Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը   (@Vatican Media)

Հրապարակուեցաւ Օգոստոս ամսուան Լեւոն ԺԴ. Պապին գլխաւորելիք ծիծասական արարողութիւններու օրակարգը

Հրապարակեցաւ 2026 թուականի օգոստոս ամսուան Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի նախագահութեամբ նախատեսուած արարողութիւններու օրակարգը, որ կը ներառէ արարողութիւններ Ասիզիի, Քասթել Կանտոլֆոյի եւ Ռիմինիի մէջ։ Օրակագրին համաձայն՝ Պապը նաեւ Օգոստոս 22-ին հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Ռիմինի, իսկ Օգոստոս 29-ին Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ պիտի նախագահէ Սուրբ Պատարագի եւ հանդիսաւոր թափօրի։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 30 յուլիսին,Քահանայապետական Ծիսական արարողութիններուն գրասենեակին կողմէ հրապարակեցուաւ 2026 թուականի օգոստոս ամսուան Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի նախագահութեամբ նախատեսուած պատարագներու եւ հովուական այցելութիւններու պաշտօնական օրակարգը։

Օգոստոս 6 – Տիրոջ Պայծառակերպութիւն

Տիրոջ Պայծառակերպութեան տօնին առիթով, 6 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 10։30-ին, Սրբազան Հայրը Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ Ասիզիի Հրեշտակներու Սուրբ Մարիամ տաճարին մէջ՝ մասնակցութեամբ «Go! Franciscan Youth Meeting» երիտասարդական միջազգային հանդիպումի մասնակիցներուն։

Օգոստոս 15 – Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխումը

Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման հանդիսաւոր տօնին, 15 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Լեւոն ԺԴ. պիտի նախագահէ Սուրբ Պատարագին Քասթել Կանտոլֆոյի Սուրբ Թովմաս Վիլանովացի ժողովրդապետութեան մէջ։

Օգոստոս 22 – Հովուական այցելութիւն Ռիմինի

22 Օգոստոսին Սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութիւն մը պիտի կատարէ Ռիմինի, ուր երեկոյեան ժամը 18։30-ին քաղաքի նաւահանգիստին մէջ պիտի մատուցանէ Սուրբ Պատարագ։

Օգոստոս 29 – Սուրբ Պատարագ եւ թափօր Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ

Օգոստոս 29-ին, երեկոյեան ժամը 18։00-ին, Քասթել Կանտոլֆոյի Լիճի Սրբուհի Մարիամ եկեղեցւոյ մէջ, Լեւոն ԺԴ. պիտի նախագահէ Սուրբ Պատարագին, որմէ ետք պիտի կատարուի հանդիսաւոր թափօր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

30/07/2026, 11:33