Որոնել

Rescue operations after 7.2 and 7.5 magnitude earthquakes in Caracas

Երկրաշարժ Վենեզուելայի մէջ․ Պապը 100 հազար եւրօ կը տրամադրէ փրկարարական աշխատանքներուն համար

Եկեղեցին անմիջապէս գործի անցած է՝ բանալով ժողովրդական համայնքներու եւ ընդունելութեան կառոյցներու դռները տեղահանուածներուն համար։ «Քարիթաս Ինթերնասիոնալիս»-ը նոյնպէս յաւելեալ 100 հազար եւրօ յատկացուցած է արտակարգ իրավիճակներու առաջին միջամտութիւններուն համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յունիս 24-ի եւ 25-ի գիշերուան ընթացքին Վենեզուելան հարուածած աւերիչ երկրաշարժէն ետք, որ պատճառ դարձած է առնուազն 164 զոհի եւ գրեթէ հազար վիրաւորի, Լեւոն ԺԴ. Պապը Առաքելական Ողորմնաբաշխութեան միջոցաւ տնօրինած է 100 հազար եւրոյի առաջին օգնութիւն մը։ Այս գումարը պիտի տրամադրուի տեղական Եկեղեցիին՝ տուժած բնակչութեան աջակցելու համար։

Ամենէն շատ վնասուած շրջանը Լա Կուայրայի ափամերձ նահանգն է, որ Վենեզուելայի իշխանութիւններուն կողմէ յայտարարուած է «աղէտի գօտի»։

7,2 եւ 7,5 ուժգնութեամբ ցնցումները պատճառած են բազմաթիւ շէնքերու փլուզում եւ լուրջ վնասներ հասցուցած նաեւ մայրաքաղաք Քարաքասի մէջ։

Եկեղեցին անմիջապէս գործի անցած է՝ բանալով ժողովրդական համայնքներու եւ ընդունելութեան կառոյցներու դռները տեղահանուածներուն համար։

«Քարիթաս Ինթերնասիոնալիս»-ը նոյնպէս յաւելեալ 100 հազար եւրօ յատկացուցած է արտակարգ իրավիճակներու առաջին միջամտութիւններուն համար։

Միեւնոյն ժամանակ, տարբեր երկիրներ, որոնց շարքին են Միացեալ Նահանգները, Քոլոմպիան, Քուպան, Հնդկաստանը եւ Իտալիան, մարդասիրական օգնութիւն եւ աջակցութիւն առաջարկած են փրկարարական գործողութիւններուն ի սպաս։

Այս ողբերգութիւնը տեղի կ՚ունենայ Վենեզուելայի համար արդէն իսկ դժուար պահու մը ընթացքին, երբ երկիրը կը տառապի տնտեսական ծանր տագնապէ եւ հսկայական արտաքին պարտքէ, որ կրնայ աւելիով վատթարանալ այս բնական աղէտէն ետքը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

25/06/2026, 17:09