Քասթել Կանտոլֆօ. Համերգ՝ ի պատիւ Լեւոն ԺԴ. Պապին
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Շաբաթ, 18 Յուլիսին, երեկոյեան ժամը ինին, Քասթել Կանտոլֆոյի Առաքելական Պալատի ներքին բակը պիտի հիւրընկալէ «Համերգ՝ ի պատիւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Հօր» ձեռնարկը։ Նախաձեռնութիւնը կազմակերպուած է Ալպանոյի Թեմին կողմէ՝ որպէս յարգանքի, սիրոյ եւ մտերմութեան արտայայտութիւն Քահանայապետին հանդէպ, որ անձամբ ներկայ պիտի գտնուի համերգին։
«Կ՚ուզենք մատուցել այս սիմֆոնիք համերգը որպէս սիրոյ եւ հաղորդութեան արտայայտութիւն», յայտարարած է Ալպանոյի եպիսկոպոսը՝ Գերապ. Վինչենցօ Վիվա, շեշտելով թեմական համայնքին մեծ ուրախութիւնը՝ Սրբազան Պապին իրենց հողերուն վրայ ներկայութեան համար։
Յայտագիրը կը նախատեսէ Նիքոլօ Փականինիի «Լա Փոլաքքա» (La Polacca) երկի կատարումը՝ ջութակահար Մարքօ Ռոլիանոյի մեկնաբանութեամբ, ինչպէս նաեւ «Նորմա. Ազատ երեւակայութիւն եւ փոփոխակներ դաշնամուրի եւ նուագախումբի համար» ստեղծագործութիւնը, որ Վինչենցօ Պելլինիի գլուխ-գործոցին վերամշակումն է՝ կատարուած Օսքարակիր յօրինող Լուիս Պաքալովի կողմէ, եւ որ պիտի հնչեցնէ դաշնակահարուհի Ռոսանա Թոմասի Կոլքար։
Մենակատարներուն պիտի ընկերակցի «I Musici di Parma» նուագախումբը՝ խմբավարութեամբ մայեսթրօ Փիեռ Քարլօ Օրիզիոյի։
Ձեռնարկը, որուն տոմսերը արդէն իսկ ամբողջութեամբ սպառած են, իրականացած է «Banca di Credito Cooperativo dei Castelli Romani e del Tuscolo» դրամատան նիւթական ներդրումով եւ տեղական բազմաթիւ այլ կազմակերպութիւններու ու հաստատութիւններու աջակցութեամբ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
