրհնութիւնը փոխանցեց «Halleluya 2026»-ի բոլոր մասնակիցներուն եւ կազմակերպիչներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
