TOPSHOT-LEBANON-ISRAEL-US-IRAN-WAR

Լեւոն Պապին կոչը. չմոռնանք անոնք, որոնք կը տառապին ու կը մեռնին հակամարտութիւններու պատճառով

Քասթել Կանտոլֆոյէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Լեւոն Պապը հրաւիրեց «խաղաղութեան ի նպաստ եղած վեհանձն յանձնառութեան միացնել նաեւ մեր մշտական աղօթքը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 19 Յուլիս 2026-ի կէսօրին Լեւոն ԺԴ. Պապը Քասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցէն գլխաւորած Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի աւարտին ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Քասթել Կանտոլֆոյի բնակիչներուն եւ աղօթքին առիթով Քասթել Կանտոլֆօ ժամանած ուխտաւորներուն։

Ան ապա նշեց թէ մտահոգութեամբ կը շարունակէ հետեւիլ պատերազմով ու բռնութեամբ յոշոտուած տարբեր երկիրներու մէջ տեղի ունեցած անցուդարձերուն եւ կոչ ուղղեց չմոռնալու «անոնք, որոնք կը տառապին ու կը մեռնին հակամարտութիւններու պատճառով» ապա հրաւիրեց «խաղաղութեան ի նպաստ եղած վեհանձն յանձնառութեան միացնել նաեւ մեր մշտական աղօթքը»։

Քահանայապետը առ այս ողջոյններ յղեց ուխտաւորներու զանազան խումբերուն որոնց շարքին Մայր Էլվիրայի «Չենաքոլօ» համայնքին, «Ֆոքոլարէ»-ի «Նոր ընտանիքներ» շարժումին, APRA Summer School-ի ուսանողներուն, Catholic Worldview Fellowship-ի խումբին, Regnum Christi-ի երիտասարդներուն, «The Lion Pilgrimage»-ի ուխտաւորներուն, ինչպէս նաեւ այլ ուխտաւորներուն ու ընտանիքներուն։

Ան խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով խաղաղ եւ օրհնեալ կիրակի մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

19/07/2026, 12:24