Աղքատներուն հետ ճաշ Աղքատներուն հետ ճաշ  (@Vatican Media)

Աղքատներու համաշխարհային օր, Լեւոն ԺԴ.՝ ընծայել այն համերաշխութիւնը, զոր հզօրները կը մերժեն

Լեւոն ԺԴ. Պապի պատգամը՝ Աղքատներու Համաշխարհային 10-րդ Օրուան առիթով։ Նորին Սրբութիւնը կը դատապարտէ արդի աշխարհի աստուածամերժութիւնն ու գոռոզ փտածութիւնը, որոնք յառաջ կը բերեն ընկերային անարդարութիւն եւ աղքատներու լուսանցկայնացում: Սրբազան Հայրը կոչ կ՝ընէ քրիստոնէական համայնքներուն՝ հետեւելու Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիի խոնարհութեան օրինակին, լսելու կարիքաւորներուն եւ դառնալու անոնց ճշմարիտ ապաւէնը՝ եղբայրութեամբ դարմանելու համար վիրաւոր աշխարհը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Տէրն է աղքատին ապաւէնը» (սաղմ. 14, 6) բնաբանով, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը հրապարակած է իր պաշտօնական պատգամը՝ Աղքատներու Համաշխարհային 10-րդ Օրուան առիթով, որ պիտի նշուի յառաջիկայ Նոյեմբեր 15, 2026-ին:

Աստուածամերժութեան ծնունդ՝ գոռոզ փտածութիւն

Իր պատգամին մէջ Քահանայապետը յղում կը կատարէ Սաղմոսաց գիրքին՝ շեշտելով, որ այսօրուան աշխարհին մէջ տիրող աստուածամերժութիւնը ոչ թէ լոկ տեսական դրոյթ մըն է, այլեւ՝ ամենօրեայ կեանքին մէջ Աստուծոյ բարութեան ու ողորմութեան բացարձակ անտեսումը: Այս հոգեւոր դատարկութիւնը յառաջ կը բերէ «գոռոզ փտածութիւն» եւ անարդարութիւն, ուր մարդիկ իրարու կողքի ապրելու փոխարէն, զիրար կը կոխկռտեն բռնացման ու լուսանցկայնացման նշանին տակ:

«Աստուծոյ բացակայութիւնը մարդիկը այլեւս չի դներ իրարու կողքի՝ փոխադարձ յարգանքով, այլ՝ իրարու վրայ՝ տիրապետութեան ու բռնացման նշանին տակ: Այսպիսով ասպարէզ կը կարդացուի տիրապետելու եւ մեկուսացնելու սրբապիղծ տրամաբանութեան, որ կը նուաստացնէ ու կը վիրաւորէ»,— կը գրէ Լեւոն ԺԴ. Պապը՝ աւելցնելով, որ այս վիճակին զոհ կ՝երթան ոչ միայն անհատներ, այլեւ ամբողջ ժողովուրդներ:

Թուային դաշտի նենգ լռութիւնը եւ ճշմարիտ ապաւէնը

Պատգամին մէջ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի արդի թուային (digital) միջավայրին: Սրբազան Հայրը կը մատնանշէ, որ աղքատներու արդարութեան ձայնը յաճախ կը խեղդուի նուրբ ու նենգ մեքենայութիւններով: Համացանցային դաշտը յաճախ կը խորացնէ կանխակալ կարծիքները եւ աղքատներու դատին շուրջ կը հիւսէ անտարբերութեան հաստ պարիսպներ:

Այս անտարբերութեան դիմաց, Պապը կը յիշեցնէ, որ Աստուծոյ ապաւինիլը կը վերականգնէ մարդկային արժանապատուութիւնը: Աստուածային պաշտպանութիւնը այն ճշմարիտ ապահովութիւնն է, զոր «աշխարհի հզօրները չեն կրնար երաշխաւորել եւ կը նախընտրեն մերժել»:

Եկեղեցւոյ կոչը՝ ըլլալ աղքատ եւ ապաւէն աղքատներուն

Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ քրիստոնէական համայնքները՝ ինքնաքննութեան ենթարկելու իրենց խիղճը: Յղում կատարելով իր նախորդ հրատարակած «Dilexi te» (Սիրեցի զքեզ) Առաքելական շրջաբերականին, ան կը շեշտէ, որ Եկեղեցին, եթէ կ՝ուզէ Քրիստոսինը ըլլալ, պէտք է ըլլայ Երանութիւններու Եկեղեցի՝ տեղ բանալով փոքրերուն:

Ան հարց կու տայ հաւատացեալներուն.

Արդեօ՞ք նշան ենք այն Աստուծոյն, որ աղքատներուն ապաւէն է:

Կը հասնի՞նք հոն, ուր աղքատները կը գտնուին՝ փորձարկելով անոնց լուսանցկայնացումը:

Կը լսե՞նք անոնց մտածումները եւ կը բաժնե՞նք անոնց սպասումները:

Պապը կը պնդէ, որ երբ մենք մերձենանք կարիքաւորներուն, պիտի տեսնենք, որ «աղքատները իրենք իսկ կը դառնան ապաւէն ուրիշներու համար», որովհետեւ զրկանքի փորձառութիւնը զիրենք աւելի զգայուն կը դարձնէ համերաշխութեան հանդէպ:

Սուրբ Ֆրանիսկոսի օրինակը՝ գործնական մարգարէութիւն

Այս տարի կը լրանայ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիի մահուան 800-ամեակը: Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամը կը փակէ յիշեցնելով Ֆրանչիսկոսի պատմական քայլը, երբ ան Հռոմի մէջ իր հագուստները փոխանակեց մուրացկանի մը ցնցոտիներուն հետ եւ ամբողջ օրը անցուց անոնց հետ՝ հոգեկան մեծ ուրախութեամբ:

Քահանայապետը կոչ կ՝ընէ ժամանակակից աշխարհին՝ որդեգրելու նոյն ուրախութիւնը, մտնելու աղքատներու կաշիին մէջ եւ անոնց ունկնդիր ըլլալու, փոխանակ լոկ անոնց մասին տեսականօրէն խօսելու: Այս խոնարհութիւնն ու եղբայրութիւնն են միակ ուղիները, որոնք կրնան նորոգել բռնութեամբ ու գոռոզութեամբ վիրաւորուած ներկայ աշխարհը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

15/06/2026, 09:37