Pope Leo leads the Angelus prayer in Piazza della Liberta in Castel Gandolfo

«Սրտիս խորէն կոչ կ՛ընեմ դադրեցնելու յարձակումները եւ վերադառնալու երկխօսութեան ու դիւանագիտութեան». Լեւոն Պապին կոչերը եւ ողջոյնները

Քասթել Կանտոֆոյի մէջ գլխաւորած Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Պապը յիշեց Լիբանանի մէջ կայացած Հոայէք Պատրիարքի երանացումը, Ֆրանսան եւ Սպանիան հարուածող ահաւոր հրդեհները, այսօր յիշատակուող Մեծ Պապիկ Մամիկներուն եւ Տարեցներուն Համաշխարհային օրը, եւ զօրեղ կոչ մը ուղղեց ի նպաստ խաղաղութեան հրաւիրելով վար առնելու զէնքերը եւ դիմելու երկխօսութեան ու դիւանագիտութեան։ Ան ողջունեց նաեւ ուխտաւորներուն զանազան խումբերը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Երէկ, Լիբանանի մէջ երանելի հռչակուեցաւ Էլիաս Հուայէքը՝ Մարոնիներու Անտիոքի Պատրիարքը 1899-էն 1931 թուականներուն եւ Սուրբ Ընտանիքի Մարոնի Քոյրերու Միաբանութեան Հիմնադիրը» այս խօսքերով որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը սկսաւ իր ողջոյնի խօսքը, ուղղուած Կիրակի 26 Յուլիսի Մարեմեան աղօթքի մասնակցողներուն, զոր գլխաւորեց Քասթել Կանտիֆիյի մէջ։

Պատրիարք Հոայէք երկխօսութեան եւ յոյսի մարդ

«Ան` մեծ նուիրումով եւ հովուական զգայնութեամբ, աւելի քան երեսուն տարի առաջնորդեց Մարոնի Եկեղեցին: Երկխօսութեան եւ յոյսի մարդ՝ ան եղաւ եկեղեցական, ընկերային եւ քաղաքական պայծառ ուղենիշ մը, այնքան որ կոչուեցաւ «Մեծն Լիբանանի Հայրը», ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հայցելով որ «Նոր Երանելիին աղօթքն ու բարեխօսութիւնը միշտ ընկերանան աշխարհասփիւռ Մարոնի հաւատացեալներուն եւ խաղաղութեան պարգեւը ապահովեն Լիբանանի ամբողջ ժողովուրդին համար», որ «ինծի համար այնքան սիրելի է» շեշտեց Լեւոն ԺԴ.։

Սրտագին կոչ ի սպաս Սուրբ Երկրին

Ան առ այդ նշեց թէ մտահոգութեամբ կը հետեւի Սուրբ Երկրի մէջ բռնութեան շարունակման եւ սաստկացման, որուն վերջին զոհերը դարձան նաեւ բազմաթիւ քաղաքացիներ Արեւմտեան Ափի եւ Կազայի մէջ:

«Սրտագին կոչ կ՛ուղղեմ, ըսաւ Լեւոն Պապը, «որպէսզի վերադարձ կատարուի բանակցութիւններուն՝ արդար քաղաքական լուծումի մը համար, որ հիմնուած ըլլայ իւրաքանչիւր մարդկային անհատի հաւասար արժանապատուութեան եւ հաւասար իրաւունքներուն վրայ, եւ մերժուին նոր ռազմական գործողութիւններն ու միակողմանի որոշումները, մասնաւորաբար անոնք, որոնք կը խախտեն յարգանքն ու status quo-ն (կարգավիճակը) իւրաքանչիւր կրօնական հաւատքի սրբավայրերուն:

Կոչ դադրեցնելու յարձակումները եւ վերաբանալու երկխօսութեան ու դիւանագիտութեան տարածութիւնները

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձ կատարեց նաեւ «ամբողջ Միջին Արեւելքի կացութեան վերաբերեալ», ուր, ըսաւ Ան «ռազմական գործողութիւններու աշխուժացումը վերստին պատճառ դարձաւ բռնութեան եւ աւերածութեան՝ վտանգելով բազմաթիւ քաղաքացիներու կեանքը եւ ծանրացնելով խմելու ջուրի ու ելեկտրականութեան պակասը»:

«Սրտիս խորէն կոչ կ՛ընեմ բոլոր ներգրաւուած կողմերուն՝ դադրեցնելու յարձակումները եւ հրատապ կերպով վերաբանալու երկխօսութեան ու դիւանագիտութեան տարածութիւնները, որպէսզի որքան կարելի է շուտ հասնինք խաղաղութեան, որ այնքան ցանկալի է ամբողջ տարածաշրջանին համար» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց բոլորը շարունակելու աղօթել «աշխարհի բոլոր այն ժողովուրդներուն համար, որոնք կը տառապին պատերազմի պատճառով»:

«Թող Տէրը դպչի պատասխանատուներու սրտերուն եւ լուսաւորէ անոնց միտքերը, որպէսզի շուտով հասնինք հաշտութեան եւ խաղաղութեան» աւելցուց Սրբազան Պապը եւ ակնարկեց այն աւերիչ հրդեհներուն, «որոնք այս օրերուն ընդգրկեցին Ֆրանսայի եւ Սպանիայի զանազան շրջանները» ու ասկէ մեկնելով իր մօտիկութիւնը կը յայտնեց այդ հրդեհներէն տուժածներուն հրաւիրելով բոլորը աղօթելու ազդուած անձերուն եւ փրկարարներու աշխատանքին համար:

Մեծ Մայրերու, Մեծ Հայրերու եւ Տարեցներու Զ Համաշխարհային Օրը

Քահանայապետը յիշեց ապա այսօր նշուող Մեծ Մայրերու, Մեծ Հայրերու եւ Տարեցներու Զ Համաշխարհային Օրը, որուն թեման քաղուած է Եսայի Մարգարէի գիրքէն. «Ես սակայն քեզ բնաւ պիտի չմոռնամ» (Ես 49, 15):

«Միասնաբար շնորհակալութիւն յայտնենք Տիրոջ այն պարգեւին համար, որ տարեցները կը հանդիսանան Եկեղեցիին եւ ընկերութեան համար, եւ յանձն առնենք յարգել ու արժեւորել անոնց թանկագին դերը եւ անոնց միշտ ապահովել պատշաճ ուշադրութիւն եւ խնամք» ըսաւ Լեւոն ԺԴ որ ապա ողջունեց աղօթքին մասնակցող ուխտաւորներու զանազան խումբերը` սկսեալ Քասթել Կանտոֆոյի բնակիչներէն։

Ողջոյններ ուխտաւորներուն

Ան ապա ողջոյնի խօսքին աւարտին յատուկ մտածում մը յղեց Քասթել Կանտոլֆոյի «Դեղձի Տօնախմբութեան մասնակիցներուն», որոնք եկած են՝ բերելով իրենց պտուղները Օրհնութեան համար հուս յիշեց երեկոյեան Հռոմի մէջ, «Տիբերիս գետի վրայ», կայանալիք «Madonna "fiumarola"-ի (Գետի Տիրամօր) թափօրը։

«Մարիամ՝ Յիսուսին Մայրը, այս գեղեցիկ աւանդոյթի մասնակիցներուն եւ բոլորիս համար ապահովէ ամէն օր ապրիլ Աւետարանի ուսուցումներուն համաձայն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով իր խօսքը որուն աւարտին շրջեցաւ Քասթել Կանտոֆոյի «Ազատութեան» հրապարակին վրայ մօտէն ողջունելով հաւատացեալները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

26/07/2026, 12:27