Որոնել

Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը Պարսելոնայի մէջ. «Կոչուած ենք ըլլալու միութեան վկաներն ու մարգարէները»

Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը Սպանիա կատարած իր առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս այցելեց Պարսելոնայի պատմական Մայր Եկեղեցին, ուր հանդիսաւոր ժամերգութեան ընթացքին կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն դառնալու միութեան, խաղաղութեան ու համերաշխութեան վկաներ: Արարողութենէն ետք, Սրբազան Հայրը յարգանքի տուրք մատուցեց քաղաքի հովանաւոր Սրբուհի Եւլալիայի դամբարանին առջեւ, ապա օրհնեց դպրեվանեցիներն ու ողջունեց տեղական իշխանութիւնները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 9 յունիս 2026-ին, Սպանիա կատարած իր առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը փոխադրուեցաւ Պարսելոնայի պատմական Սուրբ Խաչ եւ Սրբուհի Եւլալիա Մայր Եկեղեցի։ Այս սրբավայրը, որ 1867-էն ի վեր կը կրէ «Պազիլիքա»-ի տիտղոսը եւ 1929-էն ի վեր յայտարարուած է Սպանիոյ պատմամշակութային յուշարձան, հանդիսաւոր հանգրուան մը եղաւ Նորին Սրբութեան հոգեւոր առաքելութեան համար։

Կէսօրէ ետք, Քահանայապետը Մայր Եկեղեցւոյ մուտքին ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ Պարսելոնայի Արքեպիսկոպոս, Կարդինալ Խուան Խոսէ Օմելլայի եւ Աւագերէցին կողմէ, որոնք Պապին հրամցուցին սուրբ խաչն ու օրհնուած ջուրը։ Տաճար մուտք գործելով՝ Սրբազան Հայրը նախ առանձնացաւ Սուրբ Հաղորդութեան մատրան մէջ՝ աղօթքի եւ խորհրդածութեան պահ մը անցընելով, ապա քաղցրալուր երգեցողութեան ներքոյ քալեց դէպի կեդրոնական նաւը, ուր սկիզբ առաւ կէսօրուան Ժամերգութեան արարողութիւնը։

Եկեղեցին իբրեւ «Հարս» եւ «Մարմին»

Իր արտասանած քարոզին մէջ, Լեւոն ԺԴ Պապը յատուկ ուրախութեամբ ողջունեց ներկայ հաւատացեալներն ու հոգեւորական դասը՝ մեկնաբանելով Պօղոս Առաքեալի խօսքը. «Մենք ամէնքս ալ մէկ Հոգիով մկրտուեցանք՝ մէկ մարմին ըլլալու համար»։ Ան հաւատացեալներուն ներկայացուց երկու հիմնական պատկերներ՝ «Սպասուած Հարսը» եւ «Քրիստոսի Մարմինը»։

«Եկեղեցին աստուածային սիրոյ արդիւնք է, որ կը նախորդէ մեզի։ Ան կ՛աճի միայն այն ատեն, երբ թոյլ կու տայ, որ Աստուած զինք սիրէ», նշեց Քահանայապետը։

Սրբազան Հայրը յիշեցուց Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքերը՝ ուղղուած 2021 եւ 2022 թուականներուն, ուր Ան կոչ կ՛ընէր Պարսելոնայի թեմին՝ միշտ «մեկնիլ Քրիստոսի հետ հանդիպումէն»՝ ընտանեկան ջերմ մթնոլորտ ստեղծելու համար թաղամասերու, թեմերու եւ ընտանիքներու մէջ։ Ան նաեւ յղում կատարեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի 1982-ի պատմական այցելութեան, որ բարձր գնահատած էր կատալոնացիներու եւ պարսելոնացիներու հիւրընկալ ու եղբայրական ոգին։

Կոչ՝ ըլլալու միութեան կառուցողներ եւ «մարտիրոսներ»

Անդրադառնալով երկրորդ պատկերին՝ «Մարմնին», Պապը շեշտեց, որ Եկեղեցւոյ մէջ միասին գործելը պարզապէս «ոճի» ընտրութիւն չէ, այլ բնախօսական անհրաժեշտութիւն։ Ինչպէս մարմնի մէջ կան տեսանելի ու թոյլ անդամներ, այնպէս ալ համայնքին մէջ իւրաքանչիւր ոք ունի իր թաքուն, բայց կենսական դերը։

Պարսելոնան, որ ծանօթ է իբրեւ «Կաթալոնիոյ գլուխն ու տունը», Քահանայապետը մատնանշեց որ Պարսելոնան ունի յատուկ պատասխանատուութիւն՝ ըլլալու միութեան կերտիչ։

«Պատերազմներով ու բաժանումներով տարուբերող այս աշխարհին մէջ, ուր կը տիրէ անհատապաշտութիւնը, մենք կոչուած ենք ըլլալու «մարտիրոսներ»՝ այսինքն վկաներ եւ մարգարէներ միութեան, խաղաղութեան ու համերաշխութեան, նոյնիսկ զոհողութիւններու գնով», յայտարարեց Սրբազան Հայրը՝ յորդորելով օրինակ վերցնել Սրբուհի Եւլալիայէն։

Քարոզի աւարտին, Պապը հայցեց Սուրբ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը՝ կաթալոներէնով արտասանելով. «Santa Maria de la Mercè, pregueu per nosaltres- «Սուրբ Մարիամ Ողորմութեան», աղօթէ՛ մեզի համար։

Յարգանքի Տուրք Սրբուհի Եւլալիայի Դամբարանին Եւ Հանդիպումներ

Հանդիսաւոր օրհնութենէն ետք, Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը գնաց դէպի դամբարանաւտան (crypt) խորանը՝ աղօթքի պահ մը անցընելով քաղաքի հովանաւոր Սրբուհի Եւլալիայի տապանին առջեւ։

Տաճարի կեդրոնական նաւով վերադարձի ընթացքին, Ան լուսանկարուեցաւ տեղի դպրեվանեցիներու  խումբին հետ։ Նախքան Արքեպիսկոպոսարան հասնիլը, Քահանայապետը Սուրբ Լուչիա մատրան մուտքով անցաւ Մայր Եկեղեցւոյ կամարակապ բակը՝ դիտելու աւանդական ջրհորը եւ ողջունելու եկեղեցական խորհուրդի անդամներն ու քաղաքային իշխանութեան ներկայացուցիչները։ Արքեպիսկոպոսական պալատ փոխադրուելէ առաջ Նորին Սրբութիւնը եկեղեցւոյ մուտքին ողջունեց հաւատացեալները ըսելով.

«Եղբայրնե՛ր եւ քոյրե՛ր։ Մեծ ուրախութեամբ կ՝ողջունեմ ձեզ բոլորդ, շնորհակալ եմ հոս գտնուելնուդ համար։ Շնորհակալ եմ ձեր համբերութեան համար։ Շնորհակալ եմ ձեր ուրախութեան համար։ Թող բոլորս միասին տօնենք Քրիստոսի հանդէպ մեր հաւատքը։ Յիսուս Քրիստոս, որ մեզ կանչեց ապրելու որպէս մէկ ժողովուրդ՝ հաւատքի մէջ միացած։ Աստուած օրհնէ ձեզ բոլորդ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

09/06/2026, 13:30