Լեւոն ԺԴ. Պապ. «Յառաջացած է գաղութատիրութեան նոր ձեւ մը, որ կը փորձէ մարդկային կեանքը վերածել շահագործելի տուեալներու»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը իր սրտագին ողջոյնները փոխանցեց «Թայփէյի Հռչակագիրի» վերանայման նուիրուած Փորձագէտներու Երրորդ Բաց Ժողովի մասնակիցներուն։ Սրբազան Հօր պատգամը յղուած է Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ՝ ուղղուած Քահանայապետական Կեանքի Ակադեմիայի Նախագահ, Գերապայծառ Ռենցօ Փեկորարոյին։
Նամակին մէջ նշուած է, որ Քահանայապետը մեծ գոհունակութեամբ տեղեկացած է Համաշխարհային Բժշկական Ընկերակցութեան (WMA) կողմէ առողջապահական տուեալներու շտեմարաններուն (databases) վերաբերող Բարոյական սկզբունքներու արդիականացման ջանքերուն մասին։
Գաղութատիրութեան նոր ձեւ մը. Մարդկային կեանքը՝ շահագործելի տուեալ
Կարդինալ Փարոլին կը յիշեցնէ, թէ Լեւոն ԺԴ. Պապը իր «Magnifica humanitas» ) շրջաբերական նամակին մէջ արդէն իսկ ահազանգած էր այս վտանգին մասին.
«Յառաջացած է գաղութատիրութեան նոր ձեւ մը, որ կը փորձէ անձնական կեանքերը վերածել շահագործելի տուեալներու» (Magnifica humanitas, թիւ 178)։
Այս ծիրէն ներս, արհեստագիտութեան անդադար զարգացումն պատճառ դարձած է, որ անվտանգութեան եւ գաղտնիութեան քաղաքականութիւններու արդիականացումը դառնայ հրատապ ու հիմնարար խնդիր։
Մարդու անկապտելի արժէքը ընդդէմ առեւտրայնացման
Սրբազան Հայրը շեշտած է, որ իւրաքանչիւր մարդ արարած, ստեղծուած ըլլալով Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեան համաձայն, ունի անկրկնելի, անբաժանելի եւ անգնահատելի արժէք։ Հետեւաբար, մարդը պէտք է պաշտպանուի շահագործման եւ առեւտրայնացման բոլոր այն ձեւերէն, որոնք կը փորձեն անհատը վերածել սոսկ վիճակագրական տուեալներու շարքի մը։
Քահանայապետը իր լիակատար քաջալերանքը կը յայտնէ այս կարեւոր գիտական աշխատանքին՝ վստահութիւն յայտնելով, որ ժողովի քննարկումները պիտի նպաստեն մարդկային արժանապատուութեան պահպանման եւ գիտելիքներու փոխանակման՝ ի խնդիր հասարակաց բարիքին։
Լեւոն ԺԴ. Պապը հայցած է աստուածային օրհնութիւններ բոլոր ներկաներուն վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
